00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
09:36
23 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
10:08
38 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
5 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:05
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:17
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Մամուլի տեսություն
10:44
17 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Հայկը, ատրպէյճանցի գերին եւ յուշ մնացած մանաթը. հայ դիպուկահարը հերոս դարձաւ գիւղին մէջ

© Sputnik / Р. Мангасарян / Անցնել մեդիապահոցМардакертский район, Карабах, 1992 год
Мардакертский район, Карабах, 1992 год - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Պատերազմը չէ աւարտուած, զինադադար է․․․ Անգամ յարաբերական խաղաղութեան օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին պարտադիր զինուորական ծառայութիւնն անցուցած իւրաքանչիւր զինուոր տուն կը վերադառնայ չաւարտուած պատերազմի ու զինադադարի մասին իրականութեան գիտակցումով: Sputnik Արմենիայի թղթակիցը կը ներկայացնէ 20 տարի առաջ Նախիջեւանի սահմանին տեղի ունեցած պատմութիւն մը:

Հայկ Ծատուրեան մտովի 20 տարի ետ կ’երթայ ու կը խոստովանի, որ ծառայութեան սկիզբը բաւականին դժուար էր: Հայկը բանակ զօրակոչուեցաւ 1999 թուականին: Այդ տարիներուն զինուորական ծառայութիւնն ու պայմաններն այսօրուան հետ չես համեմատեր:

Киликийский Католикос Армянской Апостольской церкви Арам I Кешишян у развалин церкви в Алеппо - Sputnik Արմենիա
Հալէպը ուրիշ է հիմա, ես քեզ այսպէս աւելի սիրեցի. հալէպահայ

«Երբ կը փորձեմ համեմատել ծառայութեանս սկիզբն ու վերջը, կը տեսնեմ, որ էական տարբերութիւններ կան. անգամ կերակուրները, սպայական անձնակազմը, մարդոց մտածելակերպը: Այն ժամանակ, օրինակ, աւելին դպչիլը «թեմա էր», իւղը մաստիկայի նման էր, պորշչը չորս մասի բաժնուած կաղամբէ բան մըն էր, յետոյ ամէն ինչ կտրուկ փոխուեցաւ ու լաւցաւ»: Ծառայութեան որակի ու պայմաններու փոփոխութիւնը Հայկը պատկերաւոր կերպով գունաւոր հեռուստատեսութեան ստեղծման հետ կը համեմատէ` պատկերները սեւ ու սպիտակ էին, օր մըն ալ ատոնք գունաւոր դարձան:

Հայկը ծառայած է Վայք, Նախիջեւանի սահմանին մօտ․ դիպուկահար էր: Անկեղծօրէն կը խոստովանի, որ սկիզբը սահմանն ու հակառակորդին կողմէ հնարաւոր վտանգն այնքան ալ զգալի չէին, որովհետեւ հայկական ու ատրպէյճանական դիրքերու մէջտեղը բարձր սար էր, մէկը միւսին չէին տեսներ, պարզապէս գիտէին, որ այն սարին ետեւը ինչ-որ տեղ մը հակառակորդն է: Կ’անկեղծանայ, որ սահման պահելու պատասխանատուութիւնն ու հնարաւոր վտանգը լիովին չպատկերացնելու պատճառով դիրքերուն մէջ զգօն չէին․ ամառ էր, շոգ, ընելիք չկար, կը պառկէին ու հանգիստ կը քնանային: Հերթական հանգիստ քունը խաթարուեցաւ մեքենայի շարժիչի ձայնէն ու գոռգոռոցով, արթնցան, տեսան` գունդի հրամանատարը եկած է:

Города мира. Токио - Sputnik Արմենիա
Ճափոն թղթադրամներ կը թողարկէ Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն օգնած բարերարի պատկերով

Պարզուեցաւ, որ մօտակայ գիւղի անասուններուն գիւղացիները սար տարած են, ատրպէյճանցիները գողցած են, գունդի հրամանատարն ալ եկած է ստուգման ու տեսած, որ սահման պահող զինուորը քնացած է: «Շատ ջղայնացաւ․ այն ժամանակ ծեծը դեռ կար, հերթով բոլորին ծեծեց․ ճիշդն ըսեմ, ես յաջողեցայ խուսափիլ ծեծէն, ես աւելի ճարպիկ էի: Հրամանատարը ծեծով չբաւարարուեցաւ, ըսաւ․

«Դիմացի սարը կը տեսնէ՞ք, մինչեւ իջնեմ գիւղ, ետ գամ, ձեր դիրքն այնտեղ տեղափոխած կ’ըլլաք

Ատիկա հրաման էր, պէտք է ընէինք»:

Պատմելուն զուգահեռ Հայկ մտովի կը տեղափոխուի 99 թուական, կը յիշէ, թէ ինչ դժուարութեամբ սար բարձրացան` «հոգիները դուրս գալով: Լեռն այնքան բարձր էր, որ վերեւը ձիւն էր ․

«Որդնոտած ձիւնը գիտէ՞ք ինչ է․ ձիւնը, որ երկար կը մնայ, կարծես որդնոտած ըլլայ, այ հէնց այդպիսի ձիւն էր»:

Հրամանը կատարեցին, բարձրացան, վերեւը խրամատ փորեցին, խոտ լեցուցին, որ գոնէ նուազագոյն յարմարութիւններ ունենան, որովհետեւ երբ արեւը մայր կը մտնէր, բարձունքին սարսափելի ցուրտ էր: Լերան վրայ շատ բան փոխուեցաւ․ արդէն հակառակորդն «այնտեղ, ինչ-որ տեղ մը չէր», բաժանարար լեռ չկար, կ’երեւէին անոնց գիւղերը, զինուորներու շարժը: Հայկը կը յիշէ, որ մէկ ուղղութեամբ դասաւորուած, հողին մէջ խրուած երկաթէ կտորներ կային` վրաները մուրճ ու մանգաղ. կ’ենթադրէ, որ խորհրդային տարիներուն սահմանը հէնց այդտեղով անցած էր: Դէմ առ դէմ ըլլալը զինուորներուն աւելի զգօն դարձուց, արդէն կը քնանային հերթով, միշտ մէկը կը հսկէր:

Храм раннесредневековой армянской архитектуры Звартноц - Sputnik Արմենիա
Եթէ դրախտը կը փնտռէք, պէտք է Հայաստան այցելէք. սպանական Etheria Magazine

«Ես դիպուկահար էի, կը սիրէի արեւածագին հերթապահել, որովհետեւ ակնոցով հետաքրքիր էր հետեւիլ, թէ ինչ կը կատարուի»,- կը պատմէ Հայկն ու կը յիշէ, թէ ինչպէս անգամ մըն ալ ակնոցով նկատեց իրենց ուղղութեամբ եկող հակառակորդ զինուոր մը:

«Միանգամէն կապ տուի վաշտի հրամանատարին, միւսներուն չարթնցուցի: Զինուորը եկաւ, հասաւ դիտակէտին, որուն ես կը հետեւէի: Տէ ինչպէս ֆիլմերու մէջ, զէնքը պահեցի վրան` «стой, стрелять буду»: Ատկէ յետոյ վաշտի հրամանատարն ըսաւ ինծի , որ բան մը բերեմ, ձեռքերը կապեմ: Սարի գլխուն նոր մեր դիրքը դրած էինք, դեռ բոլոր յարմարութիւնները չկային, չէի գիտեր, թէ ինչով կապել: Տեսայ տապիկը (կապի միջոց), քանի որ այլ բան չկրցայ գտնել, պոկեցի տապիկի լարն ու բերի, անով կապկպեցի ձեռքերը»: Առաւօտեան գերին փոխանցեցին գունդի տղաներուն ու շարունակեցին սովորական հերթափոխը: Անմիջապէս յաջորդ օրը տեսան, որ արդէն հակառակորդին կողմէ կրկին շարժ կայ․ այս անգամ արդէն երեք հոգիով են: Հրամանատարը պատուիրեց օդ կրակել, որպէսզի ձգեն, երթան:

© Photo : provided by Hayk TsaturyanՄանաթը
 Հայկը, ատրպէյճանցի գերին եւ յուշ մնացած մանաթը. հայ դիպուկահարը հերոս դարձաւ գիւղին մէջ - Sputnik Արմենիա
Մանաթը

«Կրակեցինք, բայց ի՞նչ երթալ․․․ Սկսան յարձակիլ, կրակել մեր ուղղութեամբ: Ես ժայռանման քարի մը ետեւն էի, կրակոցէն ժայռէն կտոր մը փշրուեցաւ, լեցուեցաւ աչքիս մէջ, միանգամէն տեղս փոխեցի, որովհետեւ սորված էի, որ երբ դիպուկահարին տեղը կը յայտնաբերեն, այն պէտք է փոխել: Նոր դիրքէն կրակեցի քարին ետեւը թաքնուած մէկու մը ուղղութեամբ, դպաւ քարին ու ինկաւ խոտերու մէջ: Ամառ էր, խոտը չորցած էր, իսկ իմ կրակած փամփուշտս լուսածրային էր, կրակ բռնկուեցաւ»:

Բարեբախտաբար քամին հակառակորդի ուղղութեամբ կը փչէր, այնպէս որ կրակն արագ տարածուեցաւ, ատրպէյճանցիները փախան ու ալ ետ չեկան:

Պատմութեան աւարտին Հայկն աւելի մտածկոտ կը սկսի խօսիլ, աչքերուն առջեւ ֆիլմի նման կը կրկնուին 99-ի այդ իրադարձութիւնները: Կը յիշէ, թէ ինչ զգաց, երբ նշան բռնեց իր ուղղութեամբ կրակող հակառակորդին վրայ․ ան ուսումնական մարզանքներու ժամանակ օգտագործուող մարդակերպ թուղթէ թիրախ չէր, մարդ էր, հակառակորդ, թշնամի, բայց մարդ:

Зенитный ракетный комплекс С-400 Триумф - Sputnik Արմենիա
Հայաստան կը կրճատէ սպառազինութիւնը` Ատրպէյճանի հետ ունեցած տարբերութիւնը. Յարութիւնով

«Ես բան մը գիտեմ` պատերազմին մասնակցած իւրաքանչիւրը հերոս է, որովհետեւ լսել, պատմել, կարդալ, թէ ինչ կը նշանակէ կռիւ, կրակել մարդու ուղղութեամբ կամ երբ քու վրադ կը կրակեն, ատիկա լրիւ ուրիշ բան է, այդ ամէնուն միջով անցնիլը` լրիւ ուրիշ բան: Ատոր համար ես վստահ եմ, որ պատերազմով անցած, կռուած իւրաքանչիւրը մեզմէ առաւել է, մենք իրեն այլ կերպ պէտք է վերաբերինք, օրինակ` եթէ ես հերթի մէջ կանգնած ըլլամ, ինձմէ յետոյ ան, ես իրեն իմ հերթս պէտք է զիջեմ, ես պարտաւոր եմ ատիկա ընել:

Ամէն մէկը սահմանէն կու գայ «հայրենիքը սահմանէն կը սկսի» վստահութեամբ ու իր բաժին հայրենիքը պաշտպանելու իր պատմութեամբ:

Յ․գ. Հայկը կը պատմէ, որ գերի վերցուցած զինուորին աւելի ուշ տարին Երասխի սահման ու փոխանակեցին ատրպէյճանցիներու տարած անասուններուն հետ: «Ատկէ յետոյ ես հերոս դարձած էի գիւղին մէջ: Իմ գերի վերցուցած ատրպէյճանցիին գրպաններէն նօթատետրի եւ տարբեր մանր-մունր բաներու հետ քանի մը թղթադրամ հանած էինք, տղաներէն մէկը նկարիչ էր, փողին վրայ ամսաթիւը գրեց»: Ատրպէյճանական մանաթներէն մէկը Հայկը իրեն պահեց` որպէս գերիէն եւ իր բաժին չաւարտուած պատերազմէն մնացած միակ յուշ:

Լրահոս
0