Տարբեր աշխարհամասերու մէջ գտնուող, իրարմէ հազարաւոր քիլոմեթրերով հեռու Եթովպիան եւ Հայաստանը կամրջուած են ոչ միայն հաւատքով, այլեւ երաժշտութեամբ: 40 հայ որբեր կազմած են Եթովպիոյ կայսերական փողային նուագախումբը, իսկ հայազգի Գէորգ Նալպանտեանն ալ հեղինակած է Եթովպիոյ պետական օրհներգը:
Չկայ աշխարհի մէջ անկիւն մը, ուր թէկուզ մէկ հայ չապրի, չկայ ոլորտ մը, որուն մէջ գոնէ մէկ հայ յաջողութեան հասած չըլլայ: Ինչպէս կ’ըսեն, այդ ամէնն, ի հարկէ, լաւ օրէն չէ եղած` ջարդ ու կոտորած, ցեղասպանութիւն, հայրենազրկում, ընտանիքի կորուստ:
Օտարի երկիր մազապուրծ հասած հայերը ստիպուած եղած են ամէն ինչ զերոյէն սկսելու: Ցեղասպանութենէն ետք Հայաստանի եւ տարբեր գաղթօճախներու մէջ հիմնուեցան որբանոցներ` ծնողներ կորսնցուցած, մեծ ու դաժան աշխարհի մէջ մինակ մնացած հայ որբերուն ժամանակաւոր տուն տալու համար: Արարատեան որբանոցը, որ սկզբնապէս Իրանի մէջ էր, այնուհետեւ Իրաքի, 1921-ին տեղափոխուեցաւ Երուսաղէմ` տուն դառնալով գրեթէ 900 հայ որբերու համար:
1924-ին եւրոպական ուղեւորութեան ընթացքին Եթովպիոյ վերջին կայսրը` Րաս Թաֆարի Մաքոննեն, (որ այդ ժամանակ դեռ պաշտօնապէս կայսր չէր, սակայն թագաժառանգն էր եւ երկրի փաստացի ղեկավարը) կը մեկնի Զուիցերիա` Ազգային լիկային մէջ Եթովպիան ներկայացնելու համար: Ճանապարհին կ’այցելէ նաեւ Երուսաղէմ, եւ Հայոց պատրիարքարան, ուր զինք կը դիմաւորէ Արարատեան որբանոցի 40-հոգինոց փողային նուագախումբը` «
Ֆանֆարի խումբը»: Մոռցայ ըսելու, որ մինչ այդ նախորդ տարի Երուսաղէմ այցելած էր Թաֆարի կայսրի կինը, որուն ճամբորդութեան ընթացքին կ’ուղեկցէր Եթովպիա բնակութիւն հաստատած հայազգի Արաքսին, թերեւս հէնց անոր առաջարկով Եթովպիոյ կայսրուհին կ’այցելէ հայկական թաղամաս, կը հիւրընկալուի Արարատեան որբանոցին մէջ:
Արաքսին յիշողութիւններուն մէջ կը պատմէ, թէ որքան յուզուած էր տիկինը մանուկներուն տեսնելով, անոնց պատմութիւնները լսելով, անգամ խոստացած էր առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային անոնց հիւրընկալել Եթովպիոյ մէջ: Հայ մանուկներով տպաւորուած կնոջ առաջարկով եւ խնդրանքով ալ կայսրն այս անգամ կ’այցելէ Երուսաղէմ: Երաժշտասէր փոքրիկներու կատարումն այնքան կը սիրէ կայսր Թաֆարին, որ ան կը դիմէ հայոց պատրիարք Եղիշէ Դուրեանին, ցանկութիւն յայտնելով որդեգրել փոքրիկներն ու իր հետ տանիլ Եթովպիա` խոստանալով հոգ տանիլ որբերուն մասին, անոնց ապահովելով սնունդով, կացարանով, անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով: Իսկ, քանի որ որբանոցին մէջ տեղի խնդիր կար, եւ սա հնարաւորութիւն էր, որպէսզի գոնէ այդ 40 որբերն ընտանեկան ջերմութիւն գտնէին, հայոց պատրիարքն ու որբանոցի ղեկավարութիւնը կը համաձայնին:
1924-ի սեպտեմբեր 6-ին հայ մանուկներն ու նուագախումբի ղեկավարը` Գէորգ Նալպանտեանը, (Գ. Նալպանտեանը հիմնած էր հայ որբերու փողային նուագախումբը, եւ հէնց անոր 2 տարի յետոյ կայսրը կը խնդրէ գրել Եթովպիոյ առաջին ազգային օրհներգը) արդէն Ատիս Ապեպայի մէջ էին: Ժամանման յաջորդ օրը կայսրը կ’ընդունէ երեխաներն ու անոնց կ’ըսէ. «Դուք իմ զաւակներս էք, որեւէ բանի համար մի անհանգստացէք, ես ձեր մասին հոգ կը տանիմ իմ զաւակներուս պէս»:
Այսպիսով, 40 հայ որբ կը ձեւաւորեն Եթովպիոյ կայսերական փողային նուագախումբը, որ կը կոչեն «Ապփա լիճօճէ» (ամհարերէնէն` Եթովպիոյ պետական լեզուէն թարգմանաբար կը նշանակէ «Քառասուն մանուկներ»):
1925-ին Ամանորի առիթով կազմակերպուած երեկոյթի ժամանակ «Ապփա լիճօճէ» - ը բարեգործական ելոյթ ունեցաւ` ամբողջ հասոյթը տրամադրելով ՀԲԸՄ որբանոցներու սաներուն: «Ձեր ցուցաբերած բացառիկ հաւատարմութիւնը երկրին նկատմամբ խորապէս յուզած է զիս: Ես հպարտ եմ, որ հայասէր եմ: Ատիկա մեր ընտանեկան մօտեցումն է. hայրս նոյնպէս հայասէր էր: Ես ձեզ կը սիրեմ ոչ միայն որպէս այս երկրի քաղաքացիներու, իմ ենթականերու, այլեւ անոր համար, որ հայերը միշտ ջերմ վերաբերած են Եթովպիային: Այսօր դուք լիովին կը ցուցաբերէք Ձեր ջերմութիւնը, ինչպէս յարիր է միեւնոյն ժողովուրդի զաւակներուն», - այսպիսին էր կայսրին դիրքորոշումը հայ մանուկներուն ու հայերուն հանդէպ:
1930-ի նոյեմբեր 2-ին` կայսրի թագադրման արարողութեան ժամանակ (կայսրը ստացաւ Հայլէ Սելասիէն պատուանունը) հէնց «Ապփա լիճօճէ» նուագախումբը կատարեց Եթովպիոյ ազգային օրհներգը:
Եթովպիացի եւ օտար երաժշտագէտներու կարծիքով` «Ապփա լիճօճէն» կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է առհասարակ Եթովպիոյ մէջ ազգային երաժշտութեան զարգացման, երաժշտական նոր ուղղութիւններու եւ մօտեցումներու ստեղծման համար
Յ. Գ. 1936-1941-ին, երբ ֆաշիստական Իտալիան նուաճեց Եթովպիա, նուագախումբը ցրուեցաւ: Պատերազմէն յետոյ թէ՛ Գէորգ Նալպանտեանը, թէ՛ նուագախումբի մասնակիցներու մեծ մասը շարունակեց իր երաժշտական գործունէութիւնը Եթովպիոյ մէջ, իսկ օրինակ, «Ապփա լիճօճէի» անդամներէն Կարապետ Հաքալմազեանը դեռ իտալացիներու գրաւման տարիներուն` 1928-ին, ղեկավարեց մայրաքաղաքի ոստիկանական նուագախումբը: