ԵՐԵՒԱՆ, 14 մայիս — Sputnik. Թուրքիոյ խորհրդարանի ազգութեամբ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան տեսակցած է թրքական հեռուսաալիքներէն մէկուն ուղիղ եթերով իսլամութիւն ընդունած 13-ամեայ հայ տղուն` Արթուրի մօր հետ: Այս մասին Փայլան կը գրէ Facebook-ի իր էջին վրայ:
Տղուն մայրը հայ պատգամաւորին տեղեկացուցած է, որ երեխային մասնակցութիւնը հեռուստահաղորդման իր թոյլտուութեամբ չէ եղած:
Կարօ Փայլան ասիկա կը դիտարկէ որպէս երեխայի շահագործում եւ կը պատրաստուի բողոք ներկայացնել Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդին եւ դատախազութեան:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան, իսլամական պահքի` ռամատան ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ շատ սովորական կը դառնան կրօնական քարոզները, որոնք ուղիղ եթերով կը հեռարձակուին տարբեր հեռուսաալիքներով:
Ըստ թրքագէտին` ատոնցմէ ամենայայտնին, թերեւս, Նիհաթ Հաթիփօղլու անունով քարոզիչի եթերներն են, որոնք կ’առանձնանան անով, որ Հաթիփօղլուն կը սիրէ ուղիղ եթերի ժամանակ ցուցադրել, թէ ինչպէս այլ կրօններու ներկայացուցիչներ ուղիղ եթերով իսլամութիւն կ’ընդունին` այդպիսով հաղորդումը իսկական շոուի վերածելով:
13-ամեայ հայ տղան մայիս 12-ին իսլամութիւն ընդունած էր հէնց այս հեռուստահաղորդման ուղիղ եթերի ժամանակ: