00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

«Ատիկա ցնցող էր». ինչ կը սպասուի ՀՀ հիւրերուն եւ բնակիչներուն ոչխար խուզելու փառատօնին

© Photo : IDeA foundationФестиваль "Стрижка овец"
Фестиваль Стрижка овец - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Ոչխար խուզելու փառատօնն այս տարի տեղի կ'ունենայ հինգերորդ անգամ:

ԵՐԵՒԱՆ, 5 յունիսի — Sputnik. Այս տարի ոչխար խուզելու անսովոր փառատօնը սովորականէն աւելի մեծ տարողութեամբ  եւ վառ կ՛ըլլայ: Հայաստանի հիւրերուն եւ բնակիչներուն իսկական տօն եւ վարպետութեան դաս կը սպասուի Նոր Զելանտայէն ժամանած արհեստավարժ խուզողէն: Այդ մասին Sputnik Արմենիա ռատիոկայանի եթերով ըսաւ «Ռազմավարական զարգացման գործակալութիւն» ՀԿ–ի ներկայացուցիչ Արամ Առաքէլեան:

Новостройка в Ереване - Sputnik Արմենիա
Կառավարութիւնը կը վերանայի գրաւագրութեան ծրագիրները. պետական աջակցութիւնը կ'աւելնայ

Հինգերորդ փառատօնը տեղի կ’ունենայ յունիս 8–ին Սիւնիքի մարզին մէջ: Ձեռնարկին նպատակն է ծանօթացնել հիւրերուն Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի աւանդոյթներուն եւ մշակոյթին, տեղի արտադրանքին, ինչպէս նաեւ նպաստել մարզին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:

«Մէկ ամիս առաջ կը սկսինք պատրաստուիլ փառատօնին: Կ’աշխատինք համայնքներու, արտադրողներու, տեղի ձեռնարկութիւններու հետ, կ’ընտնենք խուզողներ», – ըսաւ Առաքէլեան:

Այս տարի ընդլայնուած է նաեւ փառատօնի մասնակիցներու աշխարհագրութիւնը. խուզողներ պիտի  գան Շիրակէն, Գեղարքունիքէն, Տաւուշէն:

16 մասնակիցներ պիտի մրցին ոչխար խուզելու արագութեան եւ ճարպիկութեան մէջ:

«Մենք կրնանք համարձակօրէն ըսել, որ փառատօնն աւանդական  դարձած է: Եթէ անցեալին մարդիկ կը զարմանային` լսելով փառատօնի մասին, ապա հիմա կը հասկնան, թէ ատիկա ինչ կը ներկայացնէ», – Sputnik Արմենիա ռատիոկայանի եթերով ըսաւ «Ռազմավարական զարգացման գործակալութիւն» ՀԿ ներկայացուցիչ Աննա Պօղոսեան:

Прибытие Ким Кардашьян Уэст на гала-концерт LACMA Art + Film (4 ноября 2017). Лос-Анджелес - Sputnik Արմենիա
Երկու հայուհիներ՝ Forbes ամսագիրի հրապարակած ամենահարուստ կանանց վարկանշային աղիւսակին մէջ

Ան հաղորդած է, որ ձեռնարկի մասնակիցներուն կ’ապահովեն յատուկ համազգեստով, կազմակերպիչները անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին նախօրօք կը ներայացնեն հոլովակներ: Փառատօնը նպատակ ունի նաեւ հանրահռչակել Սիւնիքի մարզը:

Անցած տարի փառատօն  այցելած է մօտ երեք հազար մարդ, որոնց շարքին  եղած են հիւրեր աշխարհի  տարբեր երկիրներէ, զբօսաշրջային խումբեր Երեւանէն:

Յովիկ Աւագեան, որ 2016-էն ժիւրիի մշտական անդամ է, կը նշէ, որ փառատօնն ամէնէն առաջ մտածուած է որպէս տօն գիւղացիներու համար: Անցած տարի Սիւնիքէն  երիտասարդ տղայ մը մրցանիշ  սահմանած է. 2,5 վայրկեանի մէջ ոչխար  խուզած է եւ որեւէ քերծուածք չէ ըրած: Աւագեանի խօսքով` ատիկա  ցնցող էր:

«Ոչխարն արագ խուզելը քիչ է, կարեւոր է բուրդի ամբողջականութիւնը պահպանելը եւ կենդանին չվնասելը», – ըսաւ Աւագեան:

Ոչխար խուզելու առաջին փառատօնը տեղի  ունեցած է 2014–ին:

Լրահոս
0