ԵՐԵՒԱՆ, 3 յունիսի – Sputnik. Ամերիկեան իշխանութիւնն ութ մարդ ձերբակալած է: Անոնք խարդախութեան ու հարիւրաւոր հայկական անձնագիրներու միջոցով Bank of America-էն ու Wells Fargo-էն 1,5 միլիոն տոլար գողցած են:
Իշխանութիւնը կը փնտռէ այս գործով իններորդ մեղադրեալին:
ԱՄՆ-ի գաղթականներու ու մաքսային մարմնի կատարած հետաքննութիւնը պարզած է, որ մեղադրեալները վերցուցած էին այլ մարդոց իսկական հայկական անձնագիրները: Անոնք սեփական լուսանկարներով փոխարինած էին անձնագիրներու նկարներն ու ատոնցմով 36 դրամատնային հաշիւներ բացած:
Քննութեան տուեալներուն համաձայն` մեղադրեալները, օգտագործելով բացթողումները, որոնք առկայ են դրամատուներու կանոններուն մէջ, մէկ հաշիւէն միւսին գումարներ կը փոխանցէին ու յետոյ արագ կը հանէին Լաս Վէկասի եւ այլ վայրերու խաղատուներու դրա¬մա¬բաշխ սար¬քերէն՝ ATM-էն :
Մեղադրականին մէջ կը նշուի, ոչ մեղադրեալները 331 անձնագիր կեղծած են Ամերիկայի դրամատունէն 1,5 միլիոն տոլար գողնալու համար: Անոնք յաջողած են 1,12 միլիոն տոլար հանել տարբեր հաշիւներէ:
Բացի այս գործէն, մեղադրեալներէն երեքը կը կասկածուին «Ուելս ֆարգոյի» գործով նոյնանման խարդախութիւն ընելու մէջ: Ատոր հետեւանքով «Ուելս ֆարգոն» մօտ 370 000 տոլար կորսնցուցած էր:
Ձերբակալուածներուն մէջ են` Արա Մալխասեանը (48 տարեկան), Սմբատ Խեչումեանը (38 տարեկան), Սուետա Խեչումեանը (45 տարեկան, Խեչումեանի քոյրն է ու Մալխասեանի կինը), Յարութիւն Պետրոսեանցը (30 տարեկան), Արթուր Յարութիւնեանը (34 տարեկան), Խաչատուր Չօպանեանը (38 տարեկան), Ջիւան Հախնազարեանը (49 տարեկան) եւ Արման Գրիգորեանը (37 տարեկան):
Իններորդ մեղադրեալը` 29 –ամեայ Արտակ Օխոյեանն իր փաստաբանին միջոցով համաձայնած է յանձնուիլ դաշնային իշխանութեան:
Նշենք, որ յանցաւոր համաձայնութեամբ դրամատնային խարդախութիւն ընելու համար օրէնքով սահմանուած առաւելագոյն պատիժը 30 տարի ազատազրկումն է: