ԵՐԵՒԱՆ, 14 մարտի — Sputnik. Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող անձնակազմը նախատեսուած ծրագիրին համաձայն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն ՊՈԱԿ–ի ֆէյսպուքեան էջը:
«Սակրաւորային խումբը մարտ 13-ին մասնակցած է «Ականազերծման տեղամաս, անվտանգութեան կանոններ» թեմայով գործնական պարապմունքին: Այն իրականացուցած են «Հումանիտար ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-ի գլխաւոր տեսուչ Արա Մարտիրոսեան եւ Գործողութիւններու բաժինի պետ Արթուր Բլբուլեան: Մէկ բժիշկ ընդգրկուած է ականազերծում կատարող ինժեներա-սակրաւորային խումբի կազմին մէջ` սակրաւորներու բժշկական ապահովումը, ինչպէս նաեւ առաջին բուժօգնութեան եւ տարհանման դասընթացները կազմակերպելու նպատակով»,–գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հայաստանէն գացած բժիշկներն իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն Հալէպի տարբեր հիւանդանոցներու մէջ, կ՚իրականացնեն հետազօտութիւններ, կը կատարեն վիրահատութիւններ:
Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբը իւրաքանչիւր օրուայ աւարտին կ՚ամփոփէ կատարուած աշխատանքները, կը նախանշուին յաջորդ օրուան ընելիքները:
Յիշեցնենք, որ փետրուար 8–ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ 83 հոգիէ բաղկացած մասնագէտներու խումբը մեկնած է Սուրիա: Խումբի կազմին մէջ ներգրաւուած են մարդասիրական ականազերծման մասնագէտներ, բժշկական անձնակազմ եւ մասնագէտներու անվտանգութիւնն ապահովող զօրախումբ: