00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Հալէպի հայերը կը վերադառնան խաղաղ կեանքին. ՀՀ դեսպանը` Սուրիոյ իրավիճակի մասին

© Photo : NewsTeam / Անցնել մեդիապահոցСитуация в Алеппо
Ситуация в Алеппо - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը քանի մը օր առաջ աշխատանքային այցով մեկնած է Հալէպ, հանդիպած հայկական մարդասիրական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

ԵՐԵՒԱՆ, 11 մարտի — Sputnik, Աշոտ Սաֆարեան. Հայ մասնագէտները Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ականազերծում կþիրականացնեն բացառապէս այն տարածքներուն մէջ, որոնք հեռու են մարտական գործողութիւններէն: Հայկական առաքելութեան միակ խնդիրն է օգնել բնակիչներուն վերադառնալու խաղաղ կեանքի: Այդ մասին Sputnik Արմենիայի հետ հարցազրոյցին ըսաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Գէորգեան:

Гарегин Макинян и Инга Русиду (Русова), владельцы семейного бизнеса в городе Ванадзор - Sputnik Արմենիա
Յունական «համով», հայկական ոգիով. ինչպէս վանաձորցի ընտանիքը հրուշակարան բացաւ

Յիշեցնենք, որ փետրուար 8–ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ 83 հոգիէ բաղկացած մասնագէտներու խումբ մը Հայաստանէն մեկնած է Սուրիա: Խումբի կազմին մէջ ներգրաւուած են մարդասիրական ականազերծման մասնագէտներ, բժշկական անձնակազմ եւ մասնագէտներու անվտանգութիւնն ապահովող զօրախումբ:

Դեսպանը պատմեց, որ հայ բժիշկները հիմա կþաշխատին Հալէպի կեդրոնական հիւանդանոցին մէջ, անոնցմէ քանի մը հոգի յառաջիկայ օրերուն աշխատանքի կþանցնին Հալէպի համալսարանական հիւանդանոցին մէջ: Հայ բժիշկները կը ցուցաբերեն խորհրդատուական եւ վիրաբուժական օգնութիւն:

Գէորգեան քանի մը օր առաջ աշխատանքային այցով մեկնած է Հալէպ, այնտեղ ան հանդիպած մարդասիրական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն հետ, այցելած առաքելութեան կեդրոնակայան: Անոնց աշխատանքային պայմանները լաւ են, ամբողջ նիւթատեխնիկական օգնութիւնը կը տրամադրէ ռուսական կողմը: Ռուսերը նաեւ փոխադրութեան միջոցներ տրամադրած են: Ականազերծման ենթակայ տարածքները կը նշեն սուրիացի զինուորականները: Հայ մասնագէտները կþաշխատին բաւական մեծ տարածքի մէջ խաղաղ բնակչութեան կողքին:

Անդրադառնալով երկրին մէջ ճգնաժամի վերջնական կարգաւորման հեռանկարներուն` Գէորգեան նշեց, որ վերջին երկու տարուան ընթացքին սուրիական կառավարական բանակը եւ օժանդակ ուժերը կրցած են իրենց վերահսկողութեան տակ վերցնել երկրի տարածքի մօտ 80 տոկոսը:

Традиционная армянская свадьба в музее-заповеднике «Звартноц» привлекла и туристов - Sputnik Արմենիա
Հարսանիքներ քոչարիի, թէ՞ թրքականի տակ. «ռապիզ»-ը կը ստուերէ հին հայկական աւանդոյթները

«Ի հարկէ, Սուրիոյ մէջ կը պահպանուին քաղաքական լարուածութեան եւ մարտական գործողութիւններու որոշ տարրեր: Ինչպէս յայտնի է, առանցքային խնդիր է Իտլիպ նահանգին մէջ տիրող իրավիճակը», – աւելցուց ան:

Եթէ Ռուսաստանը, Իրանն ու Թուրքիան յաջողին հասնիլ Իտլիպի ապառազմականացման, ապա ատիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ մօտ երեք միլիոն մարդու վերադառնալ խաղաղ կեանքի:

Կը կարգաւորուի նաեւ հայ համայնքին կեանքը: Ճիշդ է, պատերազմի տարիներուն համայնքը զգալիօրէն նօսրացած է. միայն Հայաստան ժամանած են մօտ 30 հազար հայրենակիցներ, անոնցմէ մօտ 10 հազարն այնուհետեւ տեղափոխուած է արեւմտեան երկիրներ, առաւելապէս ԱՄՆ եւ Գանատա:

Սուրիոյ հայերու հիմնական մասն աւանդաբար կեդրոնացած եղած է Հալէպի մէջ: Մարտական գործողութիւններու արդիւնքով անոնցմէ շատերը դարձած են վերաբնակիչներ` տեղափոխուելով Թարթուս, Լաթաքիա եւ այլ աւելի անվտանգ շրջաններ: Ինչպէս նշեց դիւանագէտը, հիմա անոնք աստիճանաբար կը վերադառնան տուն`Հալէպ:

Անոր խօսքով` վերջին շրջանին լուծուած է ելեկտրականութեան եւ ընկերային բնոյթի շարք մը խնդիրներ: Սակայն վերադարձած հայերու ստոյգ թիւ նշելը դժուար է, եւ չի կարելի ըսել, որ վերադարձի գործընթացը զանգուածային բնոյթ կը կրէ: Դեսպանը նշեց, որ սուրիահայերուն մեծ մասը, որ այդ տարիներուն տեղափոխուած է պատմական հայրենիք, կարճ ժամանակուան մէջ ընդելուզուած եւ յարմարած է կեանքի նոր պայմաններուն:

Լրահոս
0