Լիլիթ Յարութիւնեան, Sputnik Արմենիա
Ընկերային ցանցերու վրայ տեսանիւթ մը կը տարածուի, ուր երիտասարդ աղջիկը հայերէն կը դիմէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին «Ռոսիա 1» հեռուստաալիքի «60 րոպէ» ծրագիրի ընթացքին:
View this post on InstagramПриятно удивила Никола Пашиняна , заговорив на армянском 🤣 @nikolpashinyan_official
Պարզուեցաւ` համացանցի վրայ մեծ աղմուկ հանած աղջիկը մեր հայրենակիցն է, որ Մոսկուա կը բնակի: Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին Նոննա Համբարձումեան ըսաւ, որ ծնած է ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ, բայց ատիկա չէ խանգարած զինք մայրենի լեզուն ու հայ ժողովուրդի պատմութիւնը սորվելու:
«Ես մեծ հայրենասէր եմ: Շատ լաւ կը խօսիմ հայերէն․․․ Ծնողներս Կապանէն են, ու մօտաւորապէս երեք տարեկանէս ամէն ամառ հարազատ քաղաք կ’այցելեմ: Հէնց այնտեղ հայերէն խօսիլ սորված եմ, այնտեղ ալ ինծի սորվեցուցած են սիրել հայկական ամէն ինչ: Հիմա տարին գոնէ մէկ անգամ պատմական հայրենիք կ’երթամ, ձգողականութիւնը շատ մեծ է», - կ’ըսէ Նոննան:
Աղջիկը կը խոստովանի, որ լաւ կը տիրապետէ գրական հայերէնին, ու ազատ կը խօսի Կապանի բարբառով:
Անոր նախաձեռնութեամբ ապրիլ 24-ին քաղաքական թոք շոուի հաղորդավար Օլկա Սկաբէեւան անմիջականօրէն եթերի թեմային` Ուքրանիոյ ընտրութիւններուն, անցնելէ առաջ Նիկոլ Փաշինեանին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարց տուաւ:
Նոննան «Ռոսիա 1» հեռուստաալիքին մէջ արտադրող կ’աշխատի ու տեսանիւթին վերաբերեալ կ’ըսէ, որ այդպիսի իրարանցում չէր ակնկալեր:
«Ինծի համար սա հերթական առաջադրանք էր, որ ես կատարեցի: Ի հարկէ, ես առանձնայատուկ կերպով կը վերաբերիմ այն ամէնուն, որ Հայաստանին կը վերաբերի: Միաժամանակ այն, ինչ տեսահոլովակին մէջ է, իմ սովորական աշխատանքն է, ես այդպիսի իրարանցում չէի ակնկալեր: Երեւան-Մոսկուա տեսակապի կազմակերպչական հարցերը շատ աւելի դժուար էր լուծել, քան վարչապետին հետ պայմանաւորուիլը», - ժպիտով ըսաւ Նոննան:
Աղջկան խօսքով` ան հրապարակած է տեսանիւթը միայն Facebook-ի ու Instagram-ի իր էջերուն վրայ, բայց շուտով ծանօթները, ընկերներն ու բարեկամները սկսած են անոր ԶԼՄ-ներու տարածած տեսանիւթերու յղումներն ուղարկել:
«Ընկերներս ու բարեկամներս աշխուժօրէն կը տարածէին ատիկա: Գիտէք, մենք` հայերս, կը սիրենք մերոնցով հպարտանալ: Ամէն պարագայի ինծի համար հաճելի է, որ ապրիլ 24-ին ռուսական հեռուստաալիքի ուղիղ եթերով յիշուեցաւ այդ ողբերգութեան մասին, ու որ այդ հարցով ես ալ ներդրում ունեցած եմ», -կ’ըսէ Նոննան:
Ան կը նշէ, որ շնորհակալ է իր գործընկերներուն, որոնք ընդառաջեցին իրեն, քանի որ հարցազրոյցի հիմնական թեման Ուքրանիոյ ընտրութիւններն էին:
Աղջկան խօսքով` անոր ծագումն ու հայերէնի իմացութիւնն ինչ-որ չափով «յաջողութեան բանալի են»:
«Ես յաճախ կ’օգտագործեմ «հայկական ուժը»: Եթէ հայրենակիցներուս հետ հարցազրոյցի համար կը պայմանաւորուիմ, անպայման կը նշեմ, որ հայ եմ, կամ հայերէնի կ’անցնիմ: Այդ պարագային ինծի արդէն չեն կրնար մերժել», - կատակով կը նշէ ան:
Նոննան նաեւ կ’աւելցնէ, որ արտադրողական հարցեր լուծելուն ան միշտ կը յիշէ, որ «հայ եղբայրներ» ունի ու անոնք անպայման կ’օգնեն. «Հայերը միշտ կը փորձեն օգնել իրար, իսկ մենք այստեղ մեծ եւ ուժեղ համայնք ունինք»: