ԵՐԵՒԱՆ, 11 ապրիլի — Sputnik. Վիճաբանութիւն մը տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու հայ համայնքի հետ հանդիպման ժամանակ, Սթրազպուրկի մէջ :
Ամէն ինչ սկսած է, երբ համայնքի ներկայացուցիչներէն մէկը երկար ու յամառօրէն փորձած է համոզել վարչապետը, որ ընտրակաշառքներու դէպքեր կ’ըլլան նաեւ հիմա` «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» յետոյ: Որպէս օրինակ ան բերած էր Հայաստանի գիւղերէն մէկուն մէջ վերջերս կայացած ընտրութիւնները:
Ի պատասխան անոր Փաշինեան առաջարկած է զինք Հայաստան գալ ու յայտնել ոստիկանութեան յանցագործութեան մասին:
«Բայց, եթէ յանկարծ պարզուի, որ այդ հաղորդագրութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան, ապա կրնան ձեզ նստեցնել», – ըսած է վարչապետը` դիմելով այդ տղամարդուն:
Բայց համայնքի ներկայացուցիչը չէր յանձնուիր ու կը շարունակէր ըսածը պնդել: Հանդիպման միւս մասնակիցները չախորժեցան նման յամառութենէ, քանի որ անոնք ալ կ’ուզէին Փաշինեանին հարց ուղղել:
Անոնք չէին լսեր ՀՀ վարչապետի պատասխաններն ու կը պոռային իրար վրայ: Հետաւաբար Փաշինեան ստիպուած էր ընդհատել իր ելոյթն ու հանգստացնել հաւաքուածները:
Ապրիլ 10–11 Փաշինեան աշխատանքային այցով Սթրազպուրկ կը գտնուի: Այնտեղ ան մասնակցած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանին: