ԵՐԵՒԱՆ, 7 յունիսի-Sputnik. «Alevinet» լրատուական կայքը «Մէկ առ մէկ կը ջնջուին հայ ժողովուրդի հետքերը» վերնագիրը կրող յօդուածին մէջ անդրադարձած է Մալաթիա գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն (Թաշհորան) հայկական եկեղեցւոյ նկատմամբ թրքական իշխանութիւններու անտեսուած վերաբերմունքին: Այս մասին կը փոխանցէ «ermenihaber» կայքը:
Կայքը կը գրէ, որ «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի ծննդավայր Մալաթիոյ մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցիին` 2012-ին սկսած վերականգնման աշխատանքները կիսատ մնացած են:
Կը նշուի, որ եկեղեցին անցած է Մալաթիոյ քաղաքապետարանի, Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան եւ Անշարժ գոյքի ազգային գլխաւոր վարչութեան վերահսկողութեան տակ: 5 տարի առաջ պատմական շէնքին յենած են մետաղական շինարարական սանդուխ եւ կիսատ ձգած են աշխատանքները:
Հայկական եկեղեցւոյ վերաբերեալ արձանագրութիւնները ժամանակի ընթացքին ջնջուած են եւ այդ իսկ պատճառով յայտնի չէ, թէ երբ եւ որուն կողմէ այն կառուցուած է:
Տարիներ առաջ փլուած է անտարբերութեան մատնուած հայկական եկեղեցւոյ գմբէթը, իսկ եկեղեցին յայտնուած էր գանձագողերու թիրախին մէջ եւ թալանուած:
Եկեղեցւոյ վերականգնման շուրջ լուրերը ուրախացուցած էին հայութիւնը եւ թաղամասի բնակիչները:
Եան Կիլան արդէն Գիւմրիի պատուոգիր ունի. անոր նաեւ կ’ուղեկցի «Նարեկ»-ի զօրութիւնը
Թաղամասի բնակիչներու փոխանցմամբ` Սբ . Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերականգմամբ զբաղուող կազմակերպութիւնը դադրեցուցած է աշխատանքները չֆինանսաւորուելու պատճառով:
Անդրադառնալով մալաթիահայութեան, կ’ըսուի, որ 1970-ական թթ. Մալաթիոյ մէջ բազմաթիւ հայեր կ’ապրէին, սակայն այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած յարձակումներուն եւ 1980-ի ռազմական յեղաշրջումէն յետոյ վերջին հայ ընտանիքները ստիպուած կ’ըլլան հեռանալ քաղաքէն: