ԵՐԵՒԱՆ, 15 մայիսի-Sputnik. Մայիս 11-ին Սթամպուլ բնակող 13-ամեայ Արթուրը մասնակցած է թուրք աստուածաբան Նիհաթ Հաթիփօղլուի հաղորդման, ուր յայտնած է, որ կը ցանկայ իսլամութիւն ընդունիլ: Հաղորդավարը պնդած է, որ իրենք կապ հաստատած են Արթուրի մօր եւ խորթ հօր հետ եւ ստացած վերջիններուս համաձայնութիւնը երեխայի կրօնափոխութեան հարցով:
Միջադէպի մանրամասները ճշդելու համար «Ermenihaber.am»ը կապ հաստատած է Արթուրի մօր` Ալինա Ենգիբարեանի հետ: Վերջինս հերքած է որդիին կրօնափոխ ըլլալու հանգամանքը` ըսելով. «Արթուրը կնքուած է. Կը յաճախէ հայկական եկեղեցի»:
Անչափահասին մայրը նաեւ աւելցուցած է, որ ինք իրականութեան մէջ տեղեակ չէ եղած, թէ ինչ հաղորդման կը մասնակցի որդին:
«Ես իմացած եմ, որ Արթուրը ներկայ պիտի գտնուի հաղորդման, բայց չեմ պատկերացուցած, որ ան բեմ կը բարձրանայ եւ այդպիսի բան տեղի կ’ունենայ: Եթէ ես տեղեակ եւ համաձայն ըլլայի, ես ինքս այնտեղ կ’ըլլայի»,-ըսած է Ալինա Ենգիբարեան:
Ալինան նաեւ նշած է, որ իրեն զանգած են հաղորդումէն, բայց ինքն ալ չէ հասկցած թէ ինչ հաղորդում է եւ ինչ բանի մասին է խօսքը:
Ան շեշտած է, որ երեխան գիտակցուած չէ գործած, զուտ երեխայական հետաքրքրասիրութիւն է եղած է:
«Իմ երեխաս չէ հասկցած, թէ ինչ տեղի ունեցած է: Հետաքրքրութենէն դրդուած իր ընկերոջ հետ գացած է այդ հաղորդման, միամտութիւն ըրած է : Ան ինծի կ’ըսէ . «Մամ տեսար, մեզի հեռուստացոյցով ցոյց տուին, մենք յայտնի դարձանք: Ես անոր կը բացատրեմ, որ իր միամիտ քայլին պատճառով մենք վատ վիճակի մէջ յայտնուած ենք: Ան դեռ երեխայ է, չի հասկնար»:
Կինը նաեւ հերքեց, որ Արթուրը խորթ հայր ունի` շեշտելով, որ խօսքը ընտանիքի` ազգութեամբ թուրք ծանօթի մասին է, որուն հեռախօսահամարը գտած են Արթուրի հեռախօսին մէջ եւ զանգահարած են` թոյլտւութիւն ստանալու համար: