ԵՐԵՒԱՆ, 29 մայիսի-Sputnik. Քիւրտ զինեալներու եւ թրքական բանակի միջեւ բախումներու կիզակէտին` Կեաւուր թաղամասին մէջ, գտնուող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին 2015-ի գնդակոծումներու պատճառով մեծ վնասներ կրած է: 2011-ին վերանորոգուած եկեղեցին դարձալ աւերուած է: Բախումներու պատճառով, 2015-էն սկսած, Կեաւուր թաղի մուտքը արգիլուած է: Այստեղ գտնուելու պատճառով արգիլուած է նաեւ մուտքը Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի: Ի հարկէ թաղամասին մէջ գտնուող այլ եկեղեցիներ (Սուրբ Գէորգ հայկական կաթողիկէ եկեղեցի, Սուրբ Փրկիչ հայկական աւետարանական եկեղեցի, Սուրբ Աստուածածին ասորական եկեղեցի) մուտքը եւս արգիլուած է: Akunq.net-ի հաղորդմամբ՝ կը գրէ Կարօտ Սասունեան:
1915-էն սկսած` տեղի հայկական համայնքը կործանելու համար եկեղեցին, որպէս թրքական եւ գերմանական միացեալ ուժերու պահեստ ու ռազմակայան օգտագործուած էր: Որոշ ժամանակ անց, կրկին Տիարպեքիրի եւ շրջակայ քաղաքներու` Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերէն համայնք ձեւաւորելու նպատակով սոյն եկեղեցին վերանորոգուած էր եւ նորէն սկսած էր գործելու:
1980-ականներուն Տիրապեքիրի մէջ ապրող հայերը, ռազմական ճնշումներու պատճառով, կրկին ստիպուած եղան արտագաղթելու: Այս ժամանակներէն սկսած` անտարբերութեան մատնուած եկեղեցին կրկին վերանորոգուեցաւ 2011-ին` Սփիւռքի հայերու եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի աջակցութեամբ: Սակայն եկեղեցական արարողութիւնները այստեղ արգիլուած էին: Միայն տարին մէկ անգամ, Սուրբ Զատիկի տօնին ոչ պաշտօնապէս պատարագ կը մատուցուէր:
2015-ին Սուրբ Զատկուան տօնէն անմիջապէս ետք քիւրտ եւ թուրք զինեալներու միջեւ սկսած բախումներու, գնդակոծման եւ հրդեհի պատճառով եկեղեցին մեծ վնասներ կրեց եւ աւերուեցաւ: 2015-էն ետք թրքական պետութիւնը, Սուր շրջանի քանի մը թաղամասեր մուտքը արգիլելով, մօտաւորապէս 3500-4000 տուներ եւ աշխատավայրեր պետականացուց, այսինքն՝ պետութեան սեփականութիւնը դարձուց:
Անոնց շարքին էր նաեւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Միայն եկեղեցւոյ Ղեկավար խորհուրդի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ջանքերուն շնորհիւ եկեղեցին կրկին վերադարձուեցաւ Ղեկավար խորհուրդին: Կատարուած ջանքերուն շնորհիւ թրքական պետութիւնը հանդէս եկաւ եկեղեցին վերանորոգելու մասին յայտարարութեամբ: Սակայն վերանորոգման ուղղութեամբ առ այսօր ոչ մէկ քայլ ձեռնարկուած էր:
Չորս տարուան դադարէն ետք, երէկ Հայաստանէն եկած խումբի մը հետ կրցանք Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի մտնել: Վերջապէս եկեղեցւոյ վերանորոգումը սկսած էր: Եւ չորս տարուան դադարէն ետք կրկին կրցանք մոմ վառել ու աղօթք ընել այնտեղ:
Նման իրադարձութեան համընկնումը 1918-ի Մայիս 28-ին ստեղծուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 101-ամեակին հետ մեզ ուրախացուց: Այդ առթիւ կը շնորհաւորեմ մեր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման տարեդարձը: