ԵՐԵՒԱՆ, 12 մայիսի — Sputnik, Լաուրա Սարգսեան․ հնարաւոր է` Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին տակ գտնուող ասֆալթապատ ստորգետնեայ քաղաքը բացուի տեղացիներու ու զբօսաշրջիկներու համար: Յամենայնդէպս, Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան հետաքրքրուած է ատով: Այս մասին Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ հնագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Ֆրինա Պապայեան:
Ստորգետնեայ քաղաքը յայտնաբերուած է 2003 թուականին Հանրապետութեան հրապարակի վերանորոգման ժամանակ: Հրապարակին ողջ տրամագիծով վերականգնողական շինարարական աշխատանքներ սկսած էին: Երբ ասֆալթի վերին շերտը հանուեցաւ, շինարարները քարքարոտ պատեր, սեւ ու կարմիր տուֆի սալեր, կղմինտր, կաւէ սափորներու մասեր ու կաւէ ջրատար խողովակներ յայտնաբերեցին:
Քաղաքը սփռուած է Աբովեան ու Ամիրեան փողոցներուն, Հանրապետութեան հրապարակին տակ եւ կը հասնի մինչեւ Կոնդ:
ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Միջնադարեան Հայաստանի հնագիտութեան բաժինի վարիչ Գրիգոր Կարախանեանն ու աշխատակիցներ Աղաւնի Ժամկոչեանն ու Ֆրինա Պապայեանը տեղուոյն վրայ հնագիտական ուսումնասիրութիւններ կատարած են:
Այդ աշխատանքներուն հետաւանքով հրապարակին ու ատոր կից փողոցներուն տակ յայտնաբերուած էին 17-րդ դարու շինութիւններու նկուղներու որոշ հատուածներ:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին, որ վերին յարկերը քանդուած էին XVII դարուն երկրաշարժի հետեւանքով:
Յայտնաբերուած են նաեւ 4,5 մեթր բարձրութիւն ունեցող սենեակներ, որոնք իրար հետ կը կապուէին ներքին կամարներով կամ դռներով: Շէնքերուն հիմքն այնքան ամուր էր, որ երկրաշարժէն յետոյ այդ տուներուն տէրերը կը շարունակէին ապրիլ պահպանուած յարկերուն մէջ:
Բայց 2003 թուականին ստորգետնեայ քաղաքին վրայ աւազ լեցուցին ու ասֆալթապատեցին:
Այն ժամանակ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը զբաղեցնող Նարեկ Սարգսեան, մամուլին մէջ մեկնաբանելով կատարուածը, ըսած էր, որ նախ` ատոնք յուշարձաններ չեն, այլ նախկին Աստաֆեան փողոցի քանդուած տուներու նկուղներ, յետոյ ալ ատոնք չեն քանդած, այլ պարզապէս վրան աւազ լեցուցած են, յետագայ սերունդներու համար:
Ֆրինա Պապայեան յաջորդ շաբաթ մտադիր է հանդիպիլ Արթուր Մեսչեանի հետ` հասկնալու համար` ինչպէս փրկել ստորգետնեայ քաղաքն ու մարդոց համար հասանելի դարձնել այդ մշակութային յուշարձանը:
«Կարելի է մուտք փորել այն հատուածին մէջ, ուր հիմա հանրակառքերու ու ինքնաշարժերու կայանատեղի է` շատրուաններուն դիմաց», - կ’ըսէ Պապայեան:
Եթէ թանգարան բացուի, այն կրնայ պատմութեան ու մշակոյթի բազում սիրահարներ բերել դէպի Հայաստան, ատիկա կրնայ խթանել զբօսաշրջութեան զարգացման:
«Կը յիշեմ` երբ ստորգետնեայ քաղաքի վերջին շերտը կը քանդէին պուլտոզըրներով, ես ու գործընկերուհիս կու լայինք: Կը խնդրէինք, որ քաղաքն ամբողջովին չփակեն, գոնէ մուտք մը ձգեն, բայց այն ժամանակ մեզի չլսեցին», - կը յիշէ Պապայեան:
Ան կը պատմէ, որ պեղումներուն ժամանակ հետաքրքիր բան մը նկատած է․շինարարները երեւանեան սեւ ու վարդագոյն տուֆով քաղաքը սարքած էին, բայց քարին աղիւսի տեսք տուած էին․այն ժամանակ ատիկա նորաձեւութիւն էր:
Հնագէտները յայտնաբերած են նաեւ իրար հետ կամարներով կապուած ու հիանալի սալայատակով երեք սենեակ, կամարաձեւ ծածկերով նկուղային տարածքներ, որոնք շինուած էին սեւ ու կարմիր տուֆով:
«Եթէ քաղաքը բանան, ամբողջ աշխարհը կը ցնցուի այդ գտածոյէն: Գմբէթներով, բարձր տանիքներով», - կ’ըսէ Պապայեան:
Անոր խօսքով` Արթուր Մեսչեան իսկապէս մտահոգուած է այդ խնդիրով ու կը փորձէ հասկնալ` ինչպէս կարելի է մուտք ապահովել դէպի ստորգետնեայ քաղաք: