ԵՐԵՒԱՆ, 14 մարտի-Sputnik. Արցախի Դրմբոն համայնքին մէջ 11-13-րդ դարերով թուագրուող խաչքարեր յայտնաբերուած են։ Խաչքարերը կը թուագրուին 11-13-րդ դարերով, կը յայտնէ Արցախփրեսը:
Խաչքարերը Դրմբոնի մատուռ-գերեզմանատան տարածքին մէջ յայտնաբերած է Մարտակերտի շրջանային ծառայութեան պետ Աւետիք Աղաբեկեան` իր հերթական շրջայցին իբրեւ արդիւնք:
Նշենք, որ Դրմբոն, գիւղ է Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ, կեդրոնէն 30 քմ հարաւ-արեւմուտք՝ Թարթառ գետի վերին հոսանքի աջ ափին, 750 մ բարձրութեան վրայ: Գիւղի շրջակայքին մէջ կը գտնուի Մանդուռի եկեղեցին (12- դար), Մաչախ շինատեղ, Թխկուտ գոմեր, Ճոխտակ խաչ, Մուքի խաչ սրբավայրերն ու Ղլբենին խաչքարերու խումբը: