ԵՐԵՒԱՆ, 21 մայիսի — Sputnik. ՀՀ կառավարութեան շէնքին մօտ մարտ ամսուն բողոքի ցոյց կազմակերպած Տաճիկիստանի քաղաքացիները մնացած են Հայաստանի մէջ եւ կը շարունակեն աշխատիլ: Այս մասին Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ գործարար Գագիկ Խաչիկեանի ներկայացուցիչը` Լուսինէն:
Տաճիկիստանի քաղաքացիները դիմած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` պահանջելով ստիպել գործարար Գագիկ Խաչիկեանին վճարել իրենց աշխատավարձերը:
2018 թուականէն Հայաստանի մէջ որպէս բամբակի աճեցման մասնագէտ աշխատած են Տաճիկիստանի 12 քաղաքացի:
Փաշինեանին դիմած էին անոնցմէ 5-ը: Բոլորին Հայաստան հրաւիրած էր Խաչիկեանը, որ անձամբ մօտ 20 տարի բնակած է Տաճիկիստան եւ զբաղած բամբակ աճեցնելով: Հետեւաբար որոշած էր նմանատիպ գործ հիմնել նաեւ հայրենիքի մէջ` այստեղ տաճիկներ հրաւիրելով:
«Եթէ տաճիկներու խնդիրը լուծուած չըլլար, ապա անոնք կրկին կ’երթային Փաշինեանի մօտ», – ըսաւ Լուսինէն:
Անոր խօսքով` «աղմուկ բարձրացուցած աշխատակիցները», մեկնած են երկրէն` աշխատելով պայմանաւորուած ժամկէտէն աւելի քիչ:
Լուսինէն աւելցուց, որ մասնագէտներու նոր խումբ ժամանած է Տաճիկիստանէն, քանի որ Հայաստանի մէջ կը սկսի բամբակի ցանքի ժամանակը: Այսօր անոնք կը ցանեն բերքը, որ կը հաւաքեն սեպտեմբերի ամսուան վերջը: