ԵՐԵՒԱՆ, 14 յունիսի — Sputnik. Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնն Արեւմտեան Հայաստանի այցի ընթացքին այցելած է նաեւ Մուշ եւ Անի քաղաքներ:
Մուշի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամներն այցելած են հայ ազգային-ազատագրական շարժման հերոս, ֆիտայի Գէորգ Չաուշի գերեզման, Մուսա լերան վառուած համահայկական ամառնային 7–րդ խաղերու ջահը հասցուցած են հայ ֆիտայապետին, ստացած անոր օրհնութիւնը ու ծաղիկներ խոնարհած անոր շիրիմին:
Պատուիրակութիւնը ընդունած է Մուշի քաղաքապետ Ֆէյաթ Ասեան:
«Շատ ուրախ ենք ձեր այցի համար, մեր աչքին վրայ տեղ ունիք: Չնայած այսօր մեզի համար տօն է, բայց ձեզ հետ հանդիպելն աւելի կարեւոր է, եւ ես չէի կրնար այդ առիթը փախցնել»,- ըսած է ան:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան նշած է, որ Մուշը մեզի համար շատ հարազատ քաղաք է: Ան Մուշի քաղաքապետին յանձնած է Երեւանի մէջ համահայկական խաղերու ձեռնարկներուն մասնակցելու պաշտօնական հրաւէրը եւ հայ վարպետներու ձեռքով պատրաստուած խորհրդանշական նուէրը:
Մշոյ դաշտէն Կարս գացող ճանապարհին պատուիրակութեան անդամները Սուլուխի կամուրջէն վարդեր նետած են Արածանի գետ` յարգանքի տուրք մատուցելով Գէորգ Չաուշի եւ անոր զինակիցներու յիշատակին:
Անին` Հայոց հինաւուրց մայրաքաղաքը, գրկաբաց եւ սիրով ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը:
Հայոց Բագրատունիներու հինաւուրց մայրաքաղաքն` իր հզօր պարիսպներով, փառաւոր անցեալով, նոր շունչ ու հոգի տուաւ պատուիրակութեան անդամներուն, որոնք մեր հպարտութեան եւ յաղթանակներու մայրաքաղաք Ստեփանակերտ պէտք է հասցնեն համահայկական խաղերու ջահը:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի փոխնախագահ Ալպէր Պոյաճեանի խօսքով`նաեւ մարզանքի միջոցով կը համախմբուին Սփիւռքը, Հայաստանը եւ Արցախը:
Հայկական հինաւուրց Կարսի ամրոցէն ներքեւ հին հայկական թաղամաս կայ, որմէ աննկարագրելի հայկականութիւն կը յորդի:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնն ընդունեցին Կարսի քաղաքապետները:
Իշխան Զաքարեան առաջարկեց Երեւան, Վան, Գիւմրի, Կարս քաղաքները դարձնել համահայկական յաջորդ խաղերու իրականացման կեդրոններ ու աշխատանք կատարել այդ ուղղութեամբ: Քաղաքապետները ողջունեցին առաջարկը` պատրաստ ըլլալով քննարկել մանրամասներն արդէն Երեւանի մէջ: Կողմերն անդրադարձան նաեւ մշակութային կապերուն:
Համահայկական եօթերորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան օգոստոս 5-17: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: