ԵՐԵՒԱՆ, 6 յունիսի — Sputnik. Հայաստանի եւ Արցախի միասնականութեան վրայ ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկածի: Այսօր Աժ-ին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրաբ Մնացականեան:
«Մեր ներքին քննարկումները կրնան շատ բաց եւ շատ սուր ըլլալ, բայց եթէ ինչ-որ մէկը կ’ենթադրէ, որ այդ սրութիւնը կը քայքայէ մեր միասնականութիւնը, խորհուրդ կու տամ` չսխալիլ»,– ըսաւ ան:
Մնացականեան յիշեցուցած է, որ այդ միասնականութիւնը երկու հայկական պետութիւններու միջեւ արտայայտուած է 1991 թուականէն ի վեր, վերջին անգամ` 2016 թուականի ապրիլին:
Յիշեցնենք` ՀՀ վարչապետը յունիս 5-ին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած էր, որ ինք առաջինն է, որ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցած է բանակցային գործընթացքի ներկայ վիճակն ու բոլոր բանակցային փաստաթուղթերը: Փաշինեան նաեւ շեշտած էր, որ իրեն համար անհասկնալի է, որ ատկէ յետոյ այդ սեղանին շուրջ ներկայ մարդիկ «տակէն կը հրահրեն»` Ֆէյսպուքի վրայ գրառումներ ընելով, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը հողեր կը ծախէ:
Փաշինեան յայտարարած էր, որ Արցախի մէջ դաւադիր ուժերն ու վտանգները կը կառավարուին ու արմատախիլ կ’ըլլան:
Նոյն օրը «Արցախպրես» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան պատասխանած էր Փաշինեանին` ըսելով. «Մեր ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը մեր միասնականութիւնն է, եւ անթոյլատրելի կը համարեմ այն խարխլելուն ուղղուած որեւէ քայլ` ըլլայ ատիկա Արցախի, Հայաստանի, թէ Սփիւռքի մէջ»:
Արցախի նախագահը վերահաստատած էր նախօրօք ըրած իր յայտարարութիւնն այն մասին, որ եթէ կան դաւադիրներ, անոնք պէտք է պատժուին: