Կարինէ Յարութիւնեան, Sputnik
9 տարեկան Կարինէ Շիրակեանի հետ ծանօթանալուս կ’ըսեմ, որ իմ անունս ալ Կարինէ է, ու վերջ, աղջնակը ջերմ կը ժպտի. արդէն ընկերներ ենք: Կարինէն կ’ըսէ, որ որոշած է մարզանքի ուսուցիչ դառնալ ու երեխաներուն խաղեր սորվեցնել, որպէսզի անոնք չձանձրանան: Իր որոշման մասին կը յայտնէ ու մեղաւոր հայեացքով կը նայի ինծի` հօ չե՞մ նեղանար, որ ինծի պէս լրագրողի մասնագիտութիւն պիտի չընտրէ:
Կարինէին հետ կը ծանօթանամ «Արաբկիր» ԲԿ–ի բակին մէջ, ուր «Կեանքի ճանապարհ» բարեգործական ՀԿ–ն այսօր Երեխաներու պաշտպանութեան օրուան` յունիս 1–ին ընդառաջ լուսնոտութեամբ տառապող հիւանդ երեխաներուն համար (եւ ոչ միայն) ձեռնարկ կազմակերպած էր` պղպջակներ, փուչիկներ, ծաղրածուներ: Մէկ խօսքով, երեխաներու ժպիտն ապահովուած էր:
«Երեխաները պէտք չէ շատ խելօք ըլլան: Պէտք է քիչ մը խելօք, քիչ մըն ալ չարաճճի ըլլան: Ես, օրինակ, վերջերս զարկած եմ փոքր եղբօրս, բայց ուժեղ չէ, թեթեւ մը, սուտէն, էլի: Ինք խելօք չէր մնար, ես ալ թաթիկին զարկի»,–իր չարաճճիութիւնը կը յիշէ Կարինէն ու կ’աւելցնէ, թէ գիտէ` լաւ բան չէ «զարնելը» ու եղբօրն ալ շատ կը սիրէ, բայց անոր հետ չի կրնար ալ չկռուիլ:
3 տարի առաջ Կարինէի մօտ լուսնոտութիւն ախտորոշուած է: Երեխան նախ տարած են Մոսկուա, իսկ որոշ ժամանակ անց տեղափոխած Հայաստան` «Արաբկիր» ԲԿ–ի մէջ բուժումը շարունակելու: Աղջիկն այժմ լաւ կը զգայ ու չնայած դեռ կը շարունակէ բուժումը, բայց, բարեբախտաբար, հիւանդութիւնն իր հետքը գրեթէ չէ ձգած: Երկար ու գեղեցիկ մազերով Կարինէն կը նայի իմ կարճ մազերուս ու կ’ըսէ, որ կ’ուզէ իր մազերն ալ կարճ կտրեն, որ սանրելուն չցաւի: Աղջիկը կ’ըսէ` քիչ մը մեծնայ, պիտի մտածէ, թէ ինչպէս պէտք է հնարէ սանր, որ չի ցաւցնէ երեխաներու մազերը:
«Կեանքի ճանապարհ» բարեգործական ՀԿ–ի նախագահ Ելէնա Բաղդասարեան Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին նշեց, որ «Արաբկիր» ԲԿ–ի բակին մէջ ձեռնարկ կազմակերպելը երեխաներուն ժպիտ պարգեւելու համար է: ՀԿ–ն, ի դէպ, կ’օժանդակէ լուսնոտութեամբ տառապող հիւանդ երեխաներու բուժումը, վիրահատութեան հարցերով: Կազմակերպութեան նախագահն ինքն ալ այդ խնդրին բախուած է:
«Իմ բալիկս փոքր տարիքին լուսնոտութեամբ կը տառապէր: Բուժումը 4 տարի տեւած է, եւ ես անցած եմ այդ կեանքի ճանապարհը: Ես հէնց այդպէս ալ` «Կեանքի ճանապարհ» կոչած եմ մեր հիմնադրամը, քանի որ լուսնոտութեամբ տառապող հիւանդ երեխայ ունենալով` կեանքդ կը դառնայ հիւանդութեան դէմ պայքարելու ճանապարհ: Ես իմ փորձովս կ’ուզեմ ցոյց տալ, որ լուսնոտութիւնը դժոխքի պատմութիւն չէ, դատավճիռ չէ, այլ դժուարութիւն, որ պէտք է յաղթահարել»,–կ’ըսէ ան, կը մօտենայ պղպջակներուն հետ ուրախ–զուարթ խաղցող երեխաներուն ու կը ժպտի. ձեռնարկը ծառայած է իր նպատակին:
«Արաբկիր» բժշկական համալիրի ջղախտութեան բաժանմունքի վարիչ Բիայնա Սուխուդեանն ալ կը յայտնէ, որ իրենց մօտ լուսնոտութեամբ տառապող աւելի քան 3500 գրանցուած հիւանդ երեխայ կայ: Լուսնոտութիւնը կ’ըլլայ տարբեր տեսակի` կան բարորակ եւ չարորակ տեսակներ: Բարորակները չեն արտայայտուիր վարքագծային, մտաւոր խնդիրներով. ատոնց ժամանակ ցնցումները կառավարելի են, եւ երեխաները կ’ընդունին միայն մէկ դեղ: Իսկ չարորակները կ’արտայայտուին մտաւոր յետամնացութեամբ, թշնամութեամբ:
«Բարեբախտաբար, մանկական լուսնոտութեան մեծ մասը բարորակ կ’ըլլայ, որ ժամանակի ընթացքին կը բուժուի: Ինչ կը վերաբերի բուժման, ապա որոշակի դեղեր պետութիւնը կը տրամադրէ, մնացածը ծնողները ձեռք կը բերեն: Լուսնոտութեան բուժումը երկարատեւ ու թանկ գործընթացք է»,–կ’ըսէ Սուխուդեան:
Ու մինչ բժիշկի սենեակին մէջ կը զրուցենք, երեխաները բակին մէջ կը սկսին գունաւոր ժապաւէններով խաղալ, ատոնք իրար վրայ նետել: 9 տարեկան Հայկ Ղազարեանը ժապաւէններու մեծ խուրձ մը կը վերցնէ ու աղջիկներէն մէկուն գլխուն շաղ կու տայ: Աղջիկը կը բղաւէ, Հայկը վախցած ետ կը քաշուի ու կը հարցնէ` ցաւեցա՞ւ: Չէ, չի ցաւեցաւ, աղջնակը կը ժպտի, ուրախութեան բղաւոցներ էին:
Հայկը ինծի հետ զրոյցին կ’ըսէ, որ երբեմն–երբեմն կու գայ «Արաբկիր» ԲԿ (տղան լուսնոտութեամբ կը տառապի) ու որպէս գաղտնիք ականջիս կը փսփսայ` բժիշկներէն քիչ մը կը վախնայ, բայց միայն անոնցմէ, որոնք ներարկիչ ունին:
«Ինծի դեռ չեն սրսկած, բայց եթէ սրսկեն, գուցէ չդիմանամ ու լամ: Ես այդքան ալ վախկոտ չեմ, միայն սրսկուելէն կը վախնամ: Կը հաւատաս, չէ»,–կ’ըսէ ու թերահաւատօրէն ինծի կը նայի` գուցէ պէ՞տք չէ լալու պահն ըսէր: Երբ կ’ըսեմ, որ սրսկուելէն ես ալ քիչ մը կը վախնամ, Հայկը թեթեւցած շունչ կը քաշէ:
9–ամեայ Հայկը կ’ըսէ, որ գիտէ` յունիս 1–ը Երեխաներու պաշտպանութեան օրն է ու այդ օրը ծնողներն իրենց պէտք է պաղպաղակ ու փուչիկներ գնեն: Հայկը երկար կը մտածէ ու կ’ըսէ, որ երեխաներուն պէտք է պաշտպանել գայլէն, առիւծէն ու... մամաներէն: Բայց ոչ այնպիսի մամաներէ, ինչպիսին իր մայրն է, այլ անոնցմէ, որոնք կը հարուածեն երեխային:
Հայկը կը զննէ ձեռքիս մատանին, ամչնալով կ’ըսէ` սիրուն է, ու կը վազէ–կը միանայ խաղցող երեխաներուն: