00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:28
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:37
23 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
10:04
36 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
5 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:05
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:22
3 ր
Ուղիղ եթեր
09:25
34 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
10:04
38 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Հարսանիքներ քոչարիի, թէ՞ թրքականի տակ. «ռապիզ»-ը կը ստուերէ հին հայկական աւանդոյթները

© Sputnik / Karen YepremyanТрадиционная армянская свадьба в музее-заповеднике «Звартноц» привлекла и туристов
Традиционная армянская свадьба в музее-заповеднике «Звартноц» привлекла и туристов - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Sputnik Արմենիայի թղթակիցը կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչու ժամանակակից Հայաստանի մէջ որոշ արհեստավարժ երաժիշտներ, որոնք բազմահազարանոց դահլիճներ կը լեցնեն ու գիտեն, որ ազդեցութիւն ունին երիտասարդ սերունդի ճաշակին վրայ, դեռ կը տարածեն նախկին Օսմանեան կայսրութեան մշակոյթը:

Գէորգի Մուրատեան, Sputnik Արմենիա

Հազարամեայ երաժշտական աւանդոյթներ, հինգերորդ դարով թուագրուող եկեղեցական շարականներ, միջնադարեան սեփական նոտաներ` խազեր, ութերորդ դարէն հասած երաժշտական փաստաթուղթ` նոտաներու տեսքով, որ դեռ այն ժամանակներուն գրուած է: Որեւէ այլ երկրի համար այս գանձերը կը ծառայեն ոչ միայն հնագոյն երաժշտական աւանդոյթներ ունեցող ազգի հեղինակութեան ձեւաւորման, այլեւ իւրօրինակ ձեռնարկ են` ինչպէս ստեղծել ուղղութիւններ, որոնցմով պիտի կողմնորոշուին ԱՄՆ–ի կամ Մեծ Բրիտանիոյ նման գերտէրութիւնները:

Որ նման յայտարարութիւնները չափազանցութիւն չթուին, կարելի է Ճամայքայի օրինակը բերել: Երկիր, որ եւ՛ տարածքով, եւ՛ ազգաբնակչութեամբ, եւ՛ շատ այլ չափանիշներով կը զիջէ Հայաստանին, նուիրած է աշխարհին ռեկկիի ժանրը, որ բաժնուած է հարիւրաւոր ենթաժանրերու ու զգալիօրէն ազդած է հիփ հոփի վրայ, որ այսօր աշխարհի ամենատարածուած ժանրերէն է:

Շուէտը նուիրած է աշխարհին Եւրոտենսը, Քուպան` Սալսան, Իսլանտան, որուն բնակչութիւնը քանակով հաւասար է Երեւանի երեք թաղամասի բնակչութեան, նուիրած է Օուլաֆիւր Արնալտսը, Sigur Ros խումբն ու Պեորքը: Երգչուհի ու երգահան Պեորքի արուեստն ինքնին կարելի է երաժշտական առանձին ժանր համարել, առանց որուն անհնար կ՚ըլլար պատկերացնել շարք մը ժամանակակից արուեստագէտներու յայտնուիլը` սկսած Grimes–էն մինչեւ FKA Twigs:

Փորձելով յիշել` հայերէն ով վերջերս երաժշտութեան ոլորտին մէջ «մեծ աղմուկ ըրած է», ակամայ չես գիտեր ինչու առաջին հերթին միտքս կու գայ Սպիտակցի Հայկոյի «Մի գնան»: Երգ մը, որ երաժշտական առումով որեւէ կապ չունի հազարամեայ այն աւանդոյթներուն հետ, որոնց մասին արդէն խօսեցանք:

Մաեստրօ Տիգրան Մանսուրեան կը կարծէ, որ լեզուի հնչիւնակազմութիւնը ահռելի ազդեցութիւն ունի այն բանին վրայ, թէ ինչպէս կը հնչէ ժողովրդական երաժշտութիւնը: Եթէ համարենք, որ «Մի գնան» իր մէջ հայկական երաժշտութենէն որեւէ տարր ունի, ապա կը ստացուի, որ հայերէնը հնչողութեամբ ոչ մէկ բանով կը տարբերի թրքերէնէն:

Հայերու բացարձակ մեծամասնութեան նման յայտարարութիւն մը ծիծաղելի կը թուի, սակայն հայերու բաւականին մեծ մասին համար նաեւ ծիծաղելի կը թուի հերքել, որ ռապիզը հայկական ժողովրդական երաժշտութենէն մաս մըն է:

Ռապիզն ու հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը հակադրող մարդոցմէ շատերը հակուած են ամէն ինչի մէջ մեղադրել ԽՍՀՄ–ին` մշակութային քաղաքականութեան մէջ իր միջազգայինով, իբր, նոյնիսկ հասկացութիւնը (РАБочее ИСкусство) իր մէջ համայնավարական գաղափարախօսութիւն կը կրէ: Սակայն ամէն ինչ այդքան ալ պարզ չէ: Ահա, օրինակ, ինչպէս կ՚երգէին հայ սփիւռքի ներկայացուցիչներ Սոնիա Կարկաչն ու մսյէ Պապոյեանն ու Աբգարը քսաներորդ դարու երկրորդ կէսին Ֆրանսայի մէջ:

Տեղ–տեղ երաժշտութիւնը աւելի նման է հայկական ժողովրդական երաժշտութեան, քան այն, ինչ ստեղծուած է Հայկական ԽՍՀ–ի մէջ ռապիզի հիմնադիրներուն կողմէ: Բոլոր այս երաժիշտները փախած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութենէն: Մասնագիտական կրթութիւն չունեցող այս մարդիկ, որոնք ճակատագրի բերումով գաղթական դարձած էին ու կը փորձէին հնարաւոր բոլոր միջոցներով հացի գումար վաստակել, քանի որ այն ժամանակ Եւրոպայի մէջ դեռ նորաձեւ էր արեւելեան ազդեցութիւնը իր պորտապարով, նարգիլէներով, թռչող գորգերով ու այլ աւելորդութիւններով:

Ինչու՞ ժամանակակից Հայաստանի մէջ որոշ երաժիշտներ, որոնք երաժշտանոցի վկայականներ ունին, որոնք բազմահազարանոց դահլիճներ կը հաւաքեն ու կը գիտակցին, որ ազդեցութիւն ունին երիտասարդ սերունդի ճաշակին վրայ, դեռ կը տարածեն նախկին Օսմանեան կայսրութեան մշակոյթը: Միթէ՞ իսլամական լուծի տակ ապրած քանի մը դարն այդքան ամուր հաստատուած են ժողովուրդի երաժշտական տեսակին վրայ:

Այդ հարցին պատասխանելու համար պէտք է նայիլ` ինչպէս զարգացած է այլ երկիրներու երաժշտութիւնը, որոնք գրեթէ կէս հազարամեակ նոյնպէս գտնուած են այդ հսկայական կայսրութեան կազմին մէջ: Որոշ հայ արուեստագէտներ, կարծես կ ՚ամչնան իրենց երաժշտութիւնը թրքականի հետ համեմատելէ ու կ՚անուանեն իրենց երգերը «պալքանեան», «ռումանական», կամ «պուլկարական», ինչպէս օրինակ, Լիլիթ Յովհաննիսեանը:

Իրենք` պուլկարացիներն այս երաժշտութիւնը կ՚անուանեն թրքական ծագում ունեցող «չալղա» (նուագարան է), կը համարեն այն անկումային ու իսկական պուլկարական ժողովրդական երաժշտութեան հետ որեւէ կապ չունեցող: «Չալղա»-ի սիրահարները կը նախընտրեն «փոփ ֆոլք» եզրը ու բոլոր նախատինքներուն կը պատասխանեմ. «իսկ հարսանիքի ժամանակ ինչի՞ տակ պիտի պարես»: Ծանօթ հարց է, չէ՞:

Թուրպօ ֆոլքը Հարաւսլաւիոյ նախկին հանրապետութիւններուն մէջ, Մանելէն Ռումանիոյ, Տալաւան Ալմապանիոյ, Լաիքան Յունաստանի մէջ... Բոլոր այդ ժանրերն արդէն տասնեակ տարիներ է կը ջղայնացնեն Պալքաններու բնակչութեան յառաջադէմ հատուածը, քննադատական յօդուածներ կը գրեն, ատոնք կը ծաղրեն երգերն ու այդ մշակոյթին դէմ բողոքի երթեր կ՛ընեն: Սակայն արուեստագէտները կը շարունակեն երգեր գրել ու համերգներ տալ, այնպէս, ինչպէս սորված են, իսկ Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակած իրենց նախնիները նոյնպէս վարժուած են լսելու թրքերէն երաժշտութիւնը, որ յարմարեցուած է այդ լեզուի հնչողութեան:

Վերադառնանք Հայաստան: Տեղական «թուրպօ–ֆոլք»-ն ու ռապիզը, ի տարբերութիւն Պալքանեան թերակղզիին, Օսմանեան կայսրութենէն բացի այլ երկիրներու ազդեցութիւնն ալ կրած է, օրինակ, Իրանի. նաեւ թրքալեզու ժողովուրդներու աւանդոյթներու: Իրանն իր հերթին արաբական արշաւանքներէ յետոյ արաբերէնի ու արաբական երաժշտութեան ազդեցութեան ենթարկուած է:

Ըստ էութեան, ատիկա բան չի փոխեր: Ռապիզը հիմնականին մէջ կը ջղայնացնէ բնակչութեան կրթուած հատուածը, իսկ հիմնականին մէջ կը նախընտրեն անոնք, որոնք կ՚օգտագործեն «մայլա» բառը` հայկական «բակի» փոխարէն, «քեարը»` հայերէն «օգուտի» փոխարէն:

Երգչուհի Զապէլ Փանոսեանը, ինչպէս Սոնիա Քոչիյեանը, ստիպուած եղած է գաղթական դառնալ: 1896 թուականին, փախչելով համիտեան ջարդերէն, գաղթած է ԱՄՆ: Սակայն, ի տարբերութիւն Սոնիա Քոչիյեանի, Զապէլը երաժշտական կրթութիւն ստացած էր ու կ ՚երգէր Պոսթընի օփերայի թատրոնին մէջ: Լսելով 1919 թուականին Նիւ Եորքի մէջ ձայնագրուած «Կռունկ»-ի հազուադէպ տարբերակներէն մէկը կը հասկնաս` որքան ուժեղ էր երգչուհիին ազգային ինքնութիւնը, որ այն տարիներուն որեւէ կերպ հնարաւոր չէր ունենալ առանց Կոմիտասի, Արմէն Տիգրանեանի կամ Տիգրան Չուխաջեանի աշխատանքներու իմացութեան, քանի որ այն ժամանակ համացանց չկար, գրամաձայններն ու պատեֆոնները բաւականին թանկ հաճոյք էին Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան մեծ մասին համար:

Այսօր կան բոլոր այդ հնարաւորութիւնները, սակայն չկայ կրթութիւն, որ կրնար երիտասարդներուն մօտ յստակ ազգային ինքնագիտակցութիւն ձեւաւորել: Կ՚ուզեմ հաւատալ, որ ապագային այն կը յայտնուի, ու System Of A Down–ի տեսակի արուեստագէտներ կը յայտնուին բուն Հայաստանի մէջ, ոչ թէ ատոր սահմաններէն դուրս, ու ռապիզին փոխարինելու կու գայ ժանր մը, որ Ճամայքայի ռեկկի պէս կը զարմացնէ ամբողջ աշխարհն իր իւրօրինակութեամբ, քանի որ պատահական չէ, որ ֆրանսացի երաժշտագէտ Լուի Լալուան Կոմիտաս լսելուն ըսած է «...Այս երգերուն մէջ արեւ կը շողայ, բայց սա ամենեւին արաբական ու պարսկական անապատներու շոգ արեւը չէ…»:

Լրահոս
0