ԵՐԵՒԱՆ, 19 մարտի — Sputnik. Ինքզինքէս ամենամեծ դժգոհը ես եմ: Այսօր հրաւիրուած ասուլիսին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` պատասխանելով իր անձնակազմէն ունեցած դժգոհութեան մասին հարցին:
«Բայց երբ կ’ըսեն, որ մենք ձախողած ենք, պէտք է նաեւ ըսեն, թէ ուր ձախողած ենք: Մենք այս ընթացքին որեւէ ձախողում չենք ունեցած: Այսօր մեր պետական կառավարման համակարգին մէջ, ըստ էութեան, չկայ պաշտօնեայ, որուն կրնանք ըսել` դուն ձախողած ես: Այլ հարց է, երբ արագութեան ու դանդաղութեան հետ կապուած խնդիր կայ», –ըսաւ Փաշինեան:
Այդուհանդերձ, անոր խօսքով, կան որոշակի թերացումներ, ընդ որում, ատոնք կան բոլորի, ներառեալ իր գործողութիւններուն մէջ: Բայց ամէն բացթողումէ ետք պաշտօնանկութիւն ընելը Փաշինեանը ճիշդ չի համարեր:
Վարչապետը նաեւ վստահեցուց, որ ինք որեւէ կաշկանդուածութիւն չունի իր անձնակազմը քննադատելու ու անոնց պաշտօնանկ ընելու հարցով, բայց կը գերադասէ առողջ քննադատութիւնը, որ կրնայ նաեւ դաս ըլլալ տուեալ պաշտօնեային համար:
Որպէս օրինակ Փաշինեան յիշեց ՊԵԿ–ի հետ կապուած հանրային դժգոհութեան դրուագը` նշելով, որ հանրային ճնշումը կիրառուեցաւ որպէս այդ համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման գործիք:
Ան անդրադարձաւ նաեւ պարգեւավճարային հարցին` ատոր համար հանրութեան շնորհակալութիւն յայտնելով, բայց եւ յայտարարելով, որ պարգեւավճարներն անհրաժեշտ են պետական համակարգին մէջ դրական արդիւնք ապահովելու համար: