ԵՐԵՒԱՆ, 6 յունիսի — Sputnik. Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր համայնքին մէջ աւելի քան 200 խոզ սատկած է: Կենդանիներուն մօտ ափրիկեան ժանտախտի ախտանշաններ կը նկատուին: Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ Սիւնիքի մարզպետարանի գիւղատնտեսութեան եւ բնապահպանութեան վարչութեան պետ Գագիկ Խաչատրեան:
Անոր խօսքով` մայիսին երեք տնտեսութեան մէջ ընդհանուր առմամբ 15-20 խոզ սատկած է: Հիւանդութեան (ենթադրաբար` ափրիկեան ժանտախտի) միւս զոհերը գրանցուած ու կը շարունակեն գրանցուիլ խոշոր խոզաբոյծի տնտեսութեան մէջ:
«Ափրիկեան ժանտախտի ախտանշաններ կան, բայց փորձաքննութեան ուղարկած նմուշներու արդիւնքները հասանելի կ’ըլլան մէկ շաբթուան ընթացքին», – ըսաւ Խաչատրեան:
Անոր խօսքով` խոզերը պահած են ոչ թէ փակ, այլ բաց տարածքի մէջ. Կենդանիները նաեւ անտառ մտած են, որ այդ հիւանդութեան օճախներ կան: Ըստ Խաչատրեանի` ափրիկեան ժանտախտի դէմ պատուաստանիւթ չկայ, եւ համաճարակի բռնկումներ պարբերաբար կ’ըլլան երկրի տարբեր մարզերու մէջ:
«Այստեղ որեւէ արտառոց բան չկայ, այսօր վարակը «կը թափառի» Լոռի մարզին մէջ, նոյնիսկ Սամուէլ Ալեքսանեանի տնտեսութեան մէջ, որ իր խոզերուն կը պահեն փակ տարածքի մէջ, բայց ատոնք ալ կը սատկին ափրիկեան ժանտախտէն», – պատմեց ան:
Խաչատրեան աւելցուց, որ վարակի օճախը մեկուսացուած է, հսկողութեան տակ է, սատկած կենդանիները թաղած են, իրականացուած է տարածքի ախտահանում եւ կատարուած կանխարգելման բոլոր միջոցառումները: