ԵՐԵՒԱՆ, 20 Մայիս — Sputnik. Հանդիպեցայ Արթուրին. Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան: Ան կը տեղեկացնէ, որ տղան լաւ է, իսկ ինք միշտ անոր կողքին պիտի ըլլայ եւ հնարաւորինս պաշտպանէ չարիքներէն:
Յիշեցնենք, որ մայիս 11-ին Սթամպուլ բնակող 13-ամեայ Արթուրը մասնակցած էր թուրք աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուի հաղորդման եւ յայտնած, որ կը ցանկայ իսլամութիւն ընդունիլ: Հաղորդավարը պնդած էր, որ իրենք կապ հաստատած են Արթուրի մօր եւ խորթ հօր հետ ու ստացած վերջիններուս համաձայնութիւնը երեխային կրօնափոխութեան հարցով:
Կարօ Փայլան յայտարարած էր, որ ինք ասիկա կը դիտարկէ որպէս երեխայի շահագործում եւ կը պատրաստուի բողոք ներկայացնել Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդին եւ դատախազութեան:
Իր հերթին Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ըսած էր, որ այս խնդրին մասին անձամբ տեղեկացուցած է Թուրքիոյ կրօնական գործերու վարչութեան ղեկավար Ալի Էրպաշին, որ խոստացած էր ուսումնասիրել թեման:
13-ամեայ հայ տղուն` Արթուրի մայրը վստահեցուցած է, որ տղան կնքուած է, եւ այն, ինչ տեղի ունեցած է եթերով, երեխայական հետաքրքրասիրութիւն եղած է: