00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Ինչպէս ռուսը յայտնուեցաւ Ամերիկայի մէջ եւ հասկցաւ, թէ ինչու հայերէնը պէտք է իրեն

© SputnikДмитрий Писаренко в США
Дмитрий Писаренко в США - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Sputnik Արմենիայի ղեկավար Տմիթրի Փիսարենքոն առաջին անգամ այցելած է ամերիկեան «հրեշտակներու քաղաք» ու պատմած տպաւորութիւններու եւ հայկական երազանքի մասին:

Տմիթրի Փիսարենքօ

Այն, որ Լոս Անճելըսի մէջ եւ, մասնաւորապէս, Կլենտէլի, կը զգաս  համարեայ  տան մէջ, շատոնց բոլորին յայտնի է: Բայց  բան մըն է ուրիշներու պատմածը, բոլորովին այլ բան, երբ կեանքին մէջ ամէն ինչ այսքան բնական կը ստացուի:

Սահմանն արտասահման չէ

Թռիչքի ամբողջ ընթացքին անգլերէն իմացող դստերս կը հարցնէի, թէ ինչպէս  պէտք է ճիշդ պատասխանել, եթէ ամերիկացի սահմանապահները սկսին մանրամասն հարցուփորձ ընել իմ ապրուստիս ու աշխատանքիս մասին: Ցաւօք, կրկնուսոյցի եւ ինքնուսոյցի օգնութեամբ այդ լեզուին տիրապետելու իմ բոլոր փորձերս անյաջողութեան մատնուած էին` ի տարբերութիւն, օրինակ, չեչեներէնի եւ տաճկերէնի, որոնց, լեզուային միջավայրին մէջ երկար մնալու շնորհիւ եւ Աստուծոյ օգնութեամբ, ես ժամանակին անգլերէնէն աւելի լաւ կը տիրապետէի: Բայց երկշաբաթեայ արձակուրդս հերթական անգամ  անդառնալիօրէն համոզեց զիս, որ արտերկրի մէջ կրնամ ձեւուվ մը  դիմանալ առանց չեչեներէնի, տաճկերէնի եւ նոյնիսկ անգլերէնի, բայց ահա առանց հայերէնի` ոչ մի կերպ:

Համահայկական խաղերի պատվիարկությունն այցելեց Գևորգ Չաուշի գերեզմանին - Sputnik Արմենիա
Չաուշի գերեզման, Մուշ, Անի, Կարս. Համահայկական խաղերու ջահը կը շրջի հինաւուրց քաղաքներով

Մենք կը մօտենայինք Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանի անձնագրային ստուգման կէտին, եւ ես ուշադիր կ’ուսումնասիրէի ամերիկացի սահմանապահները: Ակամայէն վստահութիւն ներշնչող եւ համակրելի դէմք կը փնտռէի: Հաճելի տղամարդ մը նկատեցի, որ տիպիկ հայու եւ վրացիի նման էր: Ներքուստ անմիջապէս ինչ-որ զգացողութիւն ունեցայ` մերոնցմէ է: Հէնց անոր ալ  մօտեցանք: Տեսնելով մեր կարմիր անձնագիրները` ան անգլերէն սովորական ողջոյնէն յետոյ ռուսերէնի անցաւ.

– Օ, Ռուսաստան: Բարի գալուստ, ուրկէ՞ ժամանած էք:

– Երեւանէն:

Բարձրացուց հայեացքը, իսկ ես անոր անուանաքարտին վրայ հայկական «յան» վերջաւորութեամբ ազգանունը կարդալէ յետոյ վստահ անցայ մեր կարճատեւ զրոյցի ընթացքին արդէն երրորդ լեզուին: Հայերէն բացատրեցի, որ ծնունդով հայաստանէն եմ, սակայն աշխատանքի բերումով երկար ժամանակով Ռուսաստան տեղափոխուած եմ, իսկ  քանի մը տարի առաջ, կրկին աշխատանքի բերումով` Երեւան:

– Ինչո՞վ կը զբաղուիք – հարցուց ան կենցաղային հետաքրքրասիրութեան տիպիկ երեւանեան առոգանութեամբ:

– Լրագրող եմ, Երեւանի մէջ խոշոր ռուսական տեղեկատուական գործակալութիւն կը ներկայացնեմ:

Мольфетта, город Италии - Sputnik Արմենիա
Հայկական երաժշտութիւնը տարբեր մշակոյթներու ներկայացուցիչները կը միաւորէ. տեսանիւթ

Եւ այստեղ անհաւանական  բան մը տեղի ունեցաւ, որ կը կոտրէ անծանօթ երկրի մէջ անձնագրային ստուգում անցնող ուղեւորի գիտակցութեան բոլոր կարծրատիպերը: Սահմանապահը նշեց ինծի հարազատ մարդու մը  անուն-ազգանունն ու հարցուց` կը ճանչնաք՞ անոր:

- Ինչպէ՜ս չեմ ճանչնար: Ախր, հէնց ինքն է, որ մասնագիտութեան ուղեգիր տուած է ինծի: Ան իմ լրագրողական կնքահայրն է,- հիացած պատասխանեցի ես:

-Ինք  իմ փեսան է: Քրոջս ամուսինը, – անկեղծօրէն շարունակեց սահմանապահը:

Մենք հասցուցինք եւս  քանի մը նորութիւն փոխանակել ընդհանուր ծանօթներու կեանքէն եւ իրար ամենայն բարին մաղթեցինք: Չեմ զարմանար, եթէ  օր մը անոր հանդիպիմ նաեւ Երեւանի մէջ:

Լեզուն Կլենտէլ ալ կը հասցնէ

Եթէ կ’ըսեն, որ լեզուն Քիեւ ալ կը հասցնէ, ապա Լոս Անճելըսի օդակայանէն կը հասցնէ ուր ըսես: Թաքսի վարորդները  այստեղ գերազանցապէս մեր մարդիկն են: Իսկ եթէ նոյնիսկ մերը չեն, հայերէն կրնան արտայայտուիլ:

Հայերն այստեղ ամէնուր են: Նոյնիսկ գերեզմանատան մէջ:  Գերեզմանատունը շատրուաններով այգի է: Հանգուցեալի մասին տեղեկութիւններ յայտնող ցուցանակները խրուած են խնամուած սիզամարգերու մէջ: Մէկուն մօտ սեւազգեստ կին  կանգնած է: Կը ցաւակցինք: Ի պատասխան ան իսկական հայկական դրուագաշար կը պատմէ այն մասին, թէ ինչպէս հարսը թունաւորեց որդին:

Мама героя Апрельской войны Баграта Алексаняна Нарине Асрян - Sputnik Արմենիա
Կը խնդրեմ, այնպէս ընես` մայրս չլայ. ապրիլեանի տղաներէն Բագրատ Ալեքսանեանի վերջին տողերը

-Չկրցան ընդհանուր լեզու գտնել, – փիլիսոփայօրէն կ’եզրափակէ ան:

Հայերէնն այստեղ կը հնչէ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան եթերով: Տեղի հեռուստաալիքներէն մէկուն (որուն ղեկավարները մանկութեան ընկերներս են) խմբագրութեան ճանապարհին անոնց որդին հեռախօսով քեապապ ու խորոված կը պատուիրէ: Բարձրախօսով կը լսեմ, որ անոր արցախեան բարբառով կը պատասխանեն: Կը պարզուի, որ արցախցի այդ ընտանիքը միսը շատ համեղ կը պատրաստէ, բայց թանկ:

-Սկիզբը ես անոնց լեզուն ընդհանրապէս չէի հասկնար, թէեւ հայերէն է: Այստեղ  ծնած եմ, հայերու մէջ: Արցախ երբեք չեմ այցելած, բայց հիմա եթէ յայտնուիմ այնտեղ, կը կարենամ արտայայտուիլ, – կը  ժպտի մեր ուղեկցորդը:

Եւ ասոնք դեռ բոլոր տպաւորութիւնները չէին: Արցախեան բարբառն Արցախէն հեռու սորվիլը դժուար չէ, եթէ զրուցակից կայ:

Висячий ресторан - Sputnik Արմենիա
Նախաճաշ կամ ընթրիք ամպերու ներքոյ. Երեւանի մէջ կը բացուի 1-ին կախովի ճաշարանը.լուսանկարներ

Անակնկալ էր մեքսիքացի անվտանգութեան աշխատակիցի շրթունքներէն մաքուր արեւմտահայերէնով «բարի գիշեր» մաղթելը` Ուոլթ Տիսնէի  ֆիլմերու արուեստանոցի ուշ այցի ժամանակ:

-Անգլերէն այստեղ կրնաս եւ չիմանալ, բայց առանց հայերէնի չես կրնար,– այսպէս արձագանքեց մեզի ուղեկցող յայտնի գործարկուն Ռոպերթ (Ռուպոշ) Խաչատրեան: Իսկ ես ինծի համար Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէլի մէջ որոշակի նմանութիւն գտայ Կրոզնիի եւ Տուշանպէի հետ. այնտեղ բոլորն ինծի կը հասկնային, երբ կը խօսէի ռուսերէն, իսկ այստեղ կը հասկնան, երբ կը խօսիմ հայերէն:

Լրահոս
0