ԵՐԵՒԱՆ, 6 յունիսի — Sputnik, Արմենուհի Մխոյեան. Հայաստան կատարած այցի ծիրէն ներս «Deep Purple»-ի վոկալիստ Եան Կիլան եւ «Black Sabbath»-ի կիթառահար Թոնի Այոմին այսօր`յունիս 6-ին, Գիւմրի այցելած են: Հեղինակաւոր երաժիշտներու այցը Գիւմրի պատահական չէ:
30 տարի առաջ աւստրալիական «Do something» ընկերութեան համահիմնադիր Ճոն Տին համախմբեց աշխարհահռչակ երաժիշտները` իրենց աջակցութիւնը ցոյց տալու Սպիտակի երկրաշարժէն տուժած բնակիչներուն: Ռոք-աստղերը ձայնագրեցին «Deep Purple»-ի «Smoke on the water» երգը եւ օգնեցին թողարկել յատուկ սկաւառակ, որուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը տրամադրուեցաւ Հայաստանին:
2008 թուականին եւս հեղինակաւոր երաժիշտները բարեգործական համերգներով մեծ աջակցութիւն ցոյց տուին Գիւմրիի թիւ 6 երաժշտական դպրոցին` վերականգնելով այն ու նոր երաժշտական գործիքներ նուիրելով:
Տարիներ անց յայտնի ռոք երաժիշտներն այցելեցին Գիւմրիի թիւ 6 երաժշտական դպրոց: Երաժշտական դպրոցին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան: Դպրոցի սաները հիւրերուն ներկայացան գեղեցիկ կատարումներով եւ արժանացան աշխարհահռչակ երաժիշտներու յոտնկայս ծափահարութիւններուն:
Քաղաքապետն իր եւ բոլոր գիւմրեցիներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց աշխարհահռչակ երաժիշտներուն: Թիւ 6 երաժշտական դպրոցի կայացման գործին մէջ ունեցած մեծագոյն աւանդի եւ Գիւմրիի մշակութային կեանքի զարգացման նպաստելու համար «Deep Purple» խումբի վոկալիստ Եան Կիլան պարգեւատրուեցաւ Գիւմրիի քաղաքապետի պատուոգիրով եւ «Նարեկ»-ով:
Գիւմրիի 6-րդ երաժշտական դպրոցը հիմնադրուած է 1976 -ին եւ գործած է մինչեւ 1988-ի երկրաշարժը: Այնուհետեւ դպրոցը վերսկսած է իր գործունէութիւնը 1990-ին տնակներու մէջ:
Կազմակերպուած բարեգործական համերգներու հետեւանքով աւելի քան 110 հազար տոլար գումար փոխանցուած է շէնքի շինարարութեան նպատակով բացուած հաշուեհամարին: Դպրոցին օգնած են նաեւ անհատ-բարերարներ, ընտանիքներ: 2013 թուականի սեպտեմբեր 20-ին Գիւմրիի թիւ 6 երաժշտական դպրոցը վերաբացուեցաւ եւ շարունակեց երաժշտական կրթութիւն տալ սերունդներուն: