ԵՐԵՒԱՆ, 25 յունիսի – Sputnik. Զբօսաշրջութեան հայկական ֆետերասիոնի նախագահ Մեխակ Ապրեսեան կը կարծէ, որ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ օդանաւային հաղորդակցութեան դադարեցումը զբօսաշրջիկներու լրացուցիչ հոսք պիտի ապահովէ Հայաստան:
Ապրեսեանի խօսքով` թէեւ շուտով Վրաստանի ուղղութեամբ չուերթներու արգելանք պիտի գործէ, այդուհանդերձ Հայաստան պէտք չէ սպասէ ատոր , այլ պէտք է աշխատի նպատակային շուկաներուն մէջ` մեր երկիրը ներկայացնելու եւ զբօսաշրջութիւնը խթանելու նպատակով:
«Պէտք չէ սպասենք` արգելանք ըլլայ, որ շահինք, պէտք է գրաւիչ դարձնենք Հայաստանը զբօսաշրջիկներու համար ընդհանրապէս»,– կ’ըսէ ան:
Անոր խօսքով` անկախ ամէն ինչէն, ռուսական շուկան շատ մեծ է, ամէնէն շատ զբօսաշրջիկները Ռուսիայէն կու գան:
Ապրեսեան կը նշէ` խիստ կարեւոր է, որ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներն այստեղէն գոհ մեկնին, սպասումներն ալ` արդարացած:
Յիշեցնենք` ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամանագիր ստորագրած է, ըստ որուն` յուլիսի 8-էն ժամանակաւորապէս կը դադրեցուի Վրաստանի հետ օդանաւային հաղորդակցութիւնը:
«Այրոֆլոտ»-ը իր ուղեւորներուն առաջարկած է Վրաստանի մայրաքաղաքի ուղղութեամբ չուերթները փակելէն յետոյ օգտուիլ Երեւանի եւ Վլատիկավկազի օդակայաններէն: