00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Նախաճաշ կամ ընթրիք ամպերու ներքոյ. Երեւանի մէջ կը բացուի 1-ին կախովի ճաշարանը.լուսանկարներ

© AFP 2024 / Franklin ReyesВисячий ресторан
Висячий ресторан - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Սուր զգացողութիւններու սիրահարները եւ անոնք, որոնք շատոնց կ’երազէին անսովոր ընթրիքի կամ նախաճաշի մասին, կրնան այլեւս արկածներ չորոնել արտասահման երթալով: Հայաստանի մէջ կը բացուի առաջին կախովի ճաշարանը:

Լաուրա Սարգսեան, Sputnik Արմենիա

Գաւաթ մը անուշաբոյր սուրճ` ֆրանսական թխուածքով, Արարատ լերան տեսարանով, եւ այդ ամէնը երկնքի մէջ` 55 մեթր բարձրութեան վրայ. սա արդէն իրականութիւն է: Հայաստանի մէջ յունիս 20–էն կը սկսի գործել առաջին կախովի ճաշարանը:

Նման ճաշարան բանալու գաղափարը յառաջացած է երկու տարի առաջ: Այդ մասին Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ Dine Sky Armenia–ի  գիծով տնօրէն Վիքթորիա Մաթեւոսեան:

© Sputnik / Aram NersesyanՀայաստանի մէջ յունիս 20–էն կը սկսի գործել առաջին կախովի ճաշարանը
Նախաճաշ կամ ընթրիք ամպերու ներքոյ. Երեւանի մէջ կը բացուի 1-ին կախովի ճաշարանը.լուսանկարներ - Sputnik Արմենիա
Հայաստանի մէջ յունիս 20–էն կը սկսի գործել առաջին կախովի ճաշարանը

«Ասիկա բոլորովին նոր ճաշարանային հարթակ է: Այցելուները կրնան նախաճաշել, ընթրել կամ ճաշել 55 մեթր բարձրութեան վրայ: Միաժամանակ, հիանալի տեսարան կը բացուի քաղաքին վրայ: Մուտքը տոմսերով է, անհրաժեշտ է նախօրօք ամրագրել», – ըսաւ Մաթեւոսեան:

Տոմսի արժէքին մէջ ներառուած են ուտելիքն ու ոչ ալքոհոլային խմիչքը: Նախատեսուած է օդին մէջ անցնել մէկուկէս ժամ: Ճաշարանին մէջ 22 նստատեղ կայ, աթոռները գերամուր են եւ կը պտըտին  իրենց առանցքին շուրջ: Մէկ աթոռը կրնայ դիմանալ մինչեւ 140 քկ ծանրութեան: Երեխաները նոյնպէս կրնան այցելել ճաշարան, սակայն անոնց հասակը պէտք է առնուազն 140 սմ ըլլայ: Կախովի ճաշարան չեն կրնար երթալ յղի կանայք:

© Sputnik / Aram NersesyanՀայաստանի մէջ յունիս 20–էն կը սկսի գործել առաջին կախովի ճաշարանը
Նախաճաշ կամ ընթրիք ամպերու ներքոյ. Երեւանի մէջ կը բացուի 1-ին կախովի ճաշարանը.լուսանկարներ - Sputnik Արմենիա
Հայաստանի մէջ յունիս 20–էն կը սկսի գործել առաջին կախովի ճաշարանը

Վերգետնեայ ճաշարանի այցելուներուն պիտի սպասարկեն երեք մատուցողներ: Մաթեւոսեան կ’ընդգծէ, որ ցանկացողները կրնան ռոմանթիկ ընթրիք կազմակերպել, ծննդեան օր նշել: Ճաշացանկին մէջ   քանի մը տեսակ տաք ճաշատեսակ, աղցաններ եւ աղանդերներ կան:

«Այցելուներն իրենք  ցուցակէն կ’ընտրեն, թէ ինչ կ’ուզեն ուտել: Հորթի միսով, հաւի միսով ճաշատեսակներ, տարատեսակ աղցաններ, չիզքէյք եւ  շարք մը աղանդերներ ունինք: Առաւօտեան կը մատուցենք աղցան, քրուասան` տարբեր մրգային միջուկներով, սուրճ, թէյ», – ըսաւ Մաթեւոսեան:

© Sputnik / Aram NersesyanՀայաստանի մէջ յունիս 20–էն կը սկսի գործել առաջին կախովի ճաշարանը
Նախաճաշ կամ ընթրիք ամպերու ներքոյ. Երեւանի մէջ կը բացուի 1-ին կախովի ճաշարանը.լուսանկարներ - Sputnik Արմենիա
Հայաստանի մէջ յունիս 20–էն կը սկսի գործել առաջին կախովի ճաշարանը

Ան նշեց, որ առանց նախօրօք պատուիրելու անհնար է երթալ եւ դառնալ հաստատութեան այցելու: Պատուիրելէ յետոյ պէտք է նշուած ժամէն կէս ժամ շուտ երթալ: Ճաշարանի աշխատակիցները հրահանգներ կու տան այցելուներուն, կը ծանօթացնեն անվտանգութեան կանոններուն եւ միայն յետոյ կ’ուղեկցին ճաշարան:

Գիշերը հիասքանչ տեսարան կը բացուի, տպաւորիչ է նաեւ հարթակը, որ կը լուսաւորուի ներսէն: Կախովի ճաշարանի հիմնադիրները կ’երաշխաւորեն 100 տոկոս անվտանգութիւն:

© Sputnik / Aram NersesyanՀայաստանի մէջ յունիս 20–էն կը սկսի գործել առաջին կախովի ճաշարանը
Նախաճաշ կամ ընթրիք ամպերու ներքոյ. Երեւանի մէջ կը բացուի 1-ին կախովի ճաշարանը.լուսանկարներ - Sputnik Արմենիա
Հայաստանի մէջ յունիս 20–էն կը սկսի գործել առաջին կախովի ճաշարանը

«Մինչեւ թոյլտուութիւն  ստանալը, փորձարկումներէ  անցած ենք քանի մը միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ: Մեր կռունկավարը վեց ամիս շարունակ վերապատրաստուած է ԱՄԷ–ի մէջ», – ըսաւ Մաթեւոսեան:

Անոր խօսքով` ճաշարանը եղանակի հետ կապ չունի: Այն պիտի գործէ նաեւ ձմեռը, սակայն քանի մը ամիս անց պարզ կը դառնայ, թէ ինչ ձեւաչափով:

Տուեալ պահուն մասնագէտներու խումբ մը կ’աշխատի հարթակին վրայ եւ բոլոր անհրաժեշտ աշխատանքները կը կատարէ գործարկման համար:

Լրահոս
0