Արմենուհի Մխոյեան, Sputnik
Շիրակի մարզի Խարկով եւ Հայկաձոր գիւղերու սահմանին հսկայ քար մը կայ, որ հնարաւոր է գտնել միայն տարածքին քաջածանօթ մէկու մը ուղեկցութեամբ: Քարին մասին տարբեր պատմութիւններ կը պատմեն` մէկը միւսէն ահասարսուռ: Sputnik Արմենիայի թղթակիցը` հետաքրքրութենէն դրդուած, սահմանապահներու ուղեկցութեամբ այցելեց այդ տարածքը:
Այստեղէն Անին շատ մօտ է. նոյնիսկ անզէն աչքով կարելի է տեսնել Հայոց թագաւոր Աբաս Բագրատունիի (929–953) օրօք կառուցուած Հոռոմոսի վանքը: Մամռապատ քարին խորհրդաւորութիւն կու տան վրան դրուած մոմերն ու կակաչները:
Աստիճանաձեւ քարը ուղիղ կեդրոնին մէջ գլխաչափ անցք մը ունի: Հաւանաբար հէնց ատոր պատճառով ալ գիւղաբնակները համոզուած են, որ քարին մասին սարսափելի պատմութիւնները ճիշդ են: Հայկաձորցիներէն մաս մը վստահ է, որ 1920 թուականին թուրքերը հէնց այս քարին վրայ գլխատած են իրենց չենթարկուող հայերուն: Միւսներն այլ բացատրութիւն կու տան` հեթանոսական զոհասեղան է: Ոմանք ալ կը պնդեն, որ սա Բագրատունեաց իշխաններու պատիժի քարն է:
Հայկաձոր ծնած Միշա Աբրահամեան քարի պատմութիւնը փոքր տարիքէն լսած է, բայց միշտ` տարբեր մեկնութիւններով:
«Հնարաւոր է, որ թուրքերն ալ այդ քարը որպէս գլխատման տեղ օգտագործած են, բայց կ’ըսեն, որ քարը հէնց այդ նոյն նպատակով նաեւ Բագրատունեաց ժամանակներուն օգտագործուած է` դատաւորական նիստերու ու որոշումներու ժամանակ: Մահապատիժի դատավճիռը կայացնելէ յետոյ մեղաւորները գլխատուած են հէնց այդ քարին վրայ»,– Sputnik Արմենիային ըսաւ ան:
Հայկաձոր համայնքի վարչական ղեկավար Սէյրան Սմբատեանն ալ կը կարծէ, որ քարը լուրջ ուսումնասիրման կարիքը ունի:
«Ինծի հասած պատմութեան համաձայն` ատիկա հէնց Բագրատունեաց պատժաքարը եղած է: Ամէն պարագայի, քանի որ քարին վրայ արիւն թափուած է, մենք սահմանապահներու թոյլտուութեամբ ամէն տարի ապրիլ 24-ին այդ քարին վրայ ծաղիկներ կը դնենք, մոմ կը վառենք ու կ’աղօթենք»,-նշեց Սմբատեան:
Գլխատման քարին մասին աւելի ստոյգ տեղեկութիւններ ստանալու համար պէտք է տարածքն ուսումնասիրուի, որ անհնար է, որովհետեւ կը գտնուի հայ–թրքական սահմանի չէզոք գօտիին մէջ: Սակայն նոյնիսկ առանց այդ ուսումնասիրման ալ հայկաձորցիները պիտի շարունակեն տարին գոնէ մէկ անգամ ծաղիկ դնել ու մոմ վառել` այս քարին վրայ տարբեր ժամանակներու իրենց մահկանացուն կնքած մարդոց յիշատակին: