00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Զիջումներու սահմանն Արցախի անկախութիւնն է․ պաշտպանութեան նախկին նախարար

© Photo : official site of the PM of RAРабочий визит премьер-министра Армении Никола Пашиняна в Карабах (18 сентября 2018).
Рабочий визит премьер-министра Армении Никола Пашиняна в Карабах (18 сентября 2018). - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Յարութիւնեան կը կարծէ` բանակցութիւնները, որոնք կրնան վնաս տալ Արցախի անկախութեան, անիմաստ են:

ԵՐԵՒԱՆ, 23 ապրիլի – Sputnik. Հայկական կողմը պէտք է հասնի Արցախի հարցով ձեռնտու բանաձեւերու ընդունման, բայց հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ատոնք առանցքային դերակատարութիւն չեն ունենար:

Այս մասին Sputnik Արմենիային ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան:

Անոր խօսքով` իրական բանակցութիւնները փաստացի ընդհատուած են 2016 թուականի ապրիլին: Ատկէ յետոյ լիարժէք բանակցութիւններու մասին խօսք չկայ:

Город Ярмут, Канада - Sputnik Արմենիա
Եարմութ քաղաքին մէջ պիտի զետեղուի Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Քորնինկի արձանը

«Կարելի է ըսել , որ 2016-ի ապրիլէն ետք բանակցութիւններ ընդհանրապէս չեն եղած: Բանակցութիւնները սկսելու մասին բանակցութիւններ  եղած են», - ըսաւ Յարութիւնեան:

Հայկական կողմը հէնց այնպէս չէր պնդեր, որ միջադէպերու հետաքննման մեքենականութիւններ ներդրուին․ հայկական կողմին պէտք չէ յարձակիլ, պէտք չէ պատերազմ, ան ընդգծեց, որ Հայաստան իր հարցերը լուծած է:

Մեկնաբանելով հրադադարի կարգի խախտման միջազգային հանրութեան արձագանքը` Յարութիւնեան նշեց, որ այն միշտ չէ, որ առարկայական է ու ատոր պէտք է հանգիստ վերաբերիլ:

Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը բանաձեւեր  ընդունած է, որոնք չեն համապատասխանած հայկական կողմի շահերուն, բայց ատոնք անվերապահօրէն չեն ընդունուած:

«Եթէ յանկարծ վաղը որոշում կայացնեն, որ Արցախը պէտք է յանձնել, կը յանձնե՞նք: Ի հարկէ ոչ», - ըսաւ  Յարութիւնեան:

Субботнее шествие Никола Пашиняна (24 ноября 2018). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ

Ան աւելցուց, որ պէտք է լոպիստական աշխատանքներ իրականացնել միջազգային հարթակներու վրայ, սակայն միշտ չէ, որ ընդունուած բանաձեւերը հայկական կողմի շահերէն պիտի  բխին․ Ատրպէյճանը նոյնպէս քնացած չէ:

Ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններուն, ապա ատոնց մասնակցելու պատրաստակամութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ փոխզիջումներու երթալու պատրաստակամութեան:

«Զիջումները կրնան ըլլալ միայն այն ծիրին մէջ, որ չի վնասեր գլխաւոր նպատակին` Արցախի կարգավիճակին: Եթէ բանակցութիւններուն միջոցով չի կարելի Արցախի անկախութեան հասնիլ, ապա ատոնք անիմաստ կը դառնան», - նշեց Յարութիւնեան:

Ինչ կը վերաբերի համանախագահ երկիրներուն` անոնք միանշանակ ոչ մէկուն կողմէն կ’ըլլան, հակառակ պարագային անոնք կը դադրին միջնորդ ըլլալէ:

Աւելին, անոր խօսքով, համանախագահ երկիրներու շահերը տարածաշրջանին մէջ չեն համընկնիր: Երբ կը խօսին ղարաբաղեան խնդրին ընդհանուր մօտեցման մասին, ապա կ’ենթադրեն ոչ թէ խնդրի լուծման մէկ սենար, այլ որ կարգաւորումը դեռ հեռու է:

«Ո՛չ ԱՄՆ-ն, ո՛չ Ռուսաստանը չեն կրնար լուծել հակամարտութիւնը` հաշուի առնելով սեփական շահերը: Չնայած, որ Մոսկուան աւելի շատ  շահագրգռուած  է ու տարածաշրջանին աւելի մօտ է», - ըսաւ Յարութիւնեան:

Այս փուլին մէջ կողմերը դժուարութեամբ, բայց հասած են պայմանաւորուածութեան` վստահութիւն հաստատելուն ուղղուած միջոցներու իրականացման վերաբերեալ:

Ամփոփելով` Յարութիւնեան յիշեցուց, որ նախապէս  ատրպէյճանական կողմը բազմիցս հրաժարած է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն` սկսած  1994 թուականին հրադադարի ստորագրման պահէն:

Լրահոս
0