00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:29
8 ր
Ուղիղ եթեր
09:37
23 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
3 ր
Ուղիղ եթեր
10:04
39 ր
Ուղիղ եթեր
11:01
5 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
5 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:05
8 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:29
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:33
27 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
42 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
5 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:05
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
4 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ

Բաժանորդագրվել
Երեւանի ամենաբանուկ հատուածներէն մէկուն` Արշակունեաց պողոտայի տարածքին մէջ շուրջ 30 հարիւրամեակ առաջ դամբարանադաշտ եղած է: Վանի թագաւորութեան մեր նախնիներն այստեղ դամբարաններ կը կառուցէին, ծիսական յուղարկաւորութիւններ կ’ընէին: Այդ դամբարաններէն մէկն այսօր ալ կայ եւ կը գտնուի «Երեւան մոլ»-ին մէջ:

ԵՐԵՒԱՆ, 5 մայիսի — Sputnik, Նելլի Դանիէլեան. Մթա 8-րդ դարու դամբարան Երեւանի ամենաայցելուող վայրին մէջ. անգամ երեւանցիներէն շատերուն համար յայտնութիւն կ’ըլլայ, եթէ ըսենք, որ ուրարտական եզակի այս դամբարանը կը գտնուի «Երեւան մոլ» առեւտուրի կեդրոնին մէջ:

© Sputnik / Aram Nersesyan«Երեւան մոլ» առեւտուրի կեդրոն
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
«Երեւան մոլ» առեւտուրի կեդրոն

Մենք որոշեցինք այցելել եւ տեսնել վաղնջական ժամանակներուն հայերու կառուցած ու հրաշքով փրկուած պատմութեան այդ պատառիկը:

© Sputnik / Aram NersesyanՀնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ

Դամբարանի մասին մեզի յայտնի էր միայն գտնուելու վայրը: Բայց նոյնիսկ առեւտրական կեդրոնին մէջ գործող խանութներու աշխատակիցներն ու այցելուները մեր հարցը լսելնուն կը տարակուսէին. «դամբարա՞ն»:

Ստիպուած եղանք զանգահարել առեւտուրի կեդրոնի տնօրինութիւն, շուտով մեզի մօտեցաւ կեդրոնի հանդերձապահուհին ու ուղեկցեցաւ դէպի հնավայր:

© Sputnik / Aram NersesyanԴամբարանի մուտքը դուրսէն է` առեւտուրի կեդրոնի յետնաբակին կողմէն
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
Դամբարանի մուտքը դուրսէն է` առեւտուրի կեդրոնի յետնաբակին կողմէն

 

Պարզուեցաւ, որ դամբարանի մուտքը դուրսէն է` առեւտուրի կեդրոնի յետնաբակին կողմէն: Առաջին հայեացքէն ատիկա փոքրիկ, կոկիկ շինութիւն մըն էր, դէպի ցած շուրջ երկու մեթր խորութեամբ գետնափոր աստիճաններով: Մուտքի երկաթեայ դուռը փակուած էր կղպանքով: Ատոր բանալին ի պահ յանձնուած է հանդերձապահ կանանց, որոնք այցելուներու ցանկութեան պարագային կը բանան դուռն ու կ’ուղեկցին դէպի Վանի թագաւորութեան հաւատալիքներու աշխարհ:

© Sputnik / Aram NersesyanՎանի Արարատեան թագաւորութեան երեքհազարամեայ դամբարանի մուտքի «պահապան» սալաքարը
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
Վանի Արարատեան թագաւորութեան երեքհազարամեայ դամբարանի մուտքի «պահապան» սալաքարը

Մուտքի դրան ետեւը մեր առջեւ բացուեցաւ հնագոյն դամբարանի զարմանալիօրէն լաւ պահպանուած ամբողջական կառոյցը` սրբատաշ տուֆէ շարուած պատերով, տանիքով ու յատակով:

Յատակի սալաքարերէն մէկուն տակ, կը պարզուի, եղած է դամբարանի գաղտնարանը:

Այս մասին մեզի պատմեց Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Սիմոն Հմայեակեան, որ 35 տարի առաջ այն առաջիններէն էր, որոնք մուտք գործեցին պատահաբար յայտնաբերուած դամբարանը:

© Sputnik / Aram NersesyanԴամբարանը կ’անուանեն նաեւ «Բիայնական»
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
Դամբարանը կ’անուանեն նաեւ «Բիայնական»

1984–ին, ներկայիս «Երեւան մոլ»-ի տարածքին մէջ գտնուող Երեւանի «Աւտոագրեգատ» գործարանի տնօրէնը զանգահարած էր ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ եւ յայտնած, որ գործարանի տարածքին մէջ շինարարական աշխատանքներ կատարելնուն ինչ–որ հնութիւններ գտած են: Հաւաքուեցաւ մասնագէտներու խումբ մը ու գործուղուեցաւ գործարանի տարածք` պեղումներ կատարելու:

«Ես պեղումներ կ’ըսեմ չակերտներու մէջ, որովհետեւ պեղումներու ժամանակ որպէս կանոն հող կը տեղափոխենք, այս պարագային մենք կը տեղափոխէինք մածուցիկ ինչ–որ հեղուկ զանգուած` գործարանէն դէպի դամբարան արտահոսած նաւթի, բենզինի, իւղի խառնուրդ: Աւելի շատ դոյլերով կ’աշխատէինք, քան այլ գործիքներով»,– կը յիշէ հնագէտը:

Երբ տարածքը մաքրուեցաւ, պարզ դարձաւ, որ դամբարանը 28 դար մնացած է չկողոպտուած ու մեզի հասած է գրեթէ նախաստեղծ վիճակով:

Դամբարանի պատերն այսօր ալ դեռ կը կրեն խորհրդային արդիւնաբերական թափօններու անջնջելի հետքերը: Բայց ատիկա թերեւս նոր ժամանակներու միակ բացասական ազդեցութիւնն է հնագոյն կառոյցին վրայ: Մնացած ամէն ինչն այստեղ այնպէս է, ինչպէս կառուցուած է 3000 տարի առաջ:

© Sputnik / Aram NersesyanԱմէն ինչն այստեղ այնպէս է, ինչպէս կառուցուած է 3000 տարի առաջ
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
Ամէն ինչն այստեղ այնպէս է, ինչպէս կառուցուած է 3000 տարի առաջ

Դամբարանի որմնախորշերուն մէջ տեղադրուած 5 աճիւնասափորներն ու հնագոյն իրերը մասնագէտներուն թոյլ տուին որոշակի ենթադրութիւններ ընելու ատոր մէջ ամփոփուած մեր նախնիներու սոցիալական կարգավիճակին ու անոնց հաւատալիքներուն մասին:

© Sputnik / Aram NersesyanԱճիւնասափորներ ու հնագոյն իրեր
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
Աճիւնասափորներ ու հնագոյն իրեր

Սիմոն Հմայեակեանի խօսքով, Վանի թագաւորութեան մէջ ընդունուած էր թաղման 3 ծիսակարգ` դիաթաղում, դիակիզում եւ դիամասնատում: Դամբարանին մէջ յայտնաբերուած աճիւնասափորներուն մէջ գտնուեցան ատոնցմէ միայն երկուքի հետքերը` դիակիզման ու դիամասնատման: «Դիադրման ապացոյց մենք չգտանք, այսինքն` ամբողջական կմախք չյայտնաբերուեցաւ: Նման դամբարաններու մէջ հիմնական կը յուղարկաւորէին սոցիալական բարձր դիրք ունեցող մարդոց: Դամբարանի ձեւը ատիկա կը յուշէ: Կը վկայէ նաեւ կնիքը, որ յայտնաբերուեցաւ դամբարանին մէջ: Կնիքը բարձր դիրքի նշան է, քանի որ անով կը կնքուէին եւ՛ նամակները, եւ՛ պահեստները»,– կը պատմէ մասնագէտը:

Դամբարանին մէջ յուղարկաւորուած անձանց ընկերային բարձր դիրքի մասին կը վկայեն նաեւ յայտնաբերուած մետաղական փայլեցուած սափորները` քամիչով ու ծորակով: 3 ցուլերու արձանիկներով մեծ սափորը, ձիթաճրագը, բազմաթիւ թասեր, որոնցմէ մէկուն յատակին նապաստակի պատկեր դրոշմուած էր, բազմաթիւ զէնքեր` թուրեր, դաշոյններ, նետասլաքներ, ձիու հանդերձանքի մասերը` զանգակներ, սանձը, ճակատակալ, աշտանակի մասեր:

© Sputnik / Aram NersesyanՀնագոյն դամբարանն այսօր բաց է
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
Հնագոյն դամբարանն այսօր բաց է

Իսկ թէ ինչ կապ ունեցած են իրար հետ նոյն դամբարանին մէջ յուղարկաւորուած 5 անձիք, յայտնի չէ: Տիրոջ ու անոր ստրուկներու վարկածը, սակայն, մասնագէտները չեն դիտարկեր:

«Թէեւ հնագէտներու կարծիքով ուշ պրոնզէ դարուն երբեմն տիրոջ հետ նաեւ անոր ծառաները յուղարկաւորուած են, բայց Վանի թագաւորութեան մէջ նման բան այլեւս չկար: Կատարուած կրօնական բարեփոխութեան արդիւնքով մարդկային զոհաբերութիւն պաշտօնապէս արգիլուած էր: Իսկ եթէ, այնուամենայնիւ, կ’ըլլար, հակառակ պետութեան արգելքին, ատոր համար նաեւ պատիժ կը հասնէր: Բայց եթէ անգամ կ’ըլլար, ուրեմն վերապրուկային ձեւով, գաղտնի եւ շատ հազուադէպ»,– կ’ըսէ Հմայեակեան:

Հետաքրքիր փաստ մը եւս. Դամբարանին մէջ յայտնաբերուեցան նաեւ կանացի իրեր`ձեռագործի պարագաներ, զարդեր` հիմնականին մէջ ագաթէ ու սերտոլիտէ, պատկերազարդ գօտի, ապարանջաններ, որոնք կը վկայէին, որ յուղարկաւորուած 5 անձերէն մէկը կին է, որ հաւասար իրաւունքներով յուղարկաւորուած է տղամարդոց հետ նոյն սրահին մէջ, որ կը փաստէ Վանի թագաւորութեան մէջ կնոջ բարձր վարկի ու իրաւունքներու մասին:

© Sputnik / Aram NersesyanՆման դամբարաններու մէջ հիմնական կը յուղարկաւորէին սոցիալական բարձր դիրք ունեցող մարդոց
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
Նման դամբարաններու մէջ հիմնական կը յուղարկաւորէին սոցիալական բարձր դիրք ունեցող մարդոց

«Կնոջ յուղարկաւորութեան ժամանակ անոր հետ կը դնէին անոր զարդերը, յարդարանքի պարագաները, ունելին, ասեղը: Եթէ կնոջ դամբարան կը պեղենք, մենք պարտադիր այս պարագաները կը գտնենք: Պէտք է ենթադրել, որ փայտէ սանրեր ալ եղած են, որոնք մեզի չեն հասած, բայց մետաղական յարդարանքի պարագաները պարտադիր կը գտնենք»,– կը պատմէ Հմայեակեան:

Յատկանշական է, որ դամբարանին մէջ տեղադրուած աճիւնասափորներու վերին հատուածին մէջ անցքեր ըրած են: Ատոնք ենթադրաբար ըրած են, որպէսզի հանգուցեալի հոգին դուրս գայ ու առնչուի դամբարանին մէջ դրուած իրերուն հետ:

Կատարուած բացայայտումները թոյլ կու տան ենթադրել, որ հին ուրարտացիները հանդերձեալ կեանքի մասին պատկերացում ունեցած են : Վանի թագաւորութեան պանթէոնին մէջ նոյնիսկ հոգիներ տեղափոխող աստուածութիւն կար, որ կ’օգնէր մարդու հոգին այս աշխարհէն հանդերձեալ աշխարհ տեղափոխուելու:

Ուրարտուի ժամանակաշրջանի ծիսակարգով ընդունուած էր նաեւ դամբարանի յատակին տակ գաղտնարան կառուցել, ուր կը պահուէին հանգուցեալի ամենաթանկարժէք իրերը:

Երեւանի մէջ յայտնաբերուած ու յետագային Բիայնական դամբարան անունը ստացած դամբարանի գաղտնարանը բացուած է ատոր յայտնաբերումէն տարիներ յետոյ միայն:

© Sputnik / Aram NersesyanԴամբարանը կ’անուանեն նաեւ «Բիայնական»
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
Դամբարանը կ’անուանեն նաեւ «Բիայնական»

Սիմոն Հմայեակեան կը պատմէ, որ իրենց խումբը չէ ցանկացած հանել յատակի սալերն ու խախտել դամբարանի յատակի ամբողջութիւնը:

Տարիներ անց յայտնի հնագէտ Մարգարիտ Իսրայէլեան, այնուամենայնիւ, որոշած է բանալ գաղտնարանն ու այդտեղ յայտնաբերած մետաղէ պատրաստուած որոշ իրեր:

Դամբարանի գրեթէ ողջ արժէքաւոր հաւաքածուն այսօր կը պահուի Էրեբունի թանգարանին մէջ: Իսկ Բիայնական դամբարանին մէջ ցուցադրուած են աճիւնասափորներու ու որոշ իրերու կրկնօրինակները: Դամբարանի մուտքը ժամանակին փակուած եղած է հսկայ սալքարով, որն այսօր եւս կը ցուցադրուի դամբարանի տարածքին մէջ:

Հնագոյն դամբարանն այսօր բաց է, ատոր մուտքն անվճար է բոլոր այցելուներուն համար, բայց աշխատակիցները ցաւով կը նշեն, որ հիմնական այցելուները կա՛մ ատոր մասին տեղեակ մասնագէտներն են, կա՛մ զբօսաշրջիկներ են: «Երեւան մոլ» այցելող քաղաքացիներն այստեղ հազուադէպ կու գան:

«Երեւան մոլ»-ի ղեկավարութիւնը մասնագէտներու համոզմամբ, բարձր մակարդակով կ’իրականացնեն իրենց ստանձնած դամբարանի պահպանութիւնը: Բայց կ’ափսոսան, որ հնավայրը որպէս մշակութային այցելութեան շինութիւն չընկալուիր: Հազուադէպ այցելուներուն ալ կ’ուղեկցի ոչ թէ զբօսավարը, այլ հանդերձապահը:

1984–ին Երեւանի «Աւտոագրեգատ» գործարանի տարածքին մէջ պատահաբար յայտնաբերուած դամբարանը մասնագէտներու համոզմամբ միակը չէ եղած:

Այս տարածքին մէջ ժամանակին ամբողջ դամբարանադաշտ մը եղած է, որ, սակայն, խորհրդային տարիներուն իրականացուած շինարարութեան ընթացքին աւերուած, ոչնչացուած է:

© Sputnik / Aram NersesyanԵրեւանի մէջ յայտնաբերուած ու յետագային Բիայնական դամբարան անունը ստացած դամբարանի գաղտնարանը բացուած է ատոր յայտնաբերումէն տարիներ յետոյ միայն
Հնավայր «Երեւան մոլ»-ին մէջ. ի՞նչ թաքնուած է երեքհազարամեայ դամբարանի որմնախորշերուն մէջ - Sputnik Արմենիա
Երեւանի մէջ յայտնաբերուած ու յետագային Բիայնական դամբարան անունը ստացած դամբարանի գաղտնարանը բացուած է ատոր յայտնաբերումէն տարիներ յետոյ միայն
Լրահոս
0