00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:29
8 ր
Ուղիղ եթեր
09:37
23 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
3 ր
Ուղիղ եթեր
10:04
39 ր
Ուղիղ եթեր
11:01
5 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
5 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:05
8 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:29
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:33
27 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
42 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
5 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:05
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
4 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Ինչպէս Աշոտը վիեթնամցիներուն սորվեցուց տոլմա ուտել. հայկական ճաշարան Նեաչանգի մէջ

© Photo : provided by Ashot HarutyunyanРесторан "Armenia. У Ашота", Вьетнам
Ресторан Armenia. У Ашота, Вьетнам - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Վիեթնամի զբօսաշրջութեան լաւագոյն շրջաններէն մէկուն մէջ` Նեաչանգի մէջ, արդէն քանի մը տարի է կը գործէ «Արմենիա» ճաշարանը: Կարճ ժամանակուան մէջ այն դարձած է ոչ միայն զբօսաշրջիկներու, այլեւ տեղացիներու սիրելի վայրը: Անոնք այստեղ կու գան ոչ միայն հայկական համեղ կերակուրներ համտեսելու, այլեւ հայկական հիւրասիրութեան հաճոյքը վայելելու համար:

Մարիաննա Փայտյան, Sputnik Արմենիա

Խաղողի տերեւով տոլմա, թանապուր, քապապ, իմամ պայըլտի, ոսպով ապուր, կոկորդիլոսի խորոված. արտասովոր ոչինչ կայ, Վիեթնամի մէջ կոկորդիլոսի միսն այնքան տարածուած է եւ այնքան աժան, որ յատուկ կերակուր չի համարուիր:

© Photo : provided by Ashot Harutyunyan«Հայաստան` Աշոտի մօտ». Վիեթնամ, Նեաչանգ հանգստավայր
Ինչպէս Աշոտը վիեթնամցիներուն սորվեցուց տոլմա ուտել. հայկական ճաշարան Նեաչանգի մէջ - Sputnik Արմենիա
«Հայաստան` Աշոտի մօտ». Վիեթնամ, Նեաչանգ հանգստավայր

2013-ին երեւանցի Աշոտ Յարութիւնեան հաւաքեց պայուսակն  ու ճանապարհ ինկաւ` ուղղութիւնը դէպի Ասիա: Յստակ պայմանաւորուածութիւններ չունէր, միայն վճռական էր, որ ինչ ալ սկսի, պիտի չի յանձնուի ու յաջողութեան պիտի հասնի: Հայաստանի մէջ ճաշարանային ոլորտին մէջ աշխատած էր, նաեւ ղեկավարած երեւանեան խոշոր ճաշարաններէն մէկը: Այնպէս որ ոլորտը պարզ էր: Առաջին կանգառը Չինաստանն էր, այստեղ բացաւ փոքրիկ ճաշարան մը, բայց յաջողութիւն չունեցաւ: Կ’ըսէ` խնդիրները լուծելու համար են, փոքրիկ անյաջողութիւնը ձեռքերը վար իջեցնելու պատճառ չէր: Օգտուելով առիթէն` այցելեց զբօսաշրջային Խայնան կղզի, ծանօթացաւ տեղի յաջողակ ճաշարանային գործին ու հասկցաւ, որ ծովափնեայ հանգստավայրին մէջ ճաշարան ունենալը վատ միտք չէ: Յաջորդ` արդէն երկարաժամկէտ կանգառը Վիեթնամի յայտնի Նեաչանգ հանգստավայրին մէջ էր: Ծովափէն  քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ` ընդամէնը 20 քառ.մեթր տարածքին մէջ Աշոտը հիմնեց «Փոքրիկ Հայաստանը»: Հիմա «Փոքրիկ Հայաստանը» սահմաններն ընդարձակած է, դարձած 1600 քառ.մ տարածքով «Հայաստան` Աշոտի մօտ»:

© Photo : provided by Ashot HarutyunyanԱշոտ Յարութիւնեան ընտանիքին հետ
Ինչպէս Աշոտը վիեթնամցիներուն սորվեցուց տոլմա ուտել. հայկական ճաշարան Նեաչանգի մէջ - Sputnik Արմենիա
Աշոտ Յարութիւնեան ընտանիքին հետ

Աշոտը հպարտութեամբ կը պատմէ, որ մինչեւ ճաշարանի բացումն այս փողոցով գրեթէ ոեւէ զբօսաշրջիկ չէր անցներ, հիմա այն դարձած է Նեաչանգի ամենաաշխոյժ զբօսաշրջային վայրերէն  մէկը, շատերուն համար այն «Армянский переулок» է: Ի դէպ, թէպէտ ճաշարանին մէջ  տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ կ’ըլլան` չինացիներ, հնդիկներ, քորէացիներ, ֆիլիփինցիներ, տեղացիներ, բայց ամենաշատը, թերեւս, ռուսերն են, որոնք նաեւ յաճախ Վիեթնամի մէջ բացայայտած «Հայաստան»-ի մասին կը պատմեն իրենց պլոկին մէջ, տարբեր հաւաքներու ատեն:

Туристы из Китая в Ереване - Sputnik Արմենիա
Հայաստանի մէջ կայ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ` ոչ. չինացի զբօսաշրջիկները հիացած են հայերով

«Ես շատ փոքր տարիքէս  սկսած եմ աշխատիլ, անուն ձեռքբերելը շատ դժուար բան է, երկրորդ դժուարութիւնն այն պահելն է»,- կ’ըսէ Աշոտը: Նեաչանգի մէջ անոր շնորհիւ տեղացիներն ու հիւրերը ոչ միայն հայկական խոհանոցին, այլեւ հայերու ու Հայաստանի մասին կարծիք կը կազմեն: Աշոտը, իր կինն ու երկու երեխաները (աւագ դուստրը Սպանիոյ մէջ կ’ուսանի) Նեաչանգ ապրող միակ հայերն են: Հետաքրքուած է ու պարզած, որ 1974-ին այստեղ եւս մէկ հայ  ապրած է` ճարտարապետ Մարատը: Պատերազմական ժամանակներ  եղած են` զինուորական քաղաք, նաւահանգիստ, ուր կայանուած սուզանաւերն ու ռազմական նաւերը վերանորոգուած են, Մարատն աշխատած է Խորհրդային Միութեան կողմէ: Ատկէ  յետոյ այստեղ ոչ մէկ հայ ապրած է:

«Ես եկած եմ, ինծի ոչ մէկը  դիմաւորած է, Աստուծոյ օգնութեամբ յաջողութեան հասայ»:

Նեաչանգի «միակ հայերը» ըլլալու պատասխանատուութիւնը Յարութիւնեան ընտանիքը լաւ կը  հասկնայ, ճաշարանին մէջ տեղադրուած պաստառներուն մշտապէս Հայաստանը ներկայացնող զբօսաշրջային տեսանիւթեր կը պտըտին, որպէսզի այստեղ եկող հիւրերը ճանչնան Հայաստանի համը, յետոյ տեսնեն երկրի գեղեցկութիւնը, հմայուին ու որոշեն յաջորդ ճանապարհորդութեան ուղղութիւնը:

«Այստեղ եկող գրեթէ բոլոր հիւրերը նոյնը կ’ըսեն` աշխարհի մէջ երեւի այդպիսի տեղ չկայ, որ մէկ հայ չըլլայ, ու այդ մէկ հայն ալ յաջողութեան հասած կ’ըլլայ»,- կը պատմէ Աշոտը:

Երբեմն ճաշարան եկող հիւրերուն մէջ նաեւ հայեր կ’ըլլան, ի հարկէ, հիմնականին մէջ անոնք ռուսաստանաբնակ են, կու գան ու հեռաւոր Վիեթնամի մէջ հայրենիքի կարօտցած համը կ’առնեն. Աշոտն անգամ թոնիր կառուցած է, որուն մէջ լաւաշ կը թխեն, ճաշարանին մէջ նաեւ հայկական թարմ մերած մածուն կը  մատուցեն:

© Photo : provided by Ashot Harutyunyan«Հայաստան` Աշոտի մօտ». Վիեթնամ, Նեաչանգ հանգստավայր
Ինչպէս Աշոտը վիեթնամցիներուն սորվեցուց տոլմա ուտել. հայկական ճաշարան Նեաչանգի մէջ - Sputnik Արմենիա
«Հայաստան` Աշոտի մօտ». Վիեթնամ, Նեաչանգ հանգստավայր

Իւրաքանչիւր յաջողակ տղամարդու ետեւը  խելացի կին  կանգնած է: Աշոտին ճաշարանի գործին մէջ  շատ կ’օգնէ կինը, ան կը հետեւի քաղցրաւենիքներու պատրաստման: Հրուշակագործը եգիպտացի է, բայց արեւելեան քաղցրաւենիքէն բացի կը պատրաստեն նաեւ հայկական եւ Հայաստանի մէջ շատ սիրուած թխուածքներ` գաթա, «Նապոլէոն», «Միկադօ» եւ այլն: Ճաշարանին մէջ  խոհարարական բազմազանութիւն է, բացի եգիպտացի հրուշակագործէն, կ’աշխատին վեց վիեթնամցի խոհարար եւ երկու հայ: Անոնք Աշոտի եւ անոր ընտանիքին նման մշտական բնակութիւն չեն հաստատած, կու գան միայն աշխատելու:

Американские солдаты высаживаются с десантного корабля в Нормандии (6 июня 1944). Франция - Sputnik Արմենիա
«Երկրորդ ճակատը» եւ ամերիկեան բանակի հայ մարտիկները. ի՞նչ յայտնի է

Հիմա խոհարարներէն մէկը Հայաստան գացած է, բայց անոր բացակայութենէն գործը չի տուժեր. Աշոտ կը ստանձնէ անոր դերը: Ըստ անոր` ինչ-որ գործի մէջ յաջողելու համար կարեւոր է ատոր բոլոր կողմերուն տիրապետելը: Այդպէս ճաշարանի սեփականատէր Աշոտն ամէն օր շուկայ  կ’երթայ, օրուան գնումները կը կատարէ: Հիացմունքով կը պատմէ Վիեթնամի հացամթերքի մասին` ձուկերու, խխունջներու, խեցգետիններու եւ այլ ծովաբնակներու մասին. այնպիսի համեղ ընտրութիւն կայ, որ աշխարհի մէկ այլ երկրի մէջ դժուար թէ գտնուի:

Աշոտն ու իր ընտանիքը Վիեթնամի կեանքին վարժուած են, կրտսեր տղան մանկապարտէզ  կը յաճախէ, վիեթնամերէն կը խօսի, տղան կը յաճախէ Հանոյի` ռուսական դպրոցը: Կապ կը պահեն Վիեթնամի տարբեր քաղաքներ ապրող հայերու հետ: Աշոտ հպարտութեամբ կը պատմէ, որ այստեղ իր ճանչցած գրեթէ բոլոր հայերն իրենց ոլորտին մէջ յաջողութիւններու  հասած են, անուն ու հեղինակութիւն վաստակած.

«Երիտասարդ տղայ մը կայ, կը պատկերացնէք` 28 տարեկանին դարձած է միջազգային օդանաւերու  հրամանատար օդաչու, շատերը կան, որ յաջողակ գործարարութիւն կը վարեն, բոլորս իրար հետ կապ կը պահենք»,- կ’ըսէ Աշոտը:

Ян Гиллан и Тони Айомми в Гюмри - Sputnik Արմենիա
Եան Կիլան արդէն Գիւմրիի պատուոգիր ունի. անոր նաեւ կ’ուղեկցի «Նարեկ»-ի զօրութիւնը

Այս աշխարհի մէջ ամենակարեւորն ընտանիքն է, հէնց ընտանիքին համար ալ Աշոտը մեկնեցաւ երկրէն: Կը խոստովանի, որ ստիպուած էր երեք տարբեր վայրերու մէջ աշխատիլ, որպէսզի ապահովեր ընտանիքին, երեխաներուն լաւ կրթութիւն ու ապագայ տար: «Պիտի վերադառնաք՞ Հայաստան» հարցիս ի պատասխան Աշոտ կ’ըսէ, որ իր տունը Հայաստանի մէջ է, չէ վաճառած բնակարանը, մտքով ալ  չէ անցնած, պարզապէս փակած է դուռն ու դուրս եկած, բայց ի վերջոյ, ի հարկէ, պիտի վերադառնայ:

Առայժմ վիեթնամցիներն ու աշխարհի տարբեր կողմերէ Նեաչանգ եկող զբօսաշրջիկները պիտի հիւրընկալուին «Հայաստան` Աշոտի մօտ», բացայայտելու հայկական խոհանոցի համն ու բոյրը եւ անգամ օտար հողի վրայ վայելելու հայկական հիւրընկալութիւնը:

Լրահոս
0