ԵՐԵՒԱՆ, 19 ապրիլի — Sputnik. Սուրիոյ մէջ ականային պատահարէ տուժած հայ սակրաւորն արդէն Հայաստան տեղափոխուած է: Այս մասին Sputnik Արմենիային ըսաւ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ –ի Հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեանը:
Մոսկուա տեղափոխուելէ յետոյ հայ սակրաւորը կրկնակի վիրահատութեան ենթարկուած է, ապաքինուած ու վերադարձած է Երեւան:
«Հիմա ան կը գտնուի իր տան մէջ: Առողջական վիճակը բաւարար է, վէրքը լաւնալէ ետք կազմողական վիրահատութեան պիտի ենթարկուի»,–ըսաւ Էլբակեան:
Յիշեցնենք, որ մարտ 7-ին Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու ընթացքին ականային պատահար տեղի ունեցած էր, որուն հետեւանքով հայ մասնագէտներու խումբի սակրաւորներէն մէկն աջ ոտնաթաթի վնասուածք ստացած է:
Պատահարին պատճառ դարձած էր փլաստիկէ իրանով ծուղակ ականը: Հայ սակրաւորի աջ ոտնաթաթն անդամահատուած էր:
Յիշեցնենք նաեւ, որ փետրուար 8–ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ 83 հոգիէ բաղկացած մասնագէտներու խումբը Հայաստանէն մեկնած է Սուրիա:
Խումբի կազմին մէջ ներգրաւուած են մարդասիրական ականազերծման մասնագէտներ, բժշկական անձնակազմ եւ մասնագէտներու անվտանգութիւնն ապահովող զօրախումբ: