Արմեն Հակոբյան, Sputnik Արմենիա
Դժուար է ըսել, թէ հայրենի թատրոնի բեմը, նաեւ սինեման ինչպէս կը լրացնէր խոստիկեանական ուրոյն հմայքը, եթէ ինք` Արմէն Խոստիկեանը հեռաւոր 1947-ին շարունակէր ուսանիլ բժշկական համալսարանին մէջ: Ան, անկասկած, ամենասրտամօտ ու ամենակարեկից բժիշկը կ’ըլլար իր հիւանդներուն ու այցելուներուն համար: Ու դարձեալ` շատ սիրուած:
Բայց, ինչպէս ժամանակակիցները կը յիշեն, օր մը բժշկականի դասախօսութիւններէն մէկուն ժամանակ ուսանող Խոստիկեան վատ կը զգայ ֆորմալինի լուծոյթի դեղի հոտէն: Եւ, եթէ դասախօսը բարձրաձայն կը մտածէ, թէ անկէ բժիշկ դուրս չի գար, ընկերներէն մէկը աւելի բարձրաձայն կը նկատէ, որ Արմէնը արուեստագէտ է:
Պատմութեան անյայտ մնացած է, թէ այդ ընկերը յետագային ինչ յաջողութիւններու հասած է բժշկութեան ասպարէզին մէջ, բայց ակներեւ է, որ Արմէն Խոստիկեանի վերաբերեալ «ախտորոշումը» առաւել քան դիպուկ եղած է ու նաեւ` ցմահ:
Եւ Արմէն Խոստիկեան 1947-ին արդէն Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի դերասանական բաժանմունքի ուսանող էր` Արմէն Գուլակեանի մօտ:
Այն ժամանակ, երբ Արմէն Խոստիկեան բեմ ելաւ, հայրենի թատրոնին ու սինեմային մէջ չկային «աստղեր», այլ կային Մեծեր. իսկապէս` Մեծեր:
Իսկ Արմէն Խոստիկեան իւրայատուկ հմայքով, ինչպէս կ’ըսեն` «աստղով» դերասան էր:
Այնպիսին, որ նոյնիսկ դրուագային կերպարներ մարմնաւորելով կը յիշուի, կը տպաւորուի, կ’ուրախացնէ: «Ոսկէ ցլիկը», «Նուագախմբի տղաները» եւ այլ ֆիլմերու մէջ, հեռուստամանրապատումներուն կամ տօնական երեկոյթներուն անոր արտասանած խօսքերը , կարելի է ըսել` միանգամէն «թեւաւոր խօսք» կը դառնային:
Ըլլար այդ «մարդը հասց կտրեց, կնիկը` ջուրս», թէ` «միլիոն» ցլիկին ուղղուած յանդիմանանքը դաւաճանութեան վրաբերեալ:
Ինչ խօսք, Արմէն Խոստիկեան տասնամեակներու ընթացքին բազմաթիւ ու բազմատեսակ կերպարներ մարմնաւորած է թատրոնի եւ սինեմայի մէջ, նաեւ հեռուստածրագրերուն հանդէս գալով:
Բայց հիմնականը, ինչ կը ցանկայինք ընդգծել մեծ դերասանի 90-ամեայ յոբելեանի առթիւ` սրտանց շնորհակալութիւնն է ու երախտագիտութեան զգացումը:
Շնորհակալութիւն` յատկապէս անուրախ տարիներուն մարդոց անսահմանափակ քանակութեամբ ժպիտ պարգեւելու ու լաւատեսութիւն հաղորդելու համար, ուրախութեան փրոֆէսոր եւ ծիծաղով բժշկող սիրելի Արմէն Խոստիկեան:
Շնորհաւոր տարեդարձդ: