Լաուրա Սարգսեան, Sputnik Արմենիա
Փարիզը կարելի է պաշտել, Ֆրանսայով` հիանալ: Բայց սա այն պարագան է, երբ զբօսաշրջիկ ես ու ամէն ինչին վարդագոյն ակնոցով կը նայիս: Հեռաւոր 1990 թուականին խորհրդային Հայաստանէն մեկնած Նառա Նոյեանի համար Ֆրանսան «սառը ճանկլի» թուացած է: Աւելի ուշ Նոյեան դարձած է յայտնի երգչուհի, երգահան, դերասանուհի, ծանօթացած է Շառլ Ազնաւուրի հետ: Բայց ամէն ինչի մասին` հերթով: Նոյեանի հետ ծանօթացանք Երեւանի մէջ: Ան եկած է հայ–ֆրանսական գրական–երաժշտական երեկոյի մասնակցելու: «Առաջին անգամ Փարիզ գացի 1989 թուականին, երկրորդ անգամ` 1990 թուականի դեկտեմբեր 27-ին: Վերջին այցս որոշիչ եղաւ», - ըսաւ Նոյեան Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին:
Այնպէս եղաւ, որ ան Ֆրանսա յայտնուեցաւ հէնց Խորհրդային Միութեան տապալման պահուն ու դարձաւ մարդ` առանց անձնագրի, առանց քաղաքացիութեան, առանց հայրենիքի: Կ’ըսէ` կը փորձէր գոնէ ինչ-որ թուղթ ստանալ, որ Հայաստան վերադառնար, բայց չկրցաւ: Անոր խօսքով` Ֆրանսան հիանալի երկիր է, Փարիզը` հիասքանչ քաղաք, քանի դեռ զբօսաշրջիկ ես: Հայաստանի մէջ մեծցած մարդու համար, որ գիտէ` ինչ է հարեւանը, բարեկամութիւնը, ընկերութիւնը, ջերմութիւնը, բաւականին դժուար է նման երկրի մէջ ապրիլը:
«Ես ինկայ անտառի մէջ, ուր ամէն մէկն իր գլխուն տէրն է: Մեկնեցայ ջերմ երկրէ ու ինկայ սառը երկիր: Ինծի համար տարօրինակ էր, երբ հարեւանը հարեւանին չէր բարեւեր», -կը խոստովանի երգչուհին: Ցնցուած է հարեւանի հետ կապուած պատմութենէն: Հարեւանը մահացած է, բայց այդ մասին իմացած են միայն մէկ շաբաթ անց: Պատճառն ալ այն եղած է, որ միւս հարեւանը բարկացած է հեռուստացոյցի ձայնէն ու ոստիկանութիւն կանչած: Նոյեան կ’ըսէ` Փարիզ մեկնած էր վերադառնալու ակնկալիքով: Խորհրդային Միութեան մէջ անոր լուրջ աշխատանք կը սպասէր, արդէն հասցուցած էր նկարահանուիլ բեմադրիչ Ֆրունզէ Դովլաթեանի «Կարօտ» շարժանկարին մէջ, հրաւէր ստացած էր Քիեւէն: «Իսկ ես փաստօրէն բանտի մէջ յայտնուեցայ: Յաճախ ես ինծի կը հարցնէի` որուն պէտք եմ այստեղ` առանց ֆրանսերէնի իմացութեան: Ես իրատես մարդ եմ ու գիտեմ, որ պէտք է սարեր շրջել, եթէ կ’ուզես որեւէ բանի հասնիլ», - կ’ըսէ Նոյեան:
Երգչուհին կը նշէ, որ քաղաքացիութիւն չունեցող անձիք չէին կրնար հինգ տարի հեռանալ երկրէն. իրաւունք չունէին: Այդ կարգավիճակէն ազատելու եւ քաղաքացիութիւն ստանալու համար ան ամուսնացաւ իր ընկերոջ հետ: Մինչ սիրելի գործով զբաղուիլը Նոյեան ստիպուած էր թարգմանիչ աշխատելու դատարաններու ու ոստիկանական տեղամասերու մէջ: Ծանր պահերուն կ’օգնէր երաժշտութիւնը, որ միշտ անոր հետ էր: Հէնց երաժշտութիւնն ալ անոր ծանօթացուց Շառլ Ազնաւուրին: Ի սկզբանէ Նառան կ’երգէր ու ելոյթ կ’ունենար միայն հայերէն: Կը կարծէր, որ իր ֆրանսերէնը բաւականաչափ լաւ չէ Ազնաւուրի, Փիաֆի նման հսկաներու ստեղծագործութիւնները երգելու համար: Հինգերորդ ձայնասկաւառակին ձայնագրութենէն առաջ ան իր ստեղծագործութիւններէն որոշ բաներ ցոյց տուաւ ընկերներուն:
Այդ ձայնագրութիւններուն շարքին կային նաեւ Ազնաւուրի երգերը, որոնք ան բացառապէս «իրեն համար» ձայնագրած էր: Սակայն ընկերները պնդեցին, որ ատոնք ուղարկէ Ազնաւուրին: «Ես կ’ընդդիմանայի, կ’ըսէի, որ չեմ համարձակիր Ազնաւուր երգել: Սակայն աւելի ուշ երկու երգ ուղարկեցի, ատոնցմէ մէկը Hier Encore-ն էր», - ըսաւ Նոյեան:
Ազնաւուրը հաւանութիւն տուաւ, ան հաւնած էր, ու պայմանաւորուեցան, որ երբ Նոյեան ձայնագրէ ձայնասկաւառակը, ուր ներառուած պիտի ըլլայ Ազնաւուրի երգը, 5 օրինակ ուղարկէ շանսոնյէին: Ի դէպ, Ազնաւուրի Hier Encore երգը Նոյեանի կատարմամբ Youtube-ի մէջ մեծ տարածում ստացած է ու աւելի քան երեք միլիոն դիտում ունի: Մայեսթրոյի հետ հանդիպումը կայացած է 2016 թուականին․ Ազնաւուրը համերգ ունէր Պրիւքսէլի մէջ:
Ան հրաւիրած էր Նոյեանին որպէս VIP հիւր: «Ես ցնցուած էին, Ազնաւուրն ինք ինծի համերգի հրաւիրած էր: Մենք հանդիպեցանք, ես ներկայացայ: Ըսաւ, որ կը յիշէ ինծի ու հարցուց` հայերէն կը խօսի՞մ: Մենք միանգամէն հայերէնի անցանք», - ըսաւ Նոյեան: Նոյեան խնդրած է անոր ինքնագիրը իր նոր ձայնասկաւառակին վրայ: Իսկ Ազնաւուրը անորմէ ինքնագիր ուզած ու խնդրած է «չփչանալ ու նոյնքան ինքնատիպ մնալ»: Նոյեան կը կատակէ, որ հիմա կրնայ հանգիստ մահանալ, քանի որ իր մանկութեան գլխաւոր երազանքն իրականացած է: Այսօր երգչուհին նաեւ խօսքի մշակոյթ կը դասաւանդէ լրագրութեան եւրոպական հիմնարկին մէջ, մէկ խօսքով` ֆրանսացիներուն ֆրանսերէն կը սորվեցնէ: