Սերգէյ Բաբլումեան
Կրնա՞ք պատկերացնել հայ մը, որ չէր ցանկար իր գործին մէջ ըլլալ առաջինը: Ահա եւ Աննա Տէր–Վարդանեանը նոյնպէս ցանկացած եւ դարձած է ԱՄՆ ռազմածովային ուժերու առաջին կին գերագոյն գլխաւոր աւագը:
Իսկ Գերագոյն գլխաւոր աւագը ԱՄՆ ռազմածովային ուժերուն մէջ զինծառայողներու համար նախատեսուած հնարաւոր բարձրագոյն կոչումն է (Master Chief Petty Officer): Որպէսզի աւելի հասկնալի ըլլայ, ըսենք` աւագը պատասխանատու է անձնակազմի ուսուցման, դաստիարակութեան, բարոյահոգեբանական վիճակի, տեխնիկական միջոցներու շահագործման, նաւային կարգախումբերու ծառայութեան, գոյքի պահպանման եւ անխափան վիճակի համար: Եւ սա դեռ ամէնը չէ: Բոլորովին ամէնը չէ:
Գուցէ Աննայէն առաջ ինչ–որ մէկը նոյնպէս ցանկացած է դառնալ առաջին կին աւագը, բայց... Թէպէտ պէտք է ըսել, որ Տէր–Վարդանեանի պարագային ալ բոլոր ցանկութիւնները չեն իրականացած:
«Ես հայ եմ, բայց երբեք չեմ այցելած հայրենիք: Յոյսով եմ, որ քանի մը անգամ կ՚իրագործեմ ծնողներուս երազանքը եւ Հայաստան կ՚երթամ», –ըսած է ան:
Բայց բախտ չէ ունեցած:
Չի կարելի ըսել, որ մեր հերոսուհին չէ փափաքած ամուսնանալ, այլապէս ինչու քանի մը անգամ համաձայնած է նշանադրութեան, բայց առանց հարսանիքի եզրափակիչ ձեռնարկի:
Միւս կողմէն, արդարացի չըլլար Աննային միայնակ անուանել: Այո, ան երեխայ չէ ունեցած, բայց ունեցած է 35 զարմիկ ու զարմուհի, որոնց հետ հեշտութեամբ ընդհանուր լեզու գտած է` հայերէն, ֆրանսերէն, երբեմն` սպաներէն, գերմաներէն եւ բնականաբար անգլերէն:
Հիմա անոր յաջողութիւն մասին:
««Ռոզի տը Ռիւթրում»(Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի կերպարներէն է: Կը մարմնաւորէ այն կանանց, որոնք Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կ՚աշխատէին գործարաններու եւ նաւարաններու մէջ, որպէսզի զօրքերուն ռազմամթերք մատակարարէին. խմբ.) աշխատանքի չանցայ: Ես աւելի աշխոյժ բան կը փնտռէի», – ըսած է Աննան:
Ռազմածովային նաւատորմի աւագէն աւելի աշխոյժ բան կը պատկերացնէ՞ք: Այն ալ Երկրորդ համաշխահային պատերազմի շրջանին:
Այստեղ արդէն աւելի մանրամասն պատմենք հայուհիին մասին: Ան ծնած է 1920թ–ին Տիթրոյտ (Միշիկըն նահանգ), հայ գաղթականներու ընտանիքի մէջ: Ուսանած է Տիթրոյտի գործարարութեան համալսարանը եւ միաժամանակ Կանանց օդային օժանդակ մարմնին մէջ: Պատերազմը սկսած է: Տէր–Վարդանեան զօրակոչուած է կամաւորական ծառայութեան:
Ի դէպ, մեր հերոսուհիի ընտանիքէն ներս ռազմական գործով զբաղուիլը սովորական երեւոյթ եղած է. քոյրը ծառայած է ԱՄՆ–ի ռազմածովային նաւատորմին մէջ, եղբայրը` Խաղաղ ովկիանոսի շրջանի զինուած ուժերուն մէջ, մայրը նոյնպէս փորձած է անցնիլ նաւատորմային ծառայութեան, սակայն ընտանեկան հանգամանքներէն ելլելով` մնացած է աշխատելու Կարմիր խաչի կոմիտէին մէջ:
Վերադառնանք Աննային եւ անոր ծառայողական առաջընթացին: «Е-7» կոչումը ստացած է Սան Ֆրանսիսքոյի ռազմածովային կեդրոնին մէջ, «Е-8» կոչումը (ՌԾՈՒ աւագ)` Նիւ Ճըրսիի մէջ: Յետոյ յաջորդած է «Е-9»–ը, որմէ յետոյ մտած է ԱՄՆ–ի պատմութեան մէջ` դառնալով առաջին եւ վերջին կինը, որ արժանացած է ՌԾՈՒ բարձրագոյն կարգի սպայի կոչման:
Չեմ գիտեր, թէ ինչպիսի ընթացք կ՚ունենար գործը միւս նաւատորմերուն մէջ, բայց ամերիկեանի մէջ Աննան ստիպած է կոտրել այն կարծրատիպը, թէ կնոջ ներկայութիւնը նաւի վրայ վատ նշան է:
Չէ՞ որ անցեալին կանանց թոյլ չեն տուած բարձրանալ նաւ: Անոր, որ կը համարձակէր խախտել այդ կանոնը, միանգամէն մահապատիժի կ՚ենթարկէին: Կը համարուէր, որ նաւն արդէն կին մըն է: Բոլոր նաւերը կոչուած են կանանց անուններով, իսկ նաւի առաջամասին վրայ միշտ եղած է կիսամերկ աղջկայ արձան:
Նաւաստիներու կարծիքով` ծովը կրնար հանդուրժել մէկ կնոջ (նաւի) ներկայութիւնը, իսկ ահա եւս մէկ իրական կնոջ ներկայութիւնը կը յանգեցնէր նաւաբեկութեան: Հետաքրքիր է, որ նման սնահաւատութիւն եղած է ոչ միայն ծովահէններու շարքին մէջ: Դանիոյ մէջ 1562թ–ին հրաման արձակուած է. «Կանայք եւ խոզերը տեղ չունին նաւի վրայ: Եթէ նման բան յայտնաբերուի, անմիջապէս դուրս նետել»:
Փառք Աստուծոյ, մեր Աննան ապրած եւ ծառայած է ոչ միջնադարեան Դանիոյ մէջ:
1963թ–ին ան կը հեռանայ նաւի անձնակազմէն, բայց կրկին չերթար «Ռոզի տը Ռիւթր», այլ, կարելի է ըսել, կը դառնայ մեր մարդը Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան մէջ: Սկիզբը` կրտսեր, այնուհետեւ աւագ (ով կը կասկածէր) վերլուծաբան հակահետախուզութեան մասով:
Տէր–Վարդանեանի կեանքի այդ էջերը չես թերթեր, բայց, եթէ դատենք անոր յաճախակի ուղեւորութիւններէն (Եգիպտոս, Թունիս եւ Ալժիր), ինչ–որ բան կարելի է հասկնալ: Իսկ եթէ ուշադիր նայինք մեր հերոսուհիի դէմքի բնորոշ դիմագիծերուն, ապա այդ կը դառնայ «ինչու» -ի պատասխանը:
Ահա թէ ինչ ըսած է հէնց ան ԿՀՎ–ի մէջ իր ծառայութեան մասին. «Ինծի համար հաճելի էր այնտեղ: Ես Մերձաւոր Արեւելքի գծով վերլուծաբան էի: Այսքանը»:
Մէկ այլ հարց, թէ որքանով հաճելի եղած է Մերձաւոր Արեւելքին:
Աննան հետախուզութենէն հեռացած է 2007թ–ին 87 տարեկանին` տասնեակ շքանշաններ եւ մետալներ ստանալով մարտական վաստակի համար. Շրջապատս բոլորը չափազանց երիտասարդ էին, եւ ես մտածեցի, որ հեռանալու ժամանակն է»:
Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեւակերպման նրբագեղութեան. ոչ թէ ան ծերացած է, այլ երիտասարդները շատցած են:
Ապրած է եւս չորս տարի եւ 90 տարեկանին խաղաղ հանգչած: Անոր հողին յանձնած են Ուաշինկթընի մօտ` Առլինկթընի գերեզմանատան մէջ: