ԵՐԵՒԱՆ, 27 յունիսի — Sputnik. Հայաստանեան հեռուստաընկերութիւններէն մէկը սկսած է վաւերագրական ֆիլմ նկարահանել հնագոյն Փալմիրա քաղաքին մէջ եւ Սուրիոյ շարք մը այլ շրջաններուն մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական կառոյցի գործած աւերածութիւններու մասին: Այս մասին կը յայտնէ Sana գործակալութիւնը:
Սենարիստն ու բեմադրիչը Վալտան Վանէսեանն է: Ըստ անոր` ֆիլմը պիտի ներկայացնէ, թէ ինչ կատարուած է Փալմիրայի հնագիտական արժէք ներկայացնող կառոյցներու ահաբեկիչներու յարձակումէն յետոյ: Ֆիլմը պիտի օգնէ լայն հասարակութեան իմանալու ճշմարտութիւնն այդ ողբերգական իրադարձութիւններուն ու գրոհայիններու բարբարոսութեան մասին:
«Փալմիարան քաղաքակրթութեան դէմ որեւէ յարձակումի դիմակայութեան խորհրդանիշը կը մնայ», – նշած է Վանէսեան:
Ֆիլմի հեղինակը կը կարծէ, որ Սուրիան ահռելի պատմական ու մշակութային ժառանգութիւն ունի ու անհրաժեշտ է փաստագրել բոլոր այն յանցագործութիւնները, որոնք կը կատարուին ընդդէմ համաշխարհային ժառանգութեան:
Եւս 500.000 քաղաքացի պիտի կրնայ սրտի անվճար վիրահատութենէ օգտուիլ. ովքեր են անոնք