ԵՐԵՒԱՆ, 25 յունիսի — Sputnik. 48 ուղեւորով Մոսկուայէն Երեւան ընթացող «Աւազառ Բուս» հայկական ուղեւորափոխադրող հանրակառքի վարորդներէն մէկը վրացական Մցխէթ քաղաքի քննչական մեկուսարանին մէջ է: Այս մասին Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ անոր փաստաբանը` Գոչա Տեդիաշուիլին:
Երէկ յայտնի դարձած էր, որ յունիս 22–ին Մոսկուայէն մեկնած հանրակառքը հատած էր Ռուսաստանի սահմանը, սակայն վրացի սահմանապահները չէին ձգած անոր շարունակել ճանապարհը, քանի որ սրահին մէջ արգիլուած ապրանք յայտնաբերուած էր: Հանրակառքին մէջ մօտ կէս քիլոկրամ թմրանիւթ եղած է:
«Վրաստանի դատախազութեան գործողութիւններն անհասկնալի են: Եթէ վարորդ մը ձերբակալած են, ապա միւսն ալ պէտք է ձերբակալէին: Միաժամանակ կը պնդեմ, որ ձերբակալուածը մեղաւոր չէ: Ես որպէս ապացոյց տեսագրութիւն ունիմ», – ըսաւ Տեդիաշուիլին:
Անոր խօսքով` տեսանիւթին մէջ կ’երեւի` ինչպէս Մոսկուայի մէջ վերահսկիչը տուփ մը վարորդին կը փոխանցէ: Տուփին վրայ հեռախօսահամար կայ, այդ համարով պէտք է զանգահարէին մարդուն, որ Երեւանի մէջ ստանային ապրանքը:
Այս պահուն վարորդը Մցխէթի մեկուսարանին մէջ է, երկրորդին վարորդն ու կասկածեալ ուղեւորի անձնագիրները վերցուցած են, որ անոնք մինչ քննութեան աւարտը չլքեն Վրաստանը:
Անտառներ հատելու կարիքը չըլլար. Հայաստանի մէջ վառելիքի նոր արտադրութիւն կ’ընդլայնուի
Երէկ բոլոր ուղեւորներուն, բացի մէկէն, ձգած էին անցնիլ: Կ’ենթադրուի, որ հէնց ան բեռը կ’ուղեկցէր: Փաստաբանը համոզուած է անով:
Տեդիաշուիլին կը պահանջէ, որ գործին միջամտէ Վրաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեան:
Մենք կապ հաստատած ենք նաեւ ընկերութեան ղեկավարութեան հետ: Այս պահուն ուղեւորներուն համար եկած հանրակառքը Դիլիջան է: Անոնք Երեւան կ’ուղեւորուին: