ԵՐԵՒԱՆ, 19 ապրիլի-Sputnik. Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ բռնկած հրդեհէն անմիջապէս ետք, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ «Թուիթըր»ի վրայ կատարած քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Հայկական Հարցին։
Ան մասնաւորապէս գրած է. «Այսօր, երբ ամբողջ աշխարհը կը սգայ Փարիզի Նոթր Տամի տապալումը, ես կը մտածեմ, թէ հայերը ի՜նչ եկեղեցիներ կորսնցուցած են, որոնցմէ մի քանին հոգեւորականներով եւ մարդոցմով լեցուն, սարսափելի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին»: Այս մասին կը հաղորդէ «Asbarez»-ը:
Յիշեցնենք, որ Էվընզ պաշտօնազրկուած էր, պարզապէս որովհետեւ յանդգնութիւնը ունեցած էր հաստատելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը, ինքզինք ժողովրդավարութեան պաշտպանը համարող երկրին՝ ԱՄՆ-ի մէջ…