ԵՐԵՒԱՆ, 20 մայիսի — Sputnik. 2018–ին Գրանցուած են 17 000 անհատ ձեռնարկատէր եւ 6300 սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւն: Նոր ԱՁ–ներու եւ ՓՄՁ–ներու ստեղծման հետեւանքով, բնականաբար, պէտք է նոր աշխատատեղեր ստեղծուէին, բայց ո՞ւր են ատոնք: Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին նման հարց բարձրացուց Հայաստանի գործատուներու միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեան:
«Մէկ անհատ ձեռնարկատէրը սկզբնական շրջանին պէտք է 1-2 աշխատատեղ ստեղծէ, այսինքն` 2018–ին նուազագոյնը պէտք է ունենայինք 22-23 000 ԱՁ–ներու ստեղծուած աշխատատեղեր: Նոյնն ալ ՍՊԸ–ներու պարագային է, ու եթէ 6300 ՍՊԸ–ն գոնէ 2-3 աշխատող ունենային, ապա ՍՊԸ–ներու պարագային ալ կը ստեղծուէին 18 000 նոր աշխատատեղ: Այսինքն` միայն ԱՁ–ներու եւ ՍՊԸ–ներու մասով մենք շուրջ 40 000 նոր աշխատատեղ պէտք է ունենայինք: Ու՞ր են այդ աշխատատեղերը...»,–ըսաւ ան:
Մակարեանի խօսքով` խնդիրն այն է, որ հիմնուած ընկերութիւնները դեռ գործունէութիւն չեն իրականացներ, քանի որ ունին խնդիրներ` դրամատուները վարկեր չեն տար, նաեւ մասնագէտներու պակասի ու շուկայի սահմանափակ ըլլալու խնդիր կայ: Այս պարագային պետութիւնը, ըստ անոր, իր բարեփոխումներով պէտք է աջակցի հիմնուած ընկերութիւններուն:
Անդրադառնալով աշխատաշուկայի մէկ այլ խնդիրի` աշխատողներ գրանցելուն ու ստուերէն դուրս բերելուն` Գործատուներու միութեան նախագահը նշեց, որ իրականութեան մէջ կարեւոր է հարցը, թէ ինչու՞ ձեռնարկութիւնները չեն ձեւակերպեր իրենց աշխատողներուն: Ըստ անոր` խնդիրը միշտ մէկ տեսանկիւնէ կը ներկայացուի. «Կ’ըսեն, որ ատիկա կ’ըլլայ, որպէսզի գործատուն խուսափի յաւելեալ հարկերէ: Սակայն կան նաեւ դէպքեր, որ մարդիկ վարկեր վերցուցած են, ուշացուցած վճարումները կամ չեն վճարած ատոնք ու յայտնուած են ԴԱՀԿ–ի «ցուցակներուն» մէջ: Այսինքն` եթէ անոնց գրանցեն, աշխատավարձը պիտի երթայ վարկերը մարելուն, ու այս մարդիկ իրենք գործատուին կը խնդրեն, որ չձեւակերպուած աշխատող ըլլան»:
Պանիր արտադրողներու միութեան նախագահ Արմէն Գիգոյեանի խօսքով ալ` դեռ 2018–ի աշնան շարք մը ՓՄՁ–ներ ուղղակի սառեցուցած են իրենց գործունէութիւնը: Ասոր պատճառը, ըստ անոր, տնտեսութեան մէջ առկայ խնդիրներն են: «ՓՄՁ–ներն ունին խնդիրներ, որոնք կախուած են ֆինանսներու դժուար հասանելիութեան, շուկայի սահմանափակ եւ վճարունակութեան ցած ըլլալուն հետ: Պանրագործութեան ոլորտը բացառութիւն չէ` նոյն խնդրի առջեւ կանգնած է »,–ըսաւ ան:
Ըստ Գիգոյեանի` հիմնական խնդիրը, որուն պատճառով մարդիկ կը սառեցնեն իրենց գործունէութիւնը, իրացման ծաւալներու նուազեցումն է,որ առկայ է բոլոր ոլորտներուն մէջ: Սակայն, Պանիր արտադրողներու միութեան նախագահին խօսքով, Հայաստանի բախտը դեռ բերած է, քանի որ յետյեղափոխական ժամանակաշրջանին վերոյիշեալ խնդիրին այլ երկիրներու մէջ ՓՄՁ–ներն աւելի մեծ ծաւալով կ’առնչուին: Սակայն այս ամէնը, ըստ անոր, ժամանակաւոր է, եւ որոշ ժամանակ անց պիտի կարգաւորէ ամէն ինչ: «Իրացման ծաւալներու նուազման պատճառով ՓՄՁ–ները սպասման վիճակի մէջ են հիմա: Այսինքն` եթէ անոնք համոզուած ըլային, որ պիտի չշարունակեն աշխատիլ, լուծարման կ’երթային»,–ըսաւ Գիգոյեան:
Նշենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր պաշտօնավարման մէկ տարին ամփոփող ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց, որ 2018-ին գրանցուած են 20.229 անհատ ձեռնարկատէր, որ 2017-ի համեմատ, 5492-ով շատ է:
Բացի այդ, 2018–ին գրանցուած են 6.137 սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւն, որն ալ 2017-ի համեմատ, շատ է 1.694-ով:
Իսկ թէ այդ նոյն ժամանակահատուածին քանի ԱՁ–ի կամ ՓՄՁ–ի գործունէութիւն կասեցուած է, քանի հատը լուծարուած կամ սառեցուցած են իրենց գործունէութիւնը, այդպէս ալ տուեալներ չհրապարակուեցան: