ԵՐԵՒԱՆ, 5 յունիսի - Sputnik. Աւելի մեծ թիւով կանայք սկսած են հիմնել գործեր եւ աւելի շատ գումարներ հաւաքել, քան երբեւէ: Հետեւաբար, Forbes ամսագիրը հրապարակած է ամենահարուստ կանանց վարկանշային աղիւսակը, որուն մէջ երկու հայուհի կայ: Քերոլայն Ռաֆայէլեանը, որ գրաւած է 42-րդ հորիզոնականը: Անոր կարողութիւնը կը գնահատուի 520 մլն տոլար: Ան «Alex and Ani» ոսկերչական ապրանքանիշի հիմնադիրն է:
Քերոլայն Ռաֆայէլեան հայ ներգաղթեալներու թոռնուհի է: Անոր հայրը Ռոտ Այլընտի մէջ ամերիկեան դրօշով գնդասեղներ պատրաստած է: Այժմ Քերոլայն այնտեղ ոսկերչական իրեր կը պատրաստէ:
Reality Show-ի աստղ Քիմ Քարտաշեան գրաւած է 57-րդ տեղը 370 մլն տոլար կարողութեամբ: Անոր եկամուտին մեծ մասը կ’ապահովեն զարդադեղերու «KKW» Beauty ընկերութիւնը, որուն վաճառքի ծաւալներն անցած տարի կազմած են աւելի քան 100 մլն տոլար:
80 կանանց ցուցակը երկրորդ տարին անընդմէջ կը գլխաւորէ American Builders & Contractors Supply Co ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկը` Տայեան Հենտրիքսը, որ անցած տարի իր կարողութեան 2,1 մլր տոլար աւելցուցած էր:
Վարկանիշային աղիւսակի մասնակիցներու տարիքը 21-92 է, եւ անոնց ընդհանուր կարողութիւնը կը կազմէ 81,3 մլր տոլար: