00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:40
21 ր
Ուղիղ եթեր
10:01
6 ր
Ուղիղ եթեր
10:07
53 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
5 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:05
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
5 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Վրաստանի մէջ տարաձայնութիւն կը հասունանայ Հայաստան եկող ճանապարհի պատճառով

© Sputnik / Aram NersesyanСтроительные работы
Строительные работы - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Նինոծմինտայէն Հայաստանի սահման եկող ճանապարհը դեռ կառուցուած չէ, կապալառուն կը խոստանայ յանձնել այն մինչեւ սեպտեմբերի վերջը, բնակչութենէն մաս մը չի հաւատար անոր:

ԵՐԵՒԱՆ, 1 հունիսի — Sputnik. Նինոծմինտայէն Հայաստանի սահման տանող միջպետական ճանապարհը լիովին կը կառուցուի եւ շահագործման կը յանձնուի հոկտեմբերին: Այդ մասին Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Հենզել Մկոյեան, որուն Rustavi 2 հեռուստաալիքը մեղադրած է «Սակմիլսատենմշենի» ընկերութեան շահերն անուղղակիօրէն պաշտպանելու մէջ. այս ընկերութիւնը յաղթած է ճանապարհի շինարարութեան մրցոյթը:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի - Sputnik Արմենիա
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կը վերանորոգուի. հայերը վերստին կրցած են եկեղեցի մուտք գործել

Նախօրօք Rustavi 2–ը նորութիւններու հերթական թողարկման մէջ սիւժէ մը պատրաստած էր ճանապարհի շինարարութեան մասին: Տեղեկագրութեան մէջ կը խօսուէր, որ Նինոծմինտայէն Հայաստանի սահման եկող ճանապարհը սարսափելի վիճակի մէջ է: Շինարարութեան համար 15–միլիոնանոց մրցոյթին յաղթած ընկերութիւնն այդ ընթացքին կառուցած է ընդամէնը 2–քիլոմեթրանոց հատուած: Միաժամանակ ճանապարհի ընդհանուր երկարութիւնը կը կազմէ 22 քիլոմեթր: Շինարարները խնդիրներուն մասին պատճառ կ’ընեն վատ եղանակը, սակայն կը պատրաստուին այն շահագործման յանձնել արդէն հոկտեմբերին:

«Ճանապարհի 22–քիլոմեթրանոց հատուածը լիովին քանդուած է, նոյնիսկ ասֆալթ չկայ: Վարորդները ճանապարհին վրայ կը ծախսեն երկուքուկէս ժամ, սակայն այն տարածութիւնը կարելի է անցնիլ 30 վայրկեանով», – կ’ըսուի տեղեկագրութեան մէջ:

Միաժամանակ կը նշուի, որ «Սակմիլսատենմշենի» ընկերութիւնը կը համագործակցի մէկ այլ ընկերութեան` «Ջաւախքաւտոյի» հետ: Վերջինը կը պատկանի պատգամաւոր Մկոյեանի ընկերոջը: Բացի այդ, Rustavi 2–ի տեղեկութիւններու համաձայն, մրցոյթին յաղթած ընկերութիւնները շինանիւթեր եւ վառելիք կը գնեն Մկոյեանի ընտանիքին պատկանող կէտերէն:

Եթէ ճանապարհը ժամանակին չկառուցուի, վարորդները կը սպառնան փակել զայն եւ բողոքի ցոյց կազմակերպել:

Акция в день рождения Гранта Динка в Стамбуле, Турция - Sputnik Արմենիա
Թրքական դրուագաշարին մէջ հայը կը ներկայացուի որպէս ստոր եւ դաւաճան մարդ

Մկոյեան չի հերքեր, որ բարեկամական յարաբերութիւններու մէջ է «Ջաւախքաւտո» ընկերութեան սեփականատիրոջ հետ, սակայն կտրականապէս կը հերքէ լուրերն այն մասին, որ նիւթերը կը գնեն իր ազգականներէն:

«Ենթադրենք, որ ան իմ ընկերս է: Ի՞նչ է, ան իրաւունք չունի, թէ ես իրաւունք չունիմ ընկերութիւն ընել անոր հետ: Ան իմ ընկերս է, բայց մրցոյթին յաղթած է Քութայիսիի ընկերութիւնը», – ըսաւ Մկոյեան Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին:

Ան հերթական անգամ հաւաստիացուց, որ Նինոծմինտայէն Հայաստանի սահման բերող միջպետական ճանապարհը լիովին կը կառուցուի եւ շահագործման կը յանձնուի հոկտեմբերին:

Rustavi 2–ի սիւժէն չէ զարմացուցած անոր: Մկոյեանի կարծիքով` այն որոշակի քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ. մասնաւորապէս, վարկաբեկել իշխող կուսակցութիւնը, որուն անդամն է Մկոյեանը:

«Իմ հետս դեռ բնական կը վարուին, տեսէք թէ, ինչ կեղտ կը լեցնեն «Վրացական երազանքի» ղեկավարներուն վրայ: Իսկ ես նոյն կուսակցութենէն եմ, եւ անով ամէն ինչ ըսուած է», – եզրափակեց Մկոյեան:

Նշենք, որ մայիս 1–ին ճանապարհի շինարարութեան հետ ծանօթացած է Վրաստանի տարածաշրջանային զարգացման եւ ենթակառուցուածքի փոխնախարար Իրակլի Կարսելաձեն: Ան նաեւ նշած է, որ վերանորոգման աշխատանքները կ’աւարտուին նախատեսուած ժամկէտէն առաջ, սակայն այլ ամսաթիւ նշած է` 2019–ի սեպտեմբերը:

Լրահոս
0