Ին՞չ է երջանկութեան համար անհրաժեշտ հայուն կամ յոյնին: Նոյնը, ինչ բոլորին: Քիչ մը հաց, քիչ մը աղ իրենց համար եւ շատ քաղցրաւենիք ուրիշներու համար: Վանաձորցի Գարեգին Մակինեանն ու Ինկա Ռուսիտուն գիտեն այդ մասին:
Գարեգինը բնիկ լոռեցի է, Պոնտոսի յոյն Ինկան` նոյնպէս: Յոյները այստեղ միշտ իւրայատուկ եղած են: Գարեգինն ու Ինկան այս ամէնն ապացուցած են ակներեւ ու «համով» ձեւով: Վերադառնալով Յունաստանէն` անոնք Վանաձորի մէջ հրուշակարան բացած են:
– Դուք, հաւանաբար, յունարէն գիտէ՞ք, – կը հարցնեմ Գարեգինին:
– Սորվեցուցած են: Նոյնիսկ եթէ չցանկաս ալ` կը սորվիս, – ժպտելով, կը պատասխանէ ան:
– Ամուսինս կþուզէր հայրենիք վերադառնալ: Սակայն Յունաստանի մէջ ան սորված էր յունական խմորեղէններ պատրաստել: Ես ալ կրնամ, ի հարկէ: Բայց ամուսինս իսկական մասնագէտ դարձած է, – կ՛աւելցնէ Ինկան:
Անոնք մեկնած էին Յունաստան 2001 թուականին, վերադարձած` 2005-ին: Գարեգինը մասնագիտութեամբ կօշկակար էր, իսկ նոր տեղին մէջ արագ իւրացուց հացթուխի գործը: Ստացուած է յայտնի ռուսական ասացուածքին նման. աշխատանքն ու համբերութիւնն ամէն ինչ կը յաղթահարեն («терпенье и труд все перетрут»):
«Չէ՞ որ մենք` հայերս ամէն ինչ կը սորվինք, ամէն ինչին կը յարմարինք... Տունը ես կօշիկ կը ձեւէի: Իսկ մեկնելէ առաջ սորվեցայ բուլկի թխել. ինչ–որ մէկը յուշած էր», – կþըսէ Գարեգինը:
Յունաստանի մէջ անոր կը թուէր, թէ դեռ հայրենիքի մէջ են: Այստեղ ալ ճիշդ նոյն կերպ կը պահպանեն բարեկամական կապերը, կը գնահատեն ընկերները եւ դռները չեն փակեր հարեւաններու առջեւ: Եւ ճիշդ նոյն կերպ չփակեցին դուռը նաեւ իրենց առջեւ:
«Հայերուն այնտեղ լաւ կը վերաբերին: Երբ մենք նեղի մէջ էինք` կþօգնէին: Նոյնիսկ լրիւ օտար մարդիկ: Օրինակ, բնակարանի տէրերը, երբ մենք վարձով կþապրէինք», – կը յիշէ ան:
Նոյն վստահութեամբ անոր վերաբերեցան նաեւ աշխատավայրին մէջ:
Երբ տեսան, որ ան լաւ գործ կ՛ընէ, փուռի տէրերը զինք արտադրութեան ղեկավար նշանակեցին: Արգելք չէր, այն որ լեզուին ան կատարեալ չէր տիրապետեր:
«Կատարեալ չէր... մեծ խօսք է: Երկու ամիս չէր անցած, իսկ ինծի արտադրամասի ղեկավար կը նշանակեն: Այն ժամանակ ես մօտաւորապէս այսպէս կը խօսէի. «դուն: տուր: ինծի: ջուր»: Կամ «բեր: Ինծի: աղ»: Սակայն կը վստահէին... Այնուհետեւ խոշոր հացի գործարանի մէջ հերթափոխի ղեկավար էի: Այն ամբողջ շրջակայքին հաց կը մատակարարէր», – կը յիշէ Գարեգինը:
Այսօր Վանաձորի մէջ ինք Ինկայի հետ վարպետօրէն եւ՛ քաղցրաւենիք, եւ՛ չիփսեր, եւ՛ «Եիրոս» կը պատրաստէ: Այսպէս, յունարէն արտասանութեամբ, ան կը խօսի մեզի յայտնի կիրոսի (շաուրմայի յունական տարբերակը) մասին:
«Եիրոս»–ն ու թխուածքները ստիպուած էին քիչ մը յարմարցնել տեղի պայմաններուն: Հայկականին անոնք ամէն պարագայի նման չեն: Յոյները կը սիրեն, որ աղանդերը շաքարի օշարակով լի ըլլան: Հայաստանի մէջ կը սիրեն, որ այդքան քաղցր չըլլայ, կը բացատրէ Գարեգինը: Շարք մը այլ նրբութիւններ եւս կան:
«Որոշ բաղադրիչներ ստիպուած եղանք փոխարինելու, որպէսզի մեր վանաձորցիները կարենան գնել: Չէ՞ որ այստեղ միլիոնատէրեր չեն ապրիր», – կ՛ըսէ Գարեգինը:
Նախկին արդիւնաբերական կեդրոնին՝ Վանաձորի մէջ այսօր աշխատանք այդքան ալ հեշտ չէ գտնելը: Ան վերադարձած է, որպէսզի այստեղ գոնէ քանի մը աշխատատեղ եւ քիչ մըն ալ հարկեր աւելնան:
Սակայն Յունաստանի հետ անոր կապերը նախկինին պէս ամուր են: Այլ կերպ ըլլալ չէր կրնար: Նոյնիսկ այն քաղաքը, ուր ան որոշ ժամանակ աշխատած է, գրեթէ այսօրուայ Գիւմրիի, նախկին Ալեքսանտրափոլի անուանակիցն էր:
Ալեքսանտրուփոլիսի մէջ ալ Գարեգինը՝ իր կեանքը դէպի լաւը կը փոխէր, ուժերուն ներածին չափով: Ան փուռի մէջ կþաշխատէր, այն բաց էր նաեւ շաբաթ եւ կիրակի օրերուն (միւսներէն շատերը կը փակուէին շաբաթ կէսօրէ ետք): Սակայն ազնիւ մարդոց համար հաց թխելն ափսոս չէ, համոզուած է ան:
«Ալեքսանտրուփոլիսը Թրաքիոյ մէջ է, Թուրքիոյ սահմանէն քիչ հեռու: Այնտեղ թուրքերը երթալով կը շատնային: Կան նաեւ սովորական, ազնիւ մարդիկ: Սակայն, այսպէս ըսենք, տարբեր մարդիկ կան: Այդ պատճառով ալ` երբ Յունաստան կը հրաւիրէին Պոնտոսի յոյներուն, հէնց այդ կողմերը կը բնակեցնէին: Եւ ատիկա ի զուր չէր: Պոնտոսցիները հանգիստ մարդիկ են, բայց աւելի լաւ կþըլլայ անոնց հունէ չհանես: Տէ, մենք` լոռեցիներս ալ, գրեթէ այդպիսին ենք: Այդ պատճառով ալ թուրքերը հանդարտ էին: Այնպէս որ շատ բան փոխուած է», – կը յիշէ Գարեգինը:
Յունաստանի մէջ ան ոչ միայն նոր արհեստ ձեռք բերաւ, այլեւ ընկերներ: Անոնք մինչ օրս կապ կը պահպանեն եւ կը զանգահարեն իրար:
«Փուռի սեփականատիրոջ եղբայրը ինծի մեծ եղբօր պէս էր: Շատ խորհուրդներ կու տար, կապուած աշխատանքի հետ եւ ոչ միայն: Այդ պատճառով ալ կþուզեմ, որ իրենց երկիրը նոյնպէս բարի խօսքով յիշեն: Եւ՛ տեղացիներուն, եւ՛ օտարերկրացիներուն, երբ անոնք կը մտնեն մեր մօտ, մենք Յունաստանի մասին կը պատմենք», – կþըսէ Գարեգինը:
Իսկական յունական քաղցրաւենիքներով անոնք զարմացուցին նաեւ «մեր հիւրերը արեւոտ Դիլիջանով», ուր միջազգային դպրոց կը գործէ աշխարհի տարբեր ծայրերէ ժամանած աշակերտներով եւ ուսուցիչներով: Պարզուեցաւ, որ ուսուցիչներու շարքին մէջ նաեւ յոյներ կան: Այժմ անոնք մեծ հաճոյքով երբեմն Վանաձոր կþերթան` իրենց պոնտոսցի ազգականներուն (ի դէպ բիւզանդական յունարէնը պահպանողներու) քաղաքը:
Ինկա Ռուսիտուն (Ռուսովան) չի մոռնար պոնտական յունարէնը, հիանալի կը տիրապետէ նոր յունարէնին, հայերէն ալ կը խօսի հայուհիի պէս: Գարեգինը լաւ կը խօսի նոր յունարէնով: Իսկ երեխաները...
«Երեխաներն արդէն 14 տարի է, որ այստեղ են: Անոնց այստեղ կը պահեմ: Ուժերուս ներածին չափով կը համոզեմ, որ ամէն ինչ լաւ կþըլլայ: Իսկ յունարէնը չեն մոռցած, ոչ: Կը շփուին ընկերներու եւ մօր հարազատներուն հետ», – կþըսէ Գարեգինը:
Պետական աջակցմամբ (Փոքր եւ միջին գործարարութեան աջակցման կազմակերպութիւններ) ընտանեկան այս գործը խորհրդատուութիւն ստացած է, որ օգնած է անոնց աշխատանքի մէջ: Իսկ գլխաւոր խորհուրդը, որ անոնք պատրաստ են անձամբ կիսելու, այն է. մի՛ կորսնցնէք հին կապերը եւ կը գտնէք նորերը: