ԵՐԵՒԱՆ. 26 յունիսի-Sputnik. Սթամպուլի նորընտիր քաղաքապետ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ԺՀԿ) առանցքային գործիչներէն Էքրեմ Իմամօղլուն նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ խօսած է իրեն համար նշանակալի դեր ունեցած հայ ճարտարապետի մասին:
Հեռուստաեթերէն պատմելով այդ մասին` Իմամօղլուն դրուագ մը ներկայացուցած է իր կեանքէն: Նշած է, որ 1990-ական թուականներուն իր մերձաւոր շրջապատին մէջ հայ ճարտարապետ մը կար, որ լիովին փոխած է քաղաքներու ու շինութիւններու մասին իր պատկերացումները: Խօսքը Թուրքիոյ մէջ յայտնի հայզագի ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի մասին է:
Նորընտիր քաղաքապետը վերյիշած է, թէ ինչպէս հայ ճարտարապետին հետ միասին շրջած է իր ծննդավայր Տրապիզոն քաղաքին մէջ: Իմամօղլուն առաջարկած է երթալ քաղաքէն դուրս եւ բնութեան մէջ զբօսնել, բայց հայ ճարտարապետը առարկած է` ըսելով որ Տրապիզոն քաղաքին մէջ դիտարժան շատ վայրեր կան:
Իմամօղլուն զարմացած է, թէ Տրապիզոնի մէջ բացի կրաձոյլէ շէնքերէն ուրիշ ինչ կայ տեսնելու, բայց չէ առարկած եւ իր խօսքերով Զաքարիա ճարտարապետի ուղեկցութեամբ նորովի բացայայտած է իր իսկ ծննդավայրը եւ ատկէ յետոյ սկսած է բոլորովին այլ աչքով նայիլ Տրապիզոնին: