00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:29
8 ր
Ուղիղ եթեր
09:37
23 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
3 ր
Ուղիղ եթեր
10:04
39 ր
Ուղիղ եթեր
11:01
5 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
5 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:05
8 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:29
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:33
27 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
42 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
5 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:05
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
4 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Հայաստանի մէջ բնակարաններու գիները կ’աճին. հոգեբանական ու տնտեսական պատճառները

© Sputnik / Aram NersesyanСтроительные работы на улице Арама
Строительные работы на улице Арама - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ բնակարաններու գիներն աճած են շուրջ 10 տոկոսով: Թէ ինչ գործօններով պայմանաւորուած է գիներու կտրուկ աճը, Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին մեկնաբանած է տնտեսագէտ Թադեւոս Աւետիսեանը:

ԵՐԵՒԱՆ, 29 ապրիլի — Sputnik. Բնակարաններու գիները Հայաստանի մէջ աճած են ու կը շարունակեն աճիլ: Ի դէպ, կը թանկանան ոչ միայն նորակառոյցները, այլեւ խորհրդային տարիներուն կառուցուած ու արդէն աւելի քան 30 տարուայ մաշուածութիւն ունեցող շէնքերու բնակարանները:

ՀՅԴ տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի ծրագրային համակարգող, տնտեսագէտ  Թադեւոս Աւետիսեան նման իրավիճակ մը նախ եւ առաջ կը պայմանաւորէ հոգեբանական գործօնով` որպէս հետեւանք 2018թ–ին մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններով:

Сопер Ваган Тадевосян - Sputnik Արմենիա
Ականի պայթումէն տուժած սակրաւորը որոշած է վերադառնալ Սուրիա. երեխաները կը խաղան ականներով

«Նախորդ տարուան փոփոխութիւններով պայմանաւորուած` պատասխանատու պաշտօնեաները յայտարարեցին, որ անշարժ գոյքի շուկային մէջ աշխուժացում կը սպասուի: Մարդիկ նախապատուութիւն տուին  իրենց անշարժ գոյքի գնման ծրագիրները»,– ըսաւ մասնագէտը` անով մեկնաբանելով շուկայի կտրուկ աշխուժացումը:

«Մեր շուկան փոքր է, եւ սպասումները, որ գիները կը բարձրանան, բազմապատկիչ ազդեցութիւն կ’ունենան, որ առաջին հերթին կ’ազդէ գիներու բարձրացման վրայ»,– ըսաւ Աւետիսեան:

Այդուհանդերձ, հոգեբանականէն բացի անշարժ գոյքի գիներուն վրայ նաեւ իրական գործօններ կ’ազդեն: Ատոնցմէ մէկը կալուածագրաւի վարկաւորման պայմաններու բարելաւումն է: Մասնագէտը կը նշէ, որ վերջին տարիներուն ընթացքին մեղմուած են ինչպէս երիտասարդ ընտանիքներու բնակապահովման պետական աջակցութեան ծրագիրներու պայմանները, այլեւ առեւտրային դրամատուներու վարկային առաջարկները:

Ու թէեւ պետական ծրագիրները հիմնականին մէջ կը վերաբերին նորակառոյցներուն, այլ խօսքով` առաջնային շուկային, բայց ատիկա որոշակիօրէն կ’ազդէ նաեւ երկրորդական շուկային վրայ:

Անշարժ գոյքի շուկայի աշխուժացման մասին խօսելնուս իշխանութեան ներկայացուցիչները կը նշեն նաեւ հայրենադարձութեան գործօնը:

Թադեւոս Աւետիսեան, թէեւ կը նկատէ, որ այս վարկածը ներգաղթեալներու վիճակագրութեամբ չի հիմնաւորուիր, հայրենադարձութեան կտրուկ աճ պետական վիճակագրական ցուցանիշներուն մէջ չէ արձանագրուած, բայց եւ այնպէս մեր զրուցակիցը չի բացառեր, որ Հայաստանի մէջ բնակարան կարելի է գնել նաեւ արտասահմանէն, առանց Հայաստան այցելելու:

Города мира. Париж - Sputnik Արմենիա
Ֆրանսահայը հայերէն եւ թրքերէն երգերով համերաշխութեան կոչ կը յղէ երկու ժողովուրդներուն

Վերոյիշեալ բոլոր գործօններով պայմանաւորուած բնակարաններու գիներն առաջիկային ալ, թերեւս կը շարունակեն աճիլ: Չի բացառուիր նաեւ, որ աճի քայլերն ալ աւելի կ’արագանան, քանի որ բնակարաններու գնաճի խթան կրնան դառնալ կրափոշիի  (cement)  շուկային մէջ սպասուող փոփոխութիւնները:

«Երկու կարեւոր պայման կայ. Առաջինը` թէ ինչ չափով կը բարձրանայ շուկային մէջ կրափոշիի գինը, որովհետեւ բնակարանի գինը միայն կրափոշիի գինը չէ որ կ’որոշէ: Երկրորդը` բնակարանաշինութեամբ զբաղուող կազմակերպութիւնները կրնան նաեւ իրենց շահոյթներու հաշուին կարգաւորել գինը, որպէսզի էական բարձրացումներ չըլլան: Յատկապէս` այդ շուկային մէջ շահոյթը բաւական բարձր է»,– նշեց Թադեւոս Աւետիսեան:

Անշարժ գոյքի կալուածագիրի  կոմիտէի օրերս հրապարակած տուեալներուն համաձայն` Երեւանի մէջ 2019-ի մարտին բազմաբնակարան շէնքերու բնակարաններու 1 քառակուսի մեթրի արժէքը փետրուարի համեմատ աճած է 1,9, իսկ 2018-ի մարտի համեմատ` 9,6 տոկոսով: Մարզերու մէջ` բնակարաններու գիները 1 ամսուայ մէջ թանկացած են 0,8 տոկոսով:

Միաժամանակ 2019 թ–ի մարտին Հայաստանի մէջ գրանցուած է բնակարաններու վաճառքի 15 213 գործարք, ինչը  փետրուարի համեմատ աւելի է` 15, իսկ 2018-ի մարտի համեմատ` 6,7 տոկոսով:

Լրահոս
0