00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ռուբեն Սարգսյան
Արցախցիներին աշխատանքի տեղավորելու համար իրականացվում են նաև ուսուցման ծրագրեր. Ռուբեն Սարգսյան
09:06
12 ր
Գագիկ Մակարյան
ՓՄՁ-ներին ընդհանուր հարկման դաշտ բերելը պայմանավորված է նաև բյուջեն լցնելու պահանջով. Գագիկ Մակարյան
09:20
13 ր
Սիլվա Մեսրոպյան
Օրենքի փոփոխությունը որևէ վերլուծությամբ հիմնավորված չէ. Սիլվա Մեսրոպյան
09:33
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:39
20 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:06
52 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

«Ցեղասպանութիւն չէ եղած, բայց երաշխիք չկայ, որ պիտի չըլլայ». Թուրքիա սիրող հայերուն համար

© AFP 2024 / BULENT KILICПрезидент Турции Тайип Эрдоган покидает пресс-конференцию после местных выборов (31 марта 2019). Стамбул
Президент Турции Тайип Эрдоган покидает пресс-конференцию после местных выборов (31 марта 2019). Стамбул - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Այն օրերուն, երբ կը նշուէր Հայոց ցեղասպանութեան 104–րդ տարելիցը, մեր ուշադրութիւնը բնականաբար գամուած էր «Ծիծեռնակաբերդ»-ին: Սակայն զուգահեռաբար ատոր հետ կապուած այլ իրադարձութիւններ ալ տեղի կ’ունենային: Ատոնք նշանակալի չհամարելը մեծ սխալ գործելու վտանգ կը պարունակէ:

Ի հարկէ, Թուրքիոյ նախագահը, որն ամէն ապրիլ կոչ կ’ընէ պատմաբաններուն անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան թեմային ու մաքրուած թրքական արխիւներուն, չէր կրնար ձայն չհանել. լռելու կարողութիւնն ընդհանրապէս բնորոշ չէ Էրտողանին: Ան իր ոճով խօսած է, խօսած է այնքան շատ ու այնքան սուտ, որ հինգշաբթի Նիկոլ Փաշինեան ստիպուած էր մեկնաբանելու Էրտողանի խօսքն ու որակել զայն «ծայրայեղ ատելութեան խօսք»` համարելով այն վիրաւորական ու նոյնիսկ կոչ ընելով համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւն դարձնել ատոր:

Город Ярмут, Канада - Sputnik Արմենիա
Եարմութ քաղաքին մէջ պիտի զետեղուի Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանը

Մինչդեռ Firat News Agency–ի փոխանցմամբ` Ռոժաւայի, Սուրիական Քիւրտստանի մէջ ապրիլ 24–ին յայտարարուած է Նուպար Օզանեանի անուան հայկական զօրախումբի մասին. ան ահաբեկիչներուն հետ կռիւին մահացած հերոս է: Ազգային ռազմական ստորաբաժանման ստեղծման նպատակը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ թրքական տիրապետութեան դէմ պայքարն է:

«Որպէս հայ ժողովուրդի զաւակներ, որոնց նախնիները սպաննուած կամ տեղահանուած են Ցեղասպանութեան ժամանակ, մենք այսօր հաւաքուած ենք, որ պաշտպանենք սուրիական Քիւրտստանը ԻԼԻՊ–ի ֆաշիստական յարձակումներէն եւ թրքական պետութենէն, ու Ռոժաւայի մէջ յեղափոխութեան ամրապնդման համար: Ելլելով այն բանէն, որ ժողովուրդը ոչինչ ունի, եթէ չունի բանակ, մենք ձեւաւորած ենք դեռ փոքր զօրախումբ`հայ ու Ռոժաւայի բոլոր ժողովուրդներու պաշտպանութեան համար», – կը նշուի այդ առիթով տարածուած յայտարարութեան մէջ:

Ահա մէկ այլ հաղորդագրութիւն` Hawar News Agency քրտական լրատուական գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ ապրիլ 23–ի երեկոյեան թրքական բանակի տիրապետութեան տակ գտնուող սուրիական Ալ–Պապ քաղաքին մէջ «Թուրք պայմանագրայիններու ու այնտեղ ապրող հայերու միջեւ դաժան բախումներ» տեղի ունեցած են: Թուրք պայմանագրայինները Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէին սադրիչ յարձակումներ կատարած էին հայ ընտանիքներուն վրայ:

Панорама Монреаля - Sputnik Արմենիա
Մոնթրէալի մէջ Ապրիլ 24-ը հռչակեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր

Գործակալութիւնը կը պնդէ, որ քանի մը թուրք պայմանագրայիններ հրազէնային վնասուածքներ ստացած են ու տեղափոխուած Ալ–Պապի քաղաքային հիւանդանոցներ, անոնց անունները յայտնի են: Անոնցմէ մէկուն ոտքը վնասուած է, միւսին մէջքը, երրորդին ազդրը: Վնասուածքներու բնոյթը կը վկայէ այն մասին, որ թրքամէտ ահաբեկիչները կը փախչէին: Գործակալութեան տուեալներով` զինուած բախումները կը շարունակուէին գիշերը ու յաջորդ օրուան ընթացքին:

Ermenihaber հարթակը կը մէջբերէ ոմն Թունճա Սէյտիօղլուի, որ «Լաւ» կուսակցութեան Տրապիզոն նահանգի Արաքլի քաղաքի գրասենեակի գործադիր խորհուրդի անդամ է:

Չորեքշաբթի ան Twitter–ի իր էջին վրայ գրած է, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն գոյութիւն չունի: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ պիտի չըլլայ»:

Յետոյ թուրք լրագրողները բռնած էին զինք, ան սկսած է յիմարութիւններ դուրս տալ ու ներողութիւն խնդրել, բայց ատիկա արդէն կարեւոր չէ:

Բաւակա՞ն է: Յիշեցնեմ, այդ ամէնը տեղի ունեցած է գրեթէ երկու օրուան ընթացքին. իսկ քանի՞ նման դէպք տեղի կ’ունենայ տարիներ շարունակ` ամէն օր: Ատիկա պէտք է կարդան հայ–թրքական սահմանի բացման չափէն դուրս խաղաղասէր կողմնակիցները, այն մարդիկ, որոնք աղերսանքի պէս կը կրկնեն, որ Թուրքիան արդէն այն նոյնը չէ, որ աւելի քան հարիւր տարի առաջ: Մեր մօտ այդպիսի մարդիկ կան, թէեւ, փառք Աստուծոյ, անոնք քիչ են:

Ситуация в Алеппо - Sputnik Արմենիա
Հայոց ցեղասպանութեան թեման` սուրիական դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ

Անոնք, դատարկ տեղը իրենց խաղաղասիրութեամբ, պէտք է անգիր ընեն Չըրչըլի խօսքերը խայտառակութեան ու պատերազմի միջեւ ընտրութեան մասին: Նոյնիսկ եթէ այդ խօսքերը Չըրչըլը չէ ըսած, ատոնք միեւնոյնն է ճիշդ են: Բարեբախտաբար, մենք պաշտպանութեան նախարարութիւն ունինք, որ բնականաբար չի պատրաստուիր պատերազմ սկսելու, բայց չի խօսիր որեւէ գնով խաղաղութեան հասնելու մասին, այլ իրեն արժանապատիւ կը պահէ:

Ալ ի՞նչ ապացոյցներ պէտք են բացի թրքական ոչ ամենափոքր կուսակցութեան գործիչներէն մէկուն խօսքերը: Կ’ըսէ՞ք, որ գործիչը խոշոր չէ, անոր բնակութեան վայրն անլուրջ է` ինչ–որ գիւղ է կամ աւան:

Դժուար թէ ըսէք, քանի որ դուք ալ կը հասկնաք, որ ատիկա արդարացում չէ:

Լրահոս
0