00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:33
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ

© Sputnik / Asatur YesayantsСубботнее шествие Никола Пашиняна (24 ноября 2018). Еревaн
Субботнее шествие Никола Пашиняна (24 ноября 2018). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Նիկոլ Փաշինեանի եւ դրօշի յայտնի պատմութիւնը ստիպեց աւելի ուշադիր ըլլալ Երեւանի փողոցներուն մէջ բարձրացուած ՀՀ դրօշներուն: Կը թուի, թէ որեւէ խնդիր չկայ, որ կրնայ բարկացնել վարչապետը, որովհետեւ մեծ մասը ո՛չ փոշիոտ են, ո՛չ ալ անկիւնը խցկուած: Բայց կայ մե՜ծ «բայց» մը:

ԵՐԵՒԱՆ, 23 ապրիլի – Sputnik, Գոռ Մարգարեան. Արարատեան մաքսատան մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը զայրացուցած դրօշի պատմութենէն գրեթէ 2 շաբաթ  անցած է, բայց թեման դեռ կը քննարկուի ու մարդոց հանգիստ չի տար: Այնքան հանգիստ չի տար, որ վարչապետը  քանի մը օր առաջ ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով կրկին անդրադարձաւ այդ թեմային ու վստահեցուց, որ իր այդ օրուան ըրածը ճիշդ կը համարէ:

Пресс-конференция премьер-министра Никола Пашиняна (19 марта 2019). Еревaн - Sputnik Արմենիա
«Ինքզինքէս ամենամեծ դժգոհը ես եմ». Փաշինեան կրկին անդրադարձաւ անձնակազմի խնդրին

«Ան, որ կ’անարգէ քաղաքացին, կ’անարգէ նաեւ դրօշը, ան, որ կ’անարգէ դրօշը, կ’անարգէ նաեւ քաղաքացին, որովհետեւ առանց քաղաքացիի դրօշ չկայ եւ առանց դրօշի քաղաքացի չկայ», - ըսաւ Փաշինեան: Ու  կարեւոր բան մըն ալ` վարչապետը նշեց, որ մեր երկրին մէջ պետական խորհրդանիշերը կայացած չեն: Փաշինեան ըսաւ, ինք միայն մէկ մարդու չէ ազատած աշխատանքէն, այլ ազատած է նաեւ պետական պաշտօնեաներու, որոնք անարգած են դրօշը:

Որոշեցինք փոքրիկ հետազօտութիւն իրականացնել ու պարզել, թէ ուր, ովքեր ու ինչ ձեւով  կ’անարգեն ՀՀ դրօշը Երեւանի մէջ:

Նախ նշենք, որ ՀՀ դրօշի մասին օրէնքը յստակ կանոններ կը սահմանէ պետական այս խորհրդանիշին համար, թէ ուր կրնայ  այն գործածուիլ, ու եթէ կը գործածուի այլ դրօշներու հետ, ապա ինչ դիրք պէտք է ունենայ:

Հէնց սկիզբէն ըսենք, որ Երեւանի մէջ դժուար է հանդիպիլ այնպիսի կառոյցի, որուն դիմաց ՀՀ դրօշը այլ դրօշի հետ ճիշդ  գործածուած է, յատկապէս` հիւրանոցներու դիմաց:

© Sputnik / Gor MargaryanAlexandria հիւրանոց, անհասկնալի դասաւորութիւն
Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ - Sputnik Արմենիա
Alexandria հիւրանոց, անհասկնալի դասաւորութիւն

Ըստ կառավարութեան 2016 թուականի սեպտեմբեր 2–ին կայացուցած որոշման` յստակ սահմանուած է, թէ ինչ պահանջներու պէտք է համապատասխանեն դրօշի թելերը, ինչ խտութեան պէտք է ըլլայ գործուածքը, եւ յստակ գրուած է, թէ դրօշի գոյները որ գունային մոտելներու արժէքներուն պէտք է համապատասխանեն: Քանի որ ատոնք անզէն աչքով հնարաւոր է տեսնել միայն ակնյայտ խախտման պարագային (օրինակ` նարնջագոյնի փոխարէն դեղին ըլլայ), մենք որոշեցինք առանձնացնել այն խախտումները, ուր սխալ է ՀՀ դրօշի դիրքը այլ դրօշի հետ գործածելուն:

© Sputnik / Gor MargaryanGrand Hotel Yerevan հիւրանոց, դրօշը պէտք է ըլլար ձախէն երրորդը
Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ - Sputnik Արմենիա
Grand Hotel Yerevan հիւրանոց, դրօշը պէտք է ըլլար ձախէն երրորդը

Ատոնցմէ մէկը նոյնիսկ պատռուած էր:

© Sputnik / Gor MargaryanԱրամի փողոց, «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ»-ու շէնքի հարեւանութեամբ: Դրօշը պատառոտուած է
Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ - Sputnik Արմենիա
Արամի փողոց, «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ»-ու շէնքի հարեւանութեամբ: Դրօշը պատառոտուած է

Դրօշի մասին օրէնքը կ’ըսէ, որ մեր երկրի տարածքին մէջ այլ դրօշի հետ բարձրացուելու պարագային ՀՀ դրօշը պէտք է ըլլայ շէնքի ձախ կողմը (դէմքով դէպի այդ շէնքը): Եթէ միաժամանակ կը բարձրացուին կենտ թիւով  քանի մը դրօշներ, ապա ՀՀ դրօշը պէտք է բարձրացուի մէջտեղը: Եթէ կը բարձրացուին զոյգ թիւով դրօշներ, ՀՀ դրօշը պէտք է բարձրացուի կեդրոնէն ձախ (օրինակ` 6 դրօշի պարագային ՀՀ դրօշը պէտք է ըլլայ ձախէն երրորդը):

© Sputnik / Gor MargaryanNational հիւրանոց: Դրօշը պէտք է կեդրոնը ըլլար
Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ - Sputnik Արմենիա
National հիւրանոց: Դրօշը պէտք է կեդրոնը ըլլար

Մեզի կը  մնայ յիշեցնել, որ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքը պատիժ կը սահմանէ դրօշն անարգելու համար: 331-րդ յօդուածը յստակ կը սահմանէ` Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգը, ինչպէս նաեւ այլ պետութեան պետական խորհրդանիշերն անարգելը կը պատժուի տուգանքով` նուազագոյն աշխատավարձի հարիւրապատիկէն երկուհարիւրհիսնապատիկի չափով, կամ կալանքով` մէկէն երեք ամիս ժամկէտով, կամ ազատազրկմամբ` առաւելագոյնը մէկ տարի ժամկէտով:

© Sputnik / Gor MargaryanՄիասնիկեան պողոտայ: Դրօշը պէտք կեդրոնը ըլլար
Փաշինեանի աչքէն հեռու. Երեւանի մէջ «սխալ» դրօշներու պակաս չկայ - Sputnik Արմենիա
Միասնիկեան պողոտայ: Դրօշը պէտք կեդրոնը ըլլար
Լրահոս
0