ԵՐԵՒԱՆ, 15 մայիսի — Sputnik. ՀՀ ՊՆ մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան արձագանքած է ՀՀ ԶՈՒ զրահապատ սարքաւորումներու ոչնչացման մասին մամուլի ու ընկերային կայքերու մէջ բարձրացած աղմուկին:
«ՀՀ ԶՈՒ-երու ոչնչացուցած զրահապատ սարքաւորումներու մասին: Ատոնք շատոնց, մօտ մէկ տասնեակ տարի շահագործումէ հանուած սարքեր են: Ատոնց վրայէն անհրաժեշտ, կիրառելի ամէն ինչ հանուած է եւ եթէ հնարաւոր է օգտագործել, ապա կ’օգտագործուի: Այդ ոչնչացումը մեզի համար միջոցներու խնայման եւ արդիւնաւէտութեան համար շատ կարեւոր է: Ոչնչացումը թոյլ կու տայ ստանալ այլ պաշարներ»,– Facebook ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է Յովհաննիսեան:
Ան նաեւ շեշտած է, որ շահագործումէ հանուած զրահապատ սարքաւորումներու ոչնչացումը ՀՀ միջազգային պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ է, այդ գործընթացը կ’իրականացուի շատ շատոնց:
Յիշեցնենք, երէկ` մայիս 14-ին հայաստանեան մամուլին ու ընկերային կայքերուն մէջ տեղեկութիւններ տարածուած էին, ներառեալ` փորձագիտական մակարդակով, այն մասին, որ ՀՀ ԶՈՒ–ի մէջ մեծ քանակով զրահապատ սարքաւորումներ կ’ոչնչացուին:
Այդ խնդիրին մասին յայտարարութիւն տարածած էր նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը` նշելով, որ Հայաստանի Զինուած Ուժերը Եւրոպայի մէջ սովորական զինուած ուժերու մասին պայմանագիրի պահանջով 21 միաւոր զրահապատ սարքաւորումներ հանած է շահագործումէն:
Հայաստան 2005 թուականէն կը համագործակցի ՆԱԹՕ–ի հետ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի ծիրէն ներս: Հայաստան խորհրդատուութիւններ կ’իրականացնէ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցով, կը կատարելագործէ պաշտպանական պիւտճէի ծրագրումը, կը մասնակցի համաժողովներու: Հայ զինուորականները կը մասնակցին խաղաղապահ առաքելութիւններուն Լիբանանի, Աֆղանստանի ու Քոսովոյի մէջ: