00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:29
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:33
27 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
42 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
5 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:05
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:18
46 ր
Ուղիղ եթեր
Մամուլի տեսություն
10:39
17 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
12:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Հայոց ցեղասպանութեան թեման` սուրիական դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ

© Sputnik / Михаил Воскресенский / Անցնել մեդիապահոցСитуация в Алеппо
Ситуация в Алеппо - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Նորա Արիսեանի նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան թեման ներառուեցաւ Սուրիոյ պատմութեան դասագիրքերուն մԷջ։

ԵՐԵՒԱՆ, 15 ապրիլի-Sputnik. Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր, ցեղասպանագէտ, պատմաբան, դոկտոր Նորա Արիսեան դեռեւս 2017 թուականի փետրուար 21-ին եւ սեպտեմբեր 20-ին Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ գումարուած նիստերուն ժամանակ իր ելոյթներով պահանջած էր դպրոցական դասագիրքերուն մէջ ներառել Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ոճրագործութիւններու հետեւանքները Սուրիոյ մէջ, հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիական հասարակութեան բազմազանութեան մասին ներկայացնող հատուածներ:

Дети Дастакерта - Sputnik Արմենիա
Հայաստանի երեխաներուն մեծ մասը մանկապարտէզ չի յաճախեր. ԵՈՒՆԻՍԵՖ–ը մտահոգութիւն կը յայտնէ

Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, շարունակելով այս ուղղութեամբ աշխատանքները, Նորա Արիսեան նոյն պահանջով դիմած էր Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան «Ուսումնական ծրագիրներու վերամշակման ազգային կեդրոն»-ին: Մասնագէտներու հետ երկարատեւ նիստերէ եւ քննարկումներէ, ինչպէս նաեւ 2019 թուականին յունուար 31-ին պատմութեան դասագիրքերու վերամշակման առիթով տեղի ունեցած յատուկ ժողովին Հայոց ցեղասպանութեան թեման ներկայացնելէ յետոյ` կեդրոնը վաւերացուց 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական դասարաններու (պաքալորիա) պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ներառել Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացնող թեմաներ:

20-րդ դարասկիզբին հայերու դէմ գործադրուած ոճրագործութեան լոյսին տակ վերամշակուած դասագիրքի «Քաղաքական տեղաշարժեր» բաժինին մէջ կը յիշատակուի տարածաշրջանի փոքրամասնութիւններու դէմ թրքական Միութիւն եւ առաջադիմութիւն («Իթթիհատ վէ էլ թերաքքի») կուսակցութեան վարած կամայական քաղաքականութեան մասին, ինչպէս նաեւ 1915 թուականին գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնն ու հայ ժողովուրդի տարագրութիւնը դէպի Սուրիա:

Հայոց ցեղասպանութեան թեման սուրիական աղբիւրներու տեսանկիւնէն ներկայացնելու համար` գիրքին մէջ իբրեւ օրինակներ յիշատակուած են սուրիացի պատմաբան Մուհամմետ Քուրտ Ալիի վկայութիւնները:

«Քաղաքակրթական միասնութիւն» ենթագլխուն մէջ կ’ակնարկուի նաեւ Սուրիոյ մէջ հայերու մշակութային արժէքներու պահպանման խնդրին, ինչպէս նաեւ զանազան բնագաւառներու մէջ սուրիահայերու ներդրման մասին:

Այսպիսով, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Նորա Արիսեանի տարիներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ սուրիական դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ, պաքալորիայի պատմութեան դասագիրքերուն միջոցով պիտի դասաւանդուի Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Միւս կողմէն, աննախադէպ այս քայլով վերջապէս վաւերական եւ գիտական ձեւով Սուրիոյ մէջ աշակերտները պատմութեան դասաժամին կը տեղեկանան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

 

 

Լրահոս
0