ԵՐԵՒԱՆ, 23 ապրիլի–Sputnik. Մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալած գանատացի բուժքոյր Սառա Քորնինկի նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկը կը նախատեսուի այս տարուան Սեպտեմբերին, գանատական Նովա Սքոչիա նահանգի Եարմութ քաղաքին մէջ, որ նաեւ Սառա Քորնինկի ծննդավայրն է: Այս մասին կը հաղրոդէ «Հորիզոն»-ը:
Բացումը տեղի պիտի ունենայ 14 Սեպտեմբերին: Այդ առթիւ հոն պիտի զետեղուի Սառա Քորնինկի պրոնզէ քանդակը, որուն հեղինակն է գանատահայ նկարիչ եւ քանդակագործ Կարէն Պետրոսեան:
Սառա Քորնինկ 1919-ին, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէի (Near East Relief) կողմէ ուղարկուած էր Միջին Արեւելք՝ օժանդակելու հազարաւոր յոյն, հայ եւ ասորի գաղթականներու: Քորնինկ իր կեանքը վտանգելու գնով փրկած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբեր:
Որպէս բուժքոյր, Սառա նախ կայք հաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Երեւանի մօտերը, հարիւր հազարաւոր գաղթականներու կողքին, որոնցմէ շատերը վարակիչ հիւանդութիւններէ կը տառապէին:
Քորնինկ մահացած է իր ծննդավայր Եարմութի մէջ, 1969-ին, 97 տարեկանին:
Քորնինկի գործունէութիւնը առաւել եւս հանրածանօթ դարձնելու նպատակաւ 2016-ին ստեղծուեցաւ «Սառա Քորնինկ» կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ 2011-ին Թորոնթոյի Ցեղասպանութեանց Ուսմանց կեդրոնը անուանակոչուեցաւ Սառա Քորնինկի անուամբ:
2017-ին Սառա Քորնինկ արժանացած է Թորոնթոյի հայ համայնքին կողմէ Outstanding Canadian Award-ին: