ԵՐԵՒԱՆ, 26 յունիսի — Sputnik, Արամ Գարեգինեան. «Սպայկա» ընկերութիւնը կը շարունակէ նախկին ծաւալներով միրգեր գնել ու արտահանել: Այս մասին Դիլիջան կայացած միջազգային ներդրումային համաժողովի ընթացքին Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին յայտնեց ընկերութեան նախագիծերու գիծով տնօրէն Կարէն Բաղդասարեան:
Այս ապրիլին ձերբակալուած էր «Սպայկա» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Դաւիթ Ղազարեան:Պետական եկամուտներու կոմիտէն ընկերութեան ու ատոր հետ փոխկապակցուած կառոյցներուն մեղադրած էր 7 միլիար դրամի հարկերէն խուսափելու մէջ: Ատկէ յետոյ միրգ ու բանջարեղէնի արտահանում իրականացնող այս ընկերութիւնները` «Սպայկա»-ի գլխաւորութեամբ, յայտնած էին, թէ ստիպուած են 80 համայնքներու մէջ դադրեցնել միրգ ու բանջարեղէն գնելու գործընթացքը, քանի որ որոշ դրամատուներ հրաժարած են իրենց վարկ տրամադրելէ:
Այնուամենայնիւ, ձեռնարկութիւնը յաջողած է ամբողջ ծաւալով վերականգնել մթերումը, իսկ գլխաւոր տնօրէնը դրամական գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է: Ան նոյնպէս ներկայ էր Դիլիջանի մէջ կայացող համաժողովին:
Կարէն Բաղդասարեան պարզաբանեց, որ շրջանառութեան միջոցներ գտնուած են Nasdaq OMX տեղական հիմնադրամային պորսային մէջ բաժնետոմսեր թողարկելու հաշուին:
«Մթերումն աւելի լաւ կազմակերպելու համար հարիւր նոր բեռնատար գնած ենք: Այժմ ատոնք մաքսազերծման փուլի մէջ են», – աւելցուց ան:
Բաղդասարեանի խօսքով` այս տարի միրգի բնական բերք կ’ակնկալուի: Խնդիրներ յառաջացած են ծիրանի ու կեռասի վաղ հասնող տեսակներուն հետ: Ծաղման շրջանին ատոնց փոշոտման քիչ մը խանգարած են գարնանային անձրեւները, յատկապէս` Արարատի մարզին մէջ:
Հարկայինի հետ խնդիրներէն առաջ` մարտի կէսին, ընկերութիւնը նոր արտադրութիւն բացած է ու սկսած եւրոպական բորբոսապանիրներ արտադրել: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ էր բացումին: Բաղդասարեան աւելցուց, որ, բարեբախտաբար, յաջողած են պահպանել այդ նախագիծը:
«Շուտով առաջին խմբաքանակը կը թողարկենք: Արդէն արտահանման գործարքներ կնքած ունինք , բայց մթերքի մէկ մասը ներքին շուկայի համար է», – ըսաւ ան:
Բայց մէկ այլ նախագիծ ձախողած է: Արտահանողները կ’ուզէին կթի ինքնազօր սարքեր ու կաթի պաստերացման ջրամբարներ բաժնել գիւղացիներուն ` տարաժամկէտ վճարման պայմանով:
«Ցաւօք, ստիպուած էինք վերանայիլ այդ ծրագիրը: Բայց գիւղացիներէն շատերը մտադիր են ինքնուրոյն գնել տեխնիկան. անով գումար վաստակելու հնարաւորութիւն կը տեսնեն: Մենք պատրաստ ենք գնելու կաթը ցած գնով` լիթրի համար վճարելով 190 դրամ: Ատիկա 30%–ով կը գերազանցէ շուկայական միջին գինը: Բացի այդ, գիւղացիներուն հետ տարեկան պայմանագիրներ կը կնքենք, որոնց շնորհիւ անոնց աւելի հեշտ վարկ կը տրամադրեն», – աւելցուց Բաղդասարեան:
Յիշեցնենք` հարկայինի խնդիրներու պատճառով, Եւրասիական զարգացման դրամատունը ժամանակաւոր դադրեցուցած է «Սպայկա» ընկերութեան վարկի տրամադրումը: Ընկերութիւնը կը պատրաստուէր այդ գումարով արդիականացնել արտադրութիւնն ու պահեստային տարածքները: