ԵՐԵՒԱՆ, 31 մայիսի — Sputnik. Խաղային գործիքներու օգտագործման սահմանափակումը չի լուծեր Հայաստանի մէջ խաղամոլութեան խնդիրը: Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնեց տնտեսագէտ Գառլէն Խաչատրեան:
Մայիս 29-ին գրաւի գրասենեակներու աշխատակիցներու խումբ մը փակած էր Բաղրամեան պողոտան, ԱԺ–ի շէնքին դիմաց` պահանջելով վերանայիլ այդ ընկերութիւններու գործունէութեան պայմանները խստացնելու օրինագիծը: Բողոքի ցոյցի մասնակիցները համաձայնած էին բանակցիլ օրէնսդրական իշխանութեան ոեւէ ներկայացուցիչի հետ, բացի «Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր, ԱԺ փոխխօսնակ Ալէն Սիմոնեանէն, որ օրինագիծի հեղինակներէն մէկն է:
Ցոյցերու կայացման պատճառը` ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի հաւանութեան արժանացած օրինագիծն էր` վիճակախաղերու եւ մոլախաղերու կազմակերպման, խաղային մեքենաներու եւ համատեղ խաղադրոյքի շահագործման պայմաններու խստացման մասին: Խաղատուները 1.5 տարուան ընթացքին պէտք է տեղափոխուին Ծաղկաձոր, Սեւան, Ջերմուկ եւ Մեղրի, իսկ խաղային մեքենաները օրէնքն ընդունելէ յետոյ 10-օրեայ ժամկէտին պէտք է վերացուին:
Օրինագիծէն դժգոհ գրաւի գրասենեակներու աշխատակիցները կը պնդեն, որ օրինագիծը կ’ընդունուի ելլելով «Վիվառօ» ընկերութեան (սեփականատէրը Ալէն Սիմոնեանի ընկերն է) շահերէն, որ կը գերիշխէ առցնաց–խաղատուներու ոլորտին:
ԱԺ փոխխօսնակը կը կարծէ, որ բողոքի ցոյցը միայն մէկ ընկերութիւն կազմակերպած է («Goodwin»), որ մենաշնորհային դիրք կը զբաղեցնէ խաղային գործիքներու շուկային մէջ, եւ անոր հետ կապուած կազմակերպութիւնները, սակայն «չարիքի» դէմ պայքարը կը շարունակուի` անկախ քննադատութենէն:
«Նախագիծը պետութեան համար երկակի նշանակութիւն կ’ունենայ: Աւելի քան հազար աշխատատեղերու կրճատումը կը յանգեցնէ որոշակի ընկերային խնդիրներու եւ լարուածութեան հասարակութեան մէջ, քանի որ ատիկա բաւական մեծ թիւ է հայկական տնտեսութեան համար», – ըսաւ Խաչատրեան` մեկնաբանելով իշխանութիւններու նոր նախաձեռնութիւնը:
1.5 տարին, որուն ընթացքին գրասենեակներու աշխատակիցները պէտք է նոր աշխատանք գտնեն, տնտեսագէտը խելամիտ ժամկէտ կը համարէ: Սակայն ան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքին, որ Հայաստանի պայմաններուն 1300-1500 մարդ աշխատանքի տեղաւորելն այդքան ալ հեշտ չէ:
«Ի զուր չէ, որ կառավարութիւնը որոշած է հարկային արտօնութիւններ տրամադրել այն ընկերութիւններուն, որոնք 20-30 նոր աշխատատեղեր կը ստեղծեն: Իշխանութիւնները ներկայ տնտեսական իրավիճակի պայմաններուն կը գիտակցին նոյնիսկ քանի մը տասնեակ աշխատատեղերու կարեւորութեան», – նշեց Խաչատրեան:
Միւս կողմէն` պէտք է հաշուի առնել այն վնասը, որ կը պատճառուի խաղամոլութեամբ տառապող քաղաքացիներուն, գրաւի գրասենեակներու գործունէութեան հետեւանքով (ունեցուածքի կորուստ, չմարած վարկեր եւ աւելի ողբերգական հետեւանքներ):
Ի դէպ, տնտեսագէտին կարծիքով, միայն խաղային գործիքներու դէմ պայքարը խնդիրը չի վերացներ, անհրաժեշտ է համալիր լուծում :
«Ինծի համար մինչեւ վերջ պարզ չէ, թէ ինչ նպատակ կը հետապնդեն օրինագիծի հեղինակները: Եթէ նպատակը բացառապէս պայքարն է խաղամոլութեան դէմ, ապա հարց կ’առաջանայ, ինչու նախագիծը կը վերաբերի խաղային գործիքներուն, բայց ոչ առցանց ոլորտին», – նկատեց Խաչատրեան:
Մեկնաբանելով Սիմոնեանի յայտարարութիւնն այն մասին, որ առցանց խաղատուներու գործունէութիւնը սահմանափակելը բարդ ու ծախսատար խնդիր է, տնտեսագէտը նշեց, որ ժամանակակից արհեստագիտութիւնները նման հնարաւորութիւն կու տան: Անոր կարծիքով` կարելի է սահմանափակել առցանց խաղատուներու հասանելիութիւնը:
Խաչատրեանի խօսքով, ամենայն հաւանականութեամբ չկայ բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն այն մասին, որ խաղամոլութիւնը սարսափելի ծաւալներու հասած է, շատ մարդոց ճակատագրեր կը քանդուին:
Նշենք` հանրահաւաքի մասնակիցները յաջողած են հանդիպիլ ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի ղեկավար Բաբգէն Թունեանի հետ, որ, "Goodwin" ընկերութեան ղեկավար Սարգիս Միքայէլեանի խօսքով, խոստացած է հաշուի առնել անոնց առաջարկութիւններն ու թոյլ տալ խաղային սարքեր օգտագործել գրաւի գրասենեակներուն մէջ (անոնք արդէն սկսած են հանել սարքերը գազալցակայաններէն):